Ցեղասպանութեան բանավէճեր

ՀԵՐՔԻՒԼ ՄԻԼԱՍ

(Ահվալ 16 Մայիս 2021)

Երբ որ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը գոր­ծա­ծեմ հե­­տաքրքրա­­կան հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւններ կը տե­­ղան։ Ոմանք կ՚առար­­կեն նոյ­­նիսկ բա­­ռի գոր­­ծա­­­ծու­­թեան հա­­մար, իսկ ու­­րիշներ ալ կը փոր­­ձեն ժխտել եղե­­լու­­թիւնը։

Նախ կը խոր­­հէի թէ նիւ­­թը շատ փա­­փուկ է։ Բայց ապա անդրա­­դար­­ձայ որ նիւ­­թէն աւե­­լի փա­­փուկ դար­­ձած է նոյն ինքն բա­­ռը։ Երբ բա­­ռը այսքան գերզգա­­յուն դառ­­նայ խնդրին ին­­քը կը մնայ երկրորդ գծի վրայ եւ բա­­նավէ­­ճը կը շրջի բա­­ռին շուրջ։

Վեր­­ջերս մօտ ան­­ցեալի պատ­­մութիւ­­նը ու­­սոմնա­­սիրող մի­­ջազ­­գա­­­յին խմբի մը վա­­ւերագ­­րա­­­կան մը պատ­­րաստե­­լու գոր­­ծընթա­­ցին կը հե­­տեւիմ։ Հոն եւս կը տի­­րէ այս բա­­նավէ­­ճը։

Մի այլ տա­­րօրի­­նակու­­թիւն ալ «Խնդի­­րը պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րը թող լու­­ծեն» տե­­սու­­թիւնն է։ Ո՞ւր տես­­նո­­­ւած է որ տա­­րակար­­ծութիւններ ու­­նե­­­ցող պատ­­մա­­­բան­­ներ որոշ նիւ­­թի մը շուրջ հա­­մաձայ­­նին։

Խնդի­­րը ու­­նի իրա­­ւական երե­­սակ մըն ալ։ Այսպէս կ՚ակնկա­­լուի փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու ան­­կողմնա­­կալ քննար­­կումը։ Առա­­ջին ան­­գամ ե՞րբ բնու­­թագրո­­ւեցաւ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն եզ­­րը։ Ան ե՞րբ մարդկու­­թեան դէմ յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւն հա­­մարո­­ւեցաւ։ Այս եզ­­րը ան­­ցեալին պա­­տահած­­նե­­­րու հա­­մար ալ կա­­րելի է՞ գոր­­ծա­­­ծել։ Ո՞ր պայ­­մաննե­­րու առ­­կա­­­յու­­թեան պա­­րագա­­յին դէպ­­քե­­­րը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն կը հա­­մարո­­ւին։

Եթէ պա­­տահած­­նե­­­րը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն հա­­մարո­­ւի հա­­տուցումը օրա­­կար­­գի կու գա՞յ։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը որ­­պէս ըն­­կա­­­լում 1947-ին ըն­­դունո­­ւած է։ Ար­­դա­­­րեւ ոմանք կը պնդեն թէ, այդ թո­­ւակա­­նին նա­­խոր­­դող դէպ­­քե­­­րը կա­­րելի չէ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն հա­­մարել։ Բայց միւս կող­­մէ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը բնո­­րոշող յատ­­կութիւններն ալ յօ­­դուած առ յօ­­դուած յայտնի են։ Օրի­­նակի հա­­մար Մեծն Աղեք­­սանդրի ար­­շա­­­ւած քա­­ղաքին ամ­­բողջ բնակ­­չութիւնը սպան­­նե­­­լը (Մէկ կողմ թո­­ղունք հա­­տու­­ցումը եւ իրաւա­­բանու­­թիւնը) ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն կը հա­­մարո­­ւի՞ թէ ոչ։ Այս բա­­նավէ­­ճերը ըստ երե­­ւոյ­­թի ակա­­դէմա­­կան եւ գի­­տական, իսկ էու­­թեան մէջ բո­­լորովին բա­­ռի մը շուրջ կը դառ­­նան։ Այստեղ ու­­շագրաւ է որ մարդկա­­յին նիւ­­թի մը մէջ փո­­խադարձ ըն­­կա­­­լումնե­­րը օրա­­կար­­գի նիւթ չեն կազ­­մեր։

Ես իմ հաշ­­ւոյս հա­­յոց այս դէպ­­քը ոչ պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րու, ոչ իրա­­ւաբան­­նե­­­րու եւ ոչ ալ բա­­ռարա­­նագէտ­­նե­­­րու կամ լե­­զուա­­բան­­նե­­­րու տե­­սան­­կիւնով կ՚ապ­­րիմ։ Իմ երե­­ւակա­­յու­­թեան մէջ դրո­­ւագ­­ներ կը ձե­­ւաւո­­րուին։ Դրո­­ւագ­­ներ՝ որոնց պա­­տաս­­խաննե­­րը չեմ կրնար գտնել։ Ար­­դեօք ու­­րիշներ ալ կը տես­­նե՞ն այդ թրկո­­ւակ­­նե­­­րը։ Եթէ ոչ հա­­պա ես ինչմ՞ւ կը տես­­նեմ։

Նա­­խորդ գրու­­թիւննե­­րէս մէ­­կուն մարդկանց իրենց ազ­­գին վե­­րաբե­­րեալ թե­­րու­­թիւննեարը, յան­­ցանքնե­­րը, սխալ­­նե­­­րը կամ վայ­­րա­­­գու­­թիւննե­­րը մեր­­ժե­­­լու հա­­կու­­մին մա­­սին գրած էի։ Նման մի­­ջավայ­­րի մէջ «Հա­­յոց ի՞նչ եղաւ» հար­­ցումը քննար­­կել կա­­րելի չէ։ Որո­­շոմը կան­­խաւ տրուած է ար­­դէն։

Մար­­դիկ իրենց ազ­­գին ամօ­­թալի գէտ մէկ դէպ­­քը ըն­­դունե­­լու կա­­րողու­­թիւնը հար­­ցաքննե­­լու են։ Եթէ իրենց ազ­­գա­­­յին պատ­­մութիւ­­նը ան­­թե­­­րի կը տես­­նեն, ու­­րեմն ի՞նչ նշա­­նակու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նայ հայ­­կա­­­կան դէպ­­քի ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը։ Յե­­տաքննու­­թիւնը բնա­­կանա­­բար պի­­տի վե­­րածո­­ւի հա­­ւատ­­քի հաս­­տատմասն։

Իմ նա­­խապա­­տուու­­թիւն տո­­ւած եւ երե­­ւակա­­յու­­թեան մէջ ձե­­ւաւո­­րած դրո­­ւագ­­նե­­­րէն եւ հար­­ցումնե­­րէն օրի­­նակա­­ներ նշեմ։

Եր­­կու որ­­դի­­­ներով մայր մը երե­­կայե­­ցէք։ Մէ­­կը տա­­կաւին գիրկն է, իսկ միւ­­սը հա­­զիւ եր­­կու տա­­րեկան։ Հայ­­րերնին զի­­նուո­­րագ­­րո­­­ւած է։ Ասոնք ինչպէ՞ս կը քա­­լեն։ Քա­­նի՞ քի­­լոմեթր կը դի­­մանան։ Եթէ մայրը սպա­­ռի զա­­ւակ­­նե­­­րը ի՞նչ կ՚ընեն։

Տա­­րեց մարդ մը կը երե­­ւակա­­յեմ։ Կը քա­­լէ, բայց դան­­դաղ առա­­ւելա­­գոյն մէ­­կ ժամ կրնայ յա­­ռաջա­­նալ։ Իսկ երբ պո­կուի յա­­ռաջա­­ցող խումբէն ի՞նչ կ՚ըլ­­լայ իր ճա­­կատա­­գիրը։ Լսումնե­­րուս հա­­մաձայն սուի­­նով կ՚աւար­­տեն գոր­­ծը, ի զուր տեղ փամ­­փուշտ չեն սպա­­ռեր։

Սայ­­լեր ալ կա­­յին այդ կա­­ռաւան­­նե­­­րու մէջ։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր կա­­ռավա­­նին մէջ քա­­նի՞ սայ­­լեր կա­­յին։ Ձիեր թէ եզեր կը քա­­շէին այդ սայ­­լե­­­րը։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր օր քա­­նի՞ ժամ կը քայ­­լէին։ Քա­­նի՞ քմ. կրնա­­յին յա­­ռաջա­­նալ։ Այս մար­­դի­­­կը աք­­սո­­­րե­­­լու որո­­շում կա­­յաց­­նողնե­­րը ար­­դեօք տա­­րեց­­նե­­­րը, նո­­րածին­­նե­­­րը, յղի կա­­նայք, ան­­կողնի ծա­­ռայող հի­­ւանդնե­­րը, այ­­սինքն գիւ­­ղի մը բնակ­­չութեան մօտ կէ­­սը կազ­­մող զան­­գո­­­ւածը նկա­­տի ու­­նե­­­ցա՞ծ էին։ Եթէ այս բո­­լորը անվտան­­գութեան հա­­մար կը կա­­տարո­­ւէր ծե­­րերը, հի­­ւանդնե­­րը, մա­­նուկնե­­րը եւ անոնց մայ­­րե­­­րը ինչպի­­սի՞ վտանգ մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէին։ Անվտան­­գութի­­ւնը ապա­­հովե­­լու հա­­մար միայն աշ­­խոյժ տղա­­մարդկանց տե­­ղահա­­նու­­թիւնը բա­­ւարար չէ՞ր։

Ի՞նչ եղաւ լքո­­ւած տու­­նե­­­րուն։ Մար­­դիկ ին­­չո՞ւ հա­­մար պա­­տերազ­­մի աւար­­տէն ետք ալ չկրցան վե­­րադառ­­նալ իրենց տու­­նե­­­րը։ Այդ տու­­նե­­­րը, գո­­մերը, ար­­տե­­­րը, անա­­սուննե­­րը ի՞նչ պայ­­մաննե­­րով որո՞ւ փո­­խանա­­կուե­­ցաւ։

Ի՞նչ եղաւ քա­­ղաքի խա­­նութնե­­րուն, գոր­­ծա­­­տեղի­­ներուն։ Ասոնց մա­­սին ար­­ձա­­­նագ­­րութիւններ կա՞ն։ Եթէ կան ո՞ւր են։

Առանց այս հար­­ցումնե­­րը պա­­տաս­­խա­­­նելու, ին­­չը եւ ինչպէս ըլ­­լա­­­լը հասկնա­­լու, ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն ըն­­կա­­­լու­­մը վի­­ճելը եղե­­լու­­թիւնը ան­­տե­­­սել կը նշա­­նակէ։ Մար­­դիկ, անա­­սուննե­­րը, ար­­տեր, խա­­նուդներ, տու­­ներ, յու­­շեր եւ ակնկա­­լու­­թիւններ վե­­րացան։ Ամ­­բողջ աշ­­խարհ մը ան­­գոյ դար­­ձաւ։ Ար­­դեօք շատ կա­­րեւոր է ասոր ի՞նչ անուն տրո­­ւիլը։ Մի­­թէ «կոր­­սո­­­ւեցան» ըսե­­լը եւ ո՞ր պայ­­մաննե­­րով կոր­­սո­­­ւած ըլալ­­նին գիտ­­նա­­­լը բա­­ւարար չէ՞։

1948-ին ՄԱԿ-ի ըն­­դունած ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան յօ­­դուա­­ծի սկիզ­­բը կը նշո­­ւի թէ «Պատ­­մութեան ըն­­թացքին բա­­զում ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւններ կա­­տարո­­ւած են» հե­­տեւա­­բար շատ բնա­­կան է 1948 թո­­ւակա­­նէն առաջ կա­­տարո­­ւած դէպ­­քերն ալ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն հա­­մարել։ Բայց նման արար­­քէ մը ետք ոմանց հա­­մար հա­­տուցման իրա­­ւունքի ծա­­գիլը բո­­լորո­­վին տար­­բեր երե­­ւոյթ մըն է եւ բա­­ռը կռո­­ւախնձո­­րի վե­­րածողն ալ ճիշդ այդ կէտն է։ Ոմանք իրա­­ւական պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան տե­­սան­­կիւնէ, ար­­դա­­­րօրէն կը մեր­­ժեն պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը, բայց նոյն պա­­հուն անար­­դա­­­րօրէն կ՚ու­­րա­­­նան ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը պնդե­­լով թէ ան կա­­տարո­­ւած է 1948-էն առաջ։ Մինչդեռ ան­­ցեալի որե­­ւէ դէպք ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն ըլ­­լա­­­լով բնու­­թագրե­­լը չի նշա­­նակեր թէ ան պար­­տի կրել պատ­­ժա­­­կան պար­­տադրանք։

Ան­­ցեալին վե­­րագ­­րո­­­ւածը խնդրին պատ­­ժա­­­կան երե­­սակն է։ Բո­­լոր հզօր պե­­տու­­թիւննե­­րու պատ­­մութեան մէջ նման դէպ­­քե­­­րու հան­­դի­­­պիլ կա­­րելի է։ Ես շատ աւե­­լի կը կա­­րեւո­­րեմ խնդրին ըն­­կալման եղա­­նակը։ Այս մա­­սին ես նա­­խապա­­տուու­­թիւն կու տամ հինգ դաշ­­տե­­­րու։

Ա Ազ­­գա­­­յին շրջա­­նակ։

Բ Դէպ­­քե­­­րը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան սահ­­մա­­­նու­­մին կը մտնե՞ն, թէ ոչ լե­­զուա­­բանա­­կան առու­­մով բա­­ռերու իմաս­­տը եւ բա­­ւարա­­րու­­թեան խնդի­­րը։

Գ Նպա­­տակի առ­­կա­­­յու­­թիւնը կամ բա­­ցակա­­յու­­թիւնը։

Դ Նե­­րողու­­թեան խնդի­­րը

Ե Ըն­­կալման հարց։

Ա Ազ­­գա­­­յին շրջա­­նակ։ Եթէ մար­­դիկ իրենց ազ­­գին փաս­­տա­­­բանը դառ­­նան կա­­րելի չէ եղա­­ծը հասկնալ։ «Մենք յան­­ցանք չենք գոր­­ծեր» սկզբունքը ան­­վի­­­ճելի ազ­­գա­­­յին հա­­ւատ­­քի մը կը վե­­րածո­­ւի։

Բ Դէպ­­քե­­­րը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան սահ­­մա­­­նու­­մին կը մտնե՞ն, թէ ոչ լե­­զուա­­բանա­­կան առու­­մով բա­­ռերու իմաս­­տը եւ բա­­ւարա­­րու­­թեան խնդի­­րը

Բա­­ռերը մարդկա­­յին հա­­ւաքա­­կանու­­թեան էու­­թիւնն են։ Իմաստնե­­րը չեն կրնար գե­­րազան­­ցել մարդկանց ըն­­կալման սահ­­մաննե­­րը։ Մինչդեռ կեան­­քը շատ աւե­­լի բարդ է։ Լե­­զու­­նե­­­րը չեն յա­­ջողած, այդ բար­­դութեան հա­­մապա­­տաս­­խան բա­­ռամ­­թերք ստեղ­­ծե­­­լու։ Յատ­­կանշա­­կան օրի­­նակ մը կա­­րելի է հա­­մարել նման եւ աննման բա­­ռերը։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ այս բա­­ռերը հա­­կադ­­րութիւն մը կը պար­­զեն, բայց բաղ­­դա­­­տու­­թիւնը եր­­կու տար­­բե­­­րակի միջեւ չէ։ Նմա­­նու­­թիւնը իր մէջ կը պա­­հէ նաեւ աննմա­­նու­­թիւնը։

Գ Նպա­­տակի առ­­կա­­­յու­­թիւնը կամ բա­­ցակա­­յու­­թիւնը։ Նպա­­տակի խնդիրն ալ որոշ չա­­փով կը նմա­­նի լե­­զուի խնդրին, բայց աւե­­լի շատ առնչո­­ւած է են­­թա­­­գիտակ­­ցութեան հետ։ «Դէ­­պի Սու­­րիա թող քա­­լեն» մտա­­ծող եւ այս մա­­սին որո­­շում տո­­ւողի նպա­­տակը մի գու­­ցէ քա­­լել ըլ­­լայ։ Բայց մենք տե­­ղեակ ենք նաեւ գի­­տակ­­ցութե­­նէ դուրս երե­­ւոյ­­թին ալ։ Ու­­րեմն բնա­­կան է որ հա­­մոզուինք թէ «Թող քա­­լեն» ըսե­­լով անոնց մա­­հավ­­ճիր ար­­ձա­­­կած ըլ­­լան։

Դ Նե­­րողու­­թեան խնդի­­րը։ Նե­­րողու­­թեան խնդի­­րը առա­­ջին հեր­­թին պարզ կրնայ թո­­ւիլ, բայց ես նոյն կար­­ծի­­­քը չեմ։ Յա­­ճախ կը հան­­դի­­­պինք իր ազ­­գին չար վար­­մունքը նկա­­տելով տու­­ժածնե­­րէն նե­­րողու­­թիւն խնդրող­­նե­­­րուն։ Բնա­­կան կը հա­­մարենք այս երե­­ւոյ­­թը եւ նոյ­­նիսկ կը փա­­ռաբա­­նենք հա­­սու­­նութիւն հա­­մարե­­լով։ Բայց կը տես­­նեմ թէ այս տե­­սակի նե­­րողու­­թեան երե­­ւոյթնե­­րը ազ­­գա­­­յին հա­­մադ­­րութեան մը մաս­­նիկն են նաեւ։ Մինչդեռ նե­­րողու­­թիւնը կը վի­­ճակի յան­­ցա­­­գոր­­ծին։ Չէ որ յան­­ցանքը ան­­հա­­­տական է։ Նե­­րողու­­թիւն խնդրո­­ղը եթէ այդ բա­­նը կ՚ընէ իր ծնունդէն շատ աւե­­լի կա­­նուխ գոր­­ծո­­­ւած յան­­ցանքի մը հա­­մար, ու­­րեմն յան­­ցա­­­գոր­­ծի ու իր մի­­ջեւ յա­­րաբե­­րու­­թիւն մը պէտք է եղած ըլ­­լայ։ Ազ­­գի մէջ սե­­րունդէ սե­­րունդ փո­­խան­­ցո­­­ւած յան­­ցա­­­գոր ծու­­թեան մը մա­­սին կը խօ­­սինք։

Ե Ըն­­կալման հարց։ Իսկ ըն­­կալման խնդի­­րը իր մէջ ու­­նի երեք երե­­սակ։ Առա­­ջինը դի­­մացի­­նին զգա­­ցումնե­­րը կի­­սել է։ Երկրոր­­դը անոր զգա­­ցումնե­­րը հասկնալ եւ երե­­րոր­­դը այս մա­­սին բա­­ներ մը ընե­­լու կա­­րիքը։

Եթէ հա­­յերը կա­­րենա­­յինք ըն­­կա­­­լել, մերթ ընդ մերթ նման տա­­ռապանքնե­­րու մատ­­նո­­­ւած հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րու դէմ այսքան ան­­խիղճ չէինք ըլ­­լար։ Կ՚ու­­նե­­­նայինք աւե­­լի հա­­ւասա­­րակշռեալ հա­­ւաքա­­կան կե­­ցուածք։ Վեր­­ջա­­­պէս բա­­ռերու եւ եզ­­րե­­­րու մա­­սին վի­­ճելը եւ մար­­դուն վիշտն ու կսկի­­ծը կի­­սելը տար­­բեր բա­­ներ են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ