Համավարակի ճիրաններուն մէջ

Որ­քան ալ հա­­սարա­­կական պա­­տուաս­­տումի մէջ որոշ յա­­ջողու­­թիւն ար­­ձա­­­նագ­­րած եր­­կիրներ փոր­­ձեն թու­­լացնել կան­­խարգիլ­­ման եղա­­նակ­­նե­­­րը, հա­­մավա­­րակը կը շա­­րու­­նա­­­կէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին գետ­­նի վրայ գլխա­­ւոր սպառ­­նա­­­լիքը մնալ բազ­­մա­­­թիւ եր­­կիրնե­­րու մէջ։ Այս պա­­հուն այդ եր­­կիրնե­­րու առաջ­­նա­­­կար­­գի վրայ կը յի­­շուի նաեւ Թուրքիան, որ բնակ­­չութեան հա­­մեմա­­տու­­թիւնով կը մրցի վա­­րակ­­ման ամե­­նաբարձր թի­­ւեր ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած եր­­կիրնե­­րու հետ։ Թուրքիոյ մէջ վի­­ճելի են նաեւ կան­­խարգիլ­­ման մի­­ջոց­­նե­­­րը, քա­­նի որ անոնք բա­­ցի վա­­րակու­­մը կան­­խա­­­լէ կը հե­­տապնդեն նաեւ այլ նպա­­տակ­­ներ, որոնք եր­­բե­­­ւիցէ առնչուած չեն հի­­ւան­­դութեան հետ։

Այդ օրի­­նակ­­նե­­­րէն կը հա­­մարո­­ւի ալ­­քո­­­լային խմիչքնե­­րու դէմ հռչա­­կուած վա­­ճառ­­քի ար­­գի­­­լու­­մը։ Ընդդի­­մադիր շրջա­­նակ­­ներ խստօ­­րէն կը դա­­տապար­­տեն այդ ար­­գելքը, դի­­տել տա­­լով թէ այդ ար­­գելքի բուն դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը կա­­ռավա­­րու­­թեան կրօ­­նամէտ հա­­կումնե­­րըն են, որոնք կը մի­­տին ոչ թէ հա­­սարա­­կու­­թեան առող­­ջութիւ­­նը խնա­­յելու, այլ իս­­լա­­­մի յա­­տուկ ալ­­քոլային խմիչ­­քի դէմ պայ­­քա­­­րի։

Ճիշդ է որ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը յա­­ճախ կը տա­­տանի գի­­տական նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ար­­գելքներ յայ­­տա­­­րարե­­լու խնդրին մէջ։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ մերթ ընդ մերթ կը կա­­յանայ սրբագ­­րումներ հռչա­­կուած ար­­գելքնե­­րու հան­­դէպ։ 17 օրեայ շրջա­­փակու­­մը, որ չէր կրցած աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րուն օժան­­դա­­­կու­­թիւնով մը ամ­­րա­­­նալ, տե­­ղի տո­ւած է ծանր դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու։

Տու­­ժած են ամե­­նօրեայ աշ­­խա­­­տան­­քով ապ­­րուստ ապա­­հովող­­նե­­­րը։ Տես­­նե­­­լով այս բաց­­թո­­­ղումնե­­րը իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը ար­­տօ­­­նեցին շա­­բաթ օրեր թա­­ղերէ ներս պա­­զար­­նե­­­րու գոր­­ծադրման։ Միւս կող­­մէ հան­­րա­­­խանութներն ալ սահ­­մա­­­նափա­­կուեցան միայն հիմ­­նա­­­կան սննդամ­­թերքի եւ առտնի առող­­ջա­­­պահա­­կան, մաք­­րութեան եւ օծա­­նելի­­քի վա­­ճառ­­քով։ Որ­­քան ալ պաշ­­տօ­­­նէու­­թեան քննար­­կումնե­­րով խիստ պա­­տիժ­­ներ սահ­­մա­­­նուին, փո­­ղոց­­նե­­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կեն բազ­­մա­­­մարդ մնալ։ Երե­­ւոյթ մը՝ որ հար­­ցա­­­կանի տակ կը դնէ հռչա­­կուած սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րու որ­­քա­­­նով կի­­րար­­կո­­­ւելու մա­­սին շփոթ­­նե­­­րը։ Իսկ շա­­տեր որ ար­­գե­­­լափա­­կու­­մը առիթ հա­­մարե­­լով փու­­թա­­­ցած են ար­­ձա­­­կուրդի վայ­­րեր, հոն եւս չեն ար­­ժա­­­նացած իրենց ակնկա­­լած ազա­­տու­­թիւննե­­րուն։ Պաշ­­տօ­­­նեաներ ծանր պատ­­ժա­­­տու­­գանքներ կը կի­­րար­­կեն ծո­­վափ­­նեայ քա­­ղաք­­նե­­­րու բնա­­կիչ­­նե­­­րուն, երբ այդ վեր­­ջիննե­­րը կը փոր­­ձեն օգ­­տո­­­ւիլ ծո­­վու մէջ լո­­ղալէ։

Ըստ երե­­ւոյ­­թի հա­­մավա­­րակը իր ճի­­րան­­նե­­­րուն մէջ կը պա­­հէ Թուրքիոյ հա­­սարա­­կու­­թիւնը եւ ոչ ոք կրնայ կռա­­հել թէ ե՞րբ ու ի՞նչ պայ­­մաննե­­րով պի­­տի թու­­լա­­­նան այդ ճի­րանները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ