Սամաթիոյ հզօր ձայնը՝ Սահակեան Երգչախումբ

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սամա­թիոյ Ս. Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ Սա­հակեան դպրաց դաս երգչա­խումբը վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մի մը առանցքը կազ­մեց. Թուրքիոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րանի կողմէ վա­ւերա­ցուած 20 երգչա­խումբե­րէն Սա­հակեան, պատ­մա­կանօ­րէն նոյ­նա­ցած է Սա­մաթիա թա­ղին հետ. Էր­տիլ Օնուր Քո­ճաթիւրքի նկա­րահա­նած «Սա­հակեան՝ իմ ըն­տա­նիքը» ֆիլ­մը կը փոր­ձէ պար­զել այս հաս­տա­տու­թեան նշա­նակու­թիւնը թէ իր ան­դամնե­րուն եւ թէ Սա­մաթիոյ թա­ղի հա­յու­թեան հա­մար. Եր­կար տա­րիներ եկե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն տակ հո­գեւոր երաժշտու­թիւն կա­տարած Սա­հակեանը վեր­ջերս սկսած է աշ­խարհիկ եր­գե­րով բե­մերու վրայ ալ հնչեց­նել հայ եր­գը.

Այս առ­թիւ զրու­ցե­ցինք «Սա­հակեան՝ իմ ըն­տա­նիքը» ֆիլ­մի հե­ղինակ Քո­ճաթիւրքի հետ. Մեր առա­ջին հար­ցումը կը վե­րաբե­րէր Սա­հակեանի մա­սին վա­ւերագ­րա­կան մը նկա­րահա­նելու խոր­հուրդին ո՞ր պայ­մաննե­րու մէջ ծա­գելուն.

«2017-ին ձեռ­նարկած էի իմ ալ բնա­կած Սա­մաթիա թա­ղի բնա­կիչ­նե­րուն հետ վի­տէօ հար­ցազրոյցնե­րու շար­քի մը, որ կո­չած էի –Սա­մաթիա՝ իմ թա­ղը-: Այդ տա­րինե­րուն կ'ու­սա­նէի հա­մալ­սա­րանի ռա­տիոյի, հե­ռուստա­ցոյ­ցի եւ շար­ժանկա­րի բա­ժինը. Տե­սական գի­տելիքնրս փոր­ձա­կանի վե­րածե­լու հա­մար տե­սախ­ցիկս ուղղե­ցի թա­ղեցի­ներուս, որոնց մի­ջոցաւ աւե­լի ջերմ կապ մը հաս­տա­տուե­ցաւ իմ ու հա­րեւան­նե­րուս մի­ջեւ. Այդ շրջագ­ծով Վա­րու­ժան Քէօսէ­տաղի թէ­յարա­նին մէջ եր­կար զրու­ցած էինք Արամ Նալ­չա­ճեանի հետ, որ կ'ան­դա­մակ­ցէր Սա­հակեան երգչա­խումբին. Այդ զրոյցնե­րու ըն­թացքին ձե­ւաւո­րուե­ցաւ Սա­հակեան երգչա­խումբի մա­սին վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ մը նկա­րահա­նելու խոր­հուրդը».

Հե­ղինա­կի այս բա­ցատ­րութե­նէն ետք կ'ու­զեմ իմա­նալ թէ ֆիլ­մը ո՞ր զան­գո­ւածին հա­մար նա­խատե­սուած է. Որոնց ի՞նչ պատ­գամ տալ կ'ու­զէ. Քո­ճաթիւրք կը յայտնէ այդ զան­գո­ւածը յա­տու­կէն դէ­պի ընդհա­նուր ծա­ւալե­լով. «Նախ կ'ու­զեմ թա­ղեցի­ներս տե­ղեակ դարձնել 1461 թո­ւակա­նէն այս կողմ Սա­մաթիոյ Ս. Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ մէջ հնչող այս ձայ­նին. Ապա կ'ու­զեմ որ քա­ղաքի ամե­նափար­թամ դահ­լիճնե­րէն եր­գած այս երգչա­խումբը ծա­նօթ ըլ­լայ բո­լոր Իս­թանպու­լին. Վեր­ջա­պէս նման ար­ժէ­քը մեր օրե­րուն հասցնող աւան­դութիւ­նը պէտք է իմա­նայ ամ­բողջ Թուրքիան. Ես ծնած եմ 1994 թո­ւին Ֆա­թիհ թա­ղի մէջ. 2000-էն ի վեր կը բնա­կիմ Սա­մաթիա. Կը տես­նեմ թէ բազ­մա­թիւ Սա­մաթիացի­ներ իրենց կեան­քի ըն­թացքին գէթ մէկ ան­գամ իսկ չեմ լսած այս պա­տերու ետին հնչած ձայ­նը. Իմ հե­տաքրքրու­թիւնը թե­րեւս ոմանց իրենց են­թա­գիտակ­ցութեան պա­տերն ալ փլե­լուն, նոյ­նիսկ միատեղ գոր­ծե­լուն կը ծա­ռայէ.

Օրի­նակի հա­մար ի՞նչու չու­նե­նանք բազ­մա­ձայն ու բազ­մա­լեզու «Սա­մաթիոյ Երգչա­խումբ» մը։ Ես այս վա­ւերագ­րա­կանի նկա­րահա­նումնե­րու ժա­մանակ ան­գամ մը եւս պատ­կա­նելու­թիւն զգա­ցի ապ­րած թա­ղիս նկատ­մամբ»։

Միտքս տան­ջող հար­ցումնե­րէն մէկն ալ կը վե­րաբե­րի մեր հա­մայնքի ան­հատնե­րուն տե­սախ­ցիկնե­րու հան­դէպ ու­նե­ցած վե­րապա­հու­թեան։ Փոր­ձով գի­տեմ թէ մեր հա­սարա­կու­թիւնը ինչպէս կը խրտչի երբ իրեն եր­կա­րի խօ­սափող մը կամ կ՚ու­ղո­ւի տե­սախ­ցիկ մը։ Քո­ճաթիւրք կը յայտնէ թէ ինք եւս իր կար­գին որոշ մտա­վախու­թիւններ ու­նե­ցած է եկե­ղեց­ւոյ մէջ նկա­րահա­նումներ ընե­լու կամ ալ երգչա­խումբի ան­դամնե­րուն հետ մտեր­մա­նալու ըն­թացքին մէջ։

«Այդ բո­լորը յաղ­թա­հարե­ցինք վա­ւերագ­րա­կանի նա­խագ­ծի հա­մակար­գող Տե­նիս Չա­թի մի­ջոցաւ։ Երգչա­խումբի խմբա­վար Սե­ւան Ակո­շեան եւս դիւ­րա­ցուց մեր աշ­խա­տու­թիւնը։ Քա­նի նկա­րահա­նումնե­րը յա­ռաջա­ցան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ալ աւե­լի բնա­կանոն դար­ձան եւ ստա­ցանք ան­դամնե­րու սրտա­բուխ պա­տաս­խաննե­րը»։

Գի­տեմ որ Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի մօտ պաշ­տօ­նապէս գրան­ցո­ւած են 20 երգչա­խումբեր։ Ար­դեօք անոնց մա­սին ալ պատ­կե­րացում մը ու­նե­ցա՞ծ է։

Խօ­սակիցս յայտնեց թէ տե­ղեակ է եկե­ղեցա­կան երաժշտութեան այդ մեծ աւան­դին։ Նաեւ ու­սումնա­սիրած է այդ 20 երգչա­խումբե­րէն մէկ մա­սը, նաեւ առի­թը ու­նե­ցած է ոմանց խմբա­վար­նե­րուն կամ ան­դամնե­րուն հետ ծա­նօթա­նալու։ «Խոս­տո­վանիմ որ սկզբնա­կան շրջա­նին բա­ւական մո­լորած էի ին­ծի ան­ծա­նօթ այդ աշ­խարհի բա­ռամ­թերքին ու անոնց նշա­նակու­թիւննե­րուն դէմ։ Ի՞նչ էր դպրաց դա­սու եւ երգչա­խումբի տար­բե­րու­թիւնը։ Այդ բո­լորը զիս մղե­ցին յա­տուկ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու։ Որոնց մի­ջոցով նոր բա­ցայայ­տումներ ալ ու­նե­ցայ։ Շատ տպա­ւորիչ էր եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին մէջ տի­րող ըն­կե­րային կեան­քը։ Երե­խէք երե­կոյեան ժա­մերուն գնդակ կը խա­ղային դպրո­ցի պար­տէ­զը։ Տա­րեց­ներ օրն ի բուն այդ բա­կի մէջ կը շա­ղակ­րա­տէին։ Սա­նուց միու­թեան մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկնե­րը աղ­քա­տախ­նա­մի ժո­ղով­նե­րը թա­ղական խոր­հուրդի ժո­ղով­նե­րը ար­տա­կարգ կեն­սունա­կու­թիւն մը կը պատ­ճա­ռէին Սուրբ Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ։ Շատ տպա­ւորո­ւած էի այդ կեն­դա­նու­թեան եւ մա­նաւանդ ալ զօ­րակ­ցութեան ակա­նատես ըլ­լա­լով։ Սա­մաթիան ին­ծի հա­մար բո­լորո­վին տա­բեր նշա­նակու­թիւն մը ու­նե­ցաւ»։

Վեր­ջա­պէս հե­տաքրքրո­ւած եմ թէ հա­սարա­կու­թիւնը ո՞ր մի­ջոց­նե­րով պի­տի կրնայ դի­տել «Սա­հակեան՝ իմ ըն­տա­նիքը» վա­ւերագ­րա­կանը։ Այս հար­ցումով կ՚իմա­նամ թէ ֆիլ­մը կը պա­տարաս­տո­ւի զա­նազան փա­ռատօն­նե­րու մաս­նակցե­լու։ Հա­զիւ այդ օրա­ցոյ­ցի յստա­կացու­մէն ետք կա­րելի պի­տի ըլ­լայ սոց ցան­ցե­րու մի­ջոցաւ ֆիլ­մը դի­տել։

Այս մա­սին խօ­սակիցս խոր­հուրդ տո­ւաւ հե­տեւե­լու ailemsahakyan@gmail.com կայ­քէ­ջը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ