Համայնքային նոր փակուղի

Աւե­լի քան տա­րիէ մը ի վեր շա­րու­նա­կուող պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակի բեր­մամբ չէին կա­յանար հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու խորհդակ­ցա­կան բնոյ­թի ժո­­ղով­­նե­­­րը։ Այս ժո­­ղով­­նե­­­րը նա­­խապէս որ­­քան ալ քօ­­ղար­­կո­­­ւած ըլ­­լա­­­յին մա­­մու­­լի ու­­շադրու­­թե­­­նէն, աւար­­տին կա­­տարո­­ւած մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով հա­­սարա­­կու­­թիւնը յա­­ճախ իրա­­զեկ կ՚ըլ­­լար քննար­­կո­­­ւած նիւ­­թե­­­րու մա­­սին։ Սա­­կայն վեր­­ջերս այդ նոյն ժո­­ղով­­նե­­­րը կա­­տարո­ւեցան հա­­մացան­­ցա­­­յին խմբակ­­նե­­­րու ձե­­ւաչա­­փով եւ վեր­­ջերս մա­­մու­­լին կա­­տարուած յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով պար­­զո­­­ւեցաւ թէ ինչպի­­սի տա­­րակար­­ծութիւններ կ՚ապ­­րո­­­ւին մեր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վա­­րիչ­­նե­­­րու մի­­ջեւ։

Այդ տա­­րակար­­ծութիւննե­­րը ծա­­ւալած են դէ­­պի Պատ­­րիար­­քա­­­րան եւս, հո­­գեւոր կեդ­­րոնն ալ կողմ դարձնե­­լու ան­­պա­­­տեհ ըն­­թացքին տե­­ղի տա­­լով։

Ար­­դա­­­րեւ իրա­­րու յա­­ջոր­­դե­­­ցին նախ Պատ­­րիար­­քա­­­րանէն հա­­մակար­­գող Խոս­­րով Քէօլէ­­դաւի­­թօղ­­լո­­­ւի ստո­­րագ­­րութեամբ լու­­սա­­­բանու­­թիւն մը, որուն յա­­ջոր­­դեց Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութեան ատե­­նապետ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լո­­­ւի հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը այդ յայ­­տա­­­րարու­­թեան։ Վրայ հա­­սաւ Պատ­­րիարք Սրբա­­զանի ստո­­րագ­­րութեամբ պա­­տաս­­խան մը, որուն յա­­ջոր­­դե­­­ցին Կրօ­­նական Ժո­­ղովի յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը, Գա­­րակէօզեան Խնա­­մակա­­լու­­թեան Ատե­­նապետ Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կի­­­լի նա­­մակը եւ ի վեր­­ջոյ Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քի խնա­­մակա­­լու­­թեան յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի­­­ հա­­մայնքա­­յին կեան­­քի մէջ եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր ան­­տե­­­սուած խնդիր­­ներ հետզհե­­տէ իրենց այժմէակա­­նու­­թիւնը կը պար­­տադրեն Պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կական օրա­­կար­­գին, պա­­հան­­ջե­­­լով տրա­­մաբա­­նական լու­­ծումներ առ­­կայ տա­­րակար­­ծութիւննե­­րը հա­­մայնքի ի նպաստ լու­­ծումի մը բե­­րելու հա­­մար։ ի սկզբա­­նէ կրնանք հաս­­տա­­­տել թէ ներ­­կայ գոր­­ծընթա­­ցի տե­­ղի տո­­ւող կա­­րեւոր գոր­­ծօ­­­նը եղած է սխալ­­նե­­­րը նոր սխալ­­նե­­­րով վե­­րաց­­նե­­­լու ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը։ Այդ մէ­­կը ապա­­հովե­­լու հա­­մար իւ­­րա­­­քան­­չիւր դե­­րակա­­տար ապա­­ւինե­­ցաւ մի ու­­րի­­­շին օգ­­նութեան եւ այս պա­­հուն այդ օգ­­նութիւննե­­րը դար­­ձած են իրար խոշ­­տանգե­­լու առիթ­­ներ։ Ու­­րեմն կա­­րելի է կռա­­հել թէ պոլ­­սա­­­հայու­­թիւնը կրկին ան­­գամ մտած է փա­­կու­­ղի մը, որ­­մէ դուրս ել­­լե­­­լու լծակ­­նե­­­րը դիւ­­րաւ պի­­տի չյստա­­կանանան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ