Մարաշէն փրկուած կեանք մը, յիշատակներու քանի մը փշուր եւ քանի մը առարկայ

Զրոյց մը Ռուբէն Խաչերի հետ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

ՓԱՍԱՏԵՆԱ, ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ

- Անունս Ռուբէն Խաչեր։ Խաչեր եղած է հօրս անու­նը։ Մենք Սա­­ճոնեան ենք։

Զրու­­ցա­­­կիցս իր հօր անու­­նը որ­­պէս մա­­կանուն որ­­դեգրած Ռու­­բէն Խա­­չերն է, մա­­րաշ­­ցի երա­­ժիշտ, կա­­մաւոր զի­­նուոր Խա­­չեր Սա­­ճոնեանի եօթը զա­­ւակ­­նե­­­րէն հին­­գե­­­րոր­­դը, որ իր սե­­րունդի բազ­­մա­­­թիւ հա­­յոր­­դի­­­ներու նման եղեր է Պէյ­­րութի Թռչնոց Բոյն որ­­բա­­­նոց-վար­­ժա­­­րանի բնա­­կիչ­­նե­­­րէն մէ­­կը։ Ան կը պատ­­մէ իր եւ իր հօր ոդի­­սակա­­նը, Մա­­րաշէն Հա­­լէպ, Պէյ­­րութ ապա «Թռչնոց Բոյն» եր­­կա­­­րող հէ­­քիաթ մը։ Անոր պատ­­մութիւ­­նը տե­­սանե­­լի ու առար­­կա­­­յական կը դառ­­նայ, երբ պար­­բե­­­րաբար կ՚ակ­­նարկէ իր հօր պատ­­կա­­­նած քա­­նի մը իրե­­րու, - Մա­­րաշէն մնա­­ցորդ մա­­սունքներ, - որոնք հրա­­շաբար փրկո­­ւած ու այժմ բնա­­կու­­թիւն գտած են Լոս Ան­­ճե­­­լըսի իր տան մէջ։ Այս բո­­լորը մա­­մու­­լի մէջ տե­­ղադ­­րե­­­լու եւ յա­­ւեր­­ժացնե­­լու նպա­­տակով մտեր­­միկ զրոյց մը կ՛ու­­նե­­­նանք՝ բա­­ժակ մը թէ­­յի բոյ­­րով հա­­մեմո­­ւած։ Ռու­­բէն Խա­­չերի խօս­­քը կը սկսի հօ­­րենա­­կան նա­­խապատ­­մութեամբ։

- Հայրս եղած է Մա­­րաշ­­ցի։ Հինգ եղ­­բայր էին։ Հինգն ալ նո­­ւագող եղած են ար­­հեստով։ Երբ որ Մա­­րաշի ջար­­դը եղած է, հայրս Հա­­լէպէն վե­­րադար­­ձեր է տուն, որ­­պէսզի ըն­­տա­­­նիքին փրկէ։ Այն ժա­­մանակ իր երեք ան­­չա­­­փահաս զա­­ւակ­­նե­­­րը եւ կի­­նը մոր­­դո­­­ւած գտեր է։ Հայրս ապա կ՛եր­­թայ Իս­­կենտե­­րուն ու հոն գտնէ եր­­կու եղբայրնե­­րը։ Որոշ ժա­­մանակ մը հոն կը մնան, ապա կ՛եր­­թան Հա­­լէպ։ Հա­­լէպի մէջ կը գտնեն իրենց մեծ եղ­­բայրը, մա­­սամբ խե­­լագա­­րուած։ Հոն է, որ հայրս կը ծա­­նօթա­­նայ Զէյ­­թունցի աղջկան մը հետ։ Նո­­րէն կ՛ամուսնա­­նայ։ Մօրս անու­­նը եղած է Սի­­մա Դա­­թոյեան։ Միացեր են, ամուսնա­­ցեր են եւ նոր բոյն կազ­­մեր են։ Հայրս այդ ամուսնու­­թե­­­նէն դար­­ձեալ կ՛ու­­նե­­­նայ զա­­ւակ­­ներ. հինգ տղայ, եր­­կու աղ­­ջիկ։ Ես հին­­գե­­­րորդն եմ։

Սուրճի սե­­ղանի վրայ է իր երա­­ժիշտ-խմբա­­ւար հօր նո­­ւագի ձե­­ռագիր տետ­­րա­­­կը։ Մե­­լանով ու նա­­խորդ դա­­րու ճա­­շակով գե­­ղագ­­րո­­­ւած պա­­րանո­­ւագ­­նե­­­րու եւ ու­­րախ առիթ­­նե­­­րու եր­­գե­­­րու ըն­­տրանի մըն է ան, որ կը պա­­րու­­նա­­­կէ թան­­կօ մը, չար­­լիսթոն մը, եւ այլն.։

- Ըստ լսե­­լուս, Հա­­լէպի մէջ խնճոյքնե­­րու կամ հար­­սա­­­նիքի կ՛եր­­թան եղեր։ Կամ ին­­քը մի քա­­նի հո­­գի կը ղրկէ եղեր, ըսե­­լով՝ «Գա­­ցէք այս ինչ տեղ նո­­ւագե­­ցէքե։ Ան Մա­­րաշի մէջ նո­­ւագած է, բայց որ­­քա՛ն ժա­­մանակ եւ ինչպէ՛ս՝ չեմ գի­­տեր։ Ինք մաս­­նա­­­ւոր նո­­ւագա­­խումբ մը չէ ու­­նե­­­ցած, բայց գի­­տեմ, թէ նո­­ւագեր են քա­­ղաքի լա­­տին կա­­թոլիկ­­նե­­­րու եկե­­ղեցիին մէջ։ Քլա­­րինէթ կը նո­­ւագէր։ Ես անի­­կա տե­­սած եմ։ Իր նո­­ւագած քլա­­րինէ­­թը դժբախ­­տա­­­բար չեմ գի­­տեր, թէ ո՛ւր գնաց։

Ան կը բա­­ցատ­­րէ նաեւ, թէ հայ­­րը Հա­­լէպի մէջ ին­­չո՞ւ «ժէ­­նէրալ» կը կո­­չուէր։

- Հա­­սակա­­ւոր է եղեր, ու որ­­պէս ֆրան­­սա­­­կան բա­­նակի սպայ եւ նո­­ւագա­­խումբի պա­­տաս­­խա­­­նատու՝ բո­­լորն ալ ի յար­­գանք՝ «ժե­­ներալ» կո­­չեր են զինք, որ­­պէս նո­­ւագա­­խումբի խմբա­­ւար կամ կար­­գադրիչ։

Պա­­տերազ­­մը եւ տե­­ղահա­­նու­­թիւնը երբ վերջ կու տայ Մա­­րաշի հայ­­կա­­­կան կեան­­քին եւ «չար­­լիսթոն»նե­­րուն, Սա­­ճոնեան ըն­­տա­­­նիքն ալ կ՚ըն­­դունի իր բա­­ժինը։

- Դժբախ­­տաոար չեմ յի­­շեր բո­­լոր հօ­­րեղ­­բայրնե­­րուս անուննե­­րը ... Կար Ան­­տօ­­­նը, Վար­­դա­­­նը, Յով­­սէ­­­փը , իսկ Վար­­դա­­­նը պզտիկ եղ­­բայրը եղած է։ Մայրս ու­­նե­­­ցեր է եղ­­բայր մը միայն։ Անոնք ալ պա­­տահ­­մամբ Հա­­լէպի մէջ գտեր են զի­­րար։ Ան կը պատ­­մէր, թէ օր մը, մօրս ապ­­րած թա­­ղը քա­­նի մը փայ­­տա­­­հատ եկած են փայտ կտրե­­լու։ Դի­­մացը, դրա­­ցիէն ջուր ու­­զեր են։ Երբ որ մայրս ելեր է ջուր տա­­լու, մար­­դը ապ­­շած կե­­ցեր է, ըսեր է, որ այս տեղդ «պէն»ի պէս բան մը կա՞յ։ «Այո» ըսեր է մայրս։ «Դուն Սի­­ման ես», ու­­րա­­­խացեր է մօ­­րեղ­­բայրս։ Այդ օր քոյր եղ­­բայր միացեր են։ Բայց 1945-46ի գաղ­­թին Հա­­յաս­­տան գա­­ցած է եղ­­բայրը։ Մայրս առան­­ցին մնա­­ցեր է։ Ու­­րիշ մէ­­կը չու­­նէր։

Ապա կը պատ­­մէ, թէ ինչպէ՛ս Հա­­լէպի Նոր գիւղ հա­­յաբ­­նակ թա­­ղամա­­սի մէջ յետ-պա­­տերազ­­մեան տա­­րինե­­րը եղան նոր զրկանքնե­­րու եւ պայ­­քա­­­րի տա­­րիներ, ապա երեք քոյր-եղ­­բայր յայտնո­­ւեցան որ­­բա­­­նոցի մէջ։

- Հայրս զի­­նուո­­րական եղած է, միշտ զօ­­րանոց եղած է։ Ո՞ւր էր զօ­­րանո­­ցը... Հա­­ւանա­­բար քա­­ղաքին մէկ ծայ­­րը, այդ պատ­­ճա­­­ռով տու­­նը շատ չէր կե­­նար։ Այ­­սինքն հօրս շատ չեմ տե­­սած։ Մօրս աւե­­լի կը յի­­շեմ։ Ան­­գամ մը դպրոց եկաւ, զիս առաւ։ Տան ճամ­­բուն վրայ տե­­սանք գեր­­մա­­­նական մո­­թորքլիստներ՝ եր­­կու զի­­նուոր­­նե­­­րով։ Անոնք խու­­զարկում կը կա­­տարէին։ Մայրս ան­­մի­­­ջապէս հօրս վե­­րար­­կուն, զի­­նուո­­րական գլխար­­կը եւ պո­­թը (մոյկ) տոպ­­րա­­­կի մը մէջ դրաւ, խո­­հանո­­ցի գե­­տինը, ուր կրակ կը վա­­ռէին, փո­­րեց, ու զա­­նոնք հոն թա­­ղեց։ Այն ժա­­մանակ հօրս սուրն ալ բռնեց մայրս, նեղ վար­­դա­­­նոց մը կար, վար­­դի պար­­տէզ, այդտե­­ղը թա­­ղեց։ Օր մըն ալ դպրո­­ցէն եկայ, ին­­ծի կտոր մը հաց տո­­ւաւ։ Մա­­մայիս ըսի. «Մա­­մա աս ի՞նչ տե­­սակ հաց է, ամէ­­նը սեփ-սեւ բա­­ներ կան մէ­­ջը»։ Մայրս նա­­յեցաւ, «Կե՛ր տղաս, ասոնք կ՚ու­­տո­­­ւին», ըսաւ։ Կ՚երե­­ւայ, թէ, Առա­­ջին հա­­ղոր­­դութեան առի­­թով այդ կար­­կանդա­­կը տո­­ւած էր։ Հա­­լէպ ճիզ­­վիտնե­­րուն դպրո­­ցը գա­­ցեր եմ։ Հայրս 46-ին մա­­հացեր է, մայրս ալ 48-ի սկիզ­­բը մե­­ռեր է։ Հայրս 1878-ի ծնունդ է։ Մայրս ալ աւե­­լի երի­­տասարդ էր։ Երբ մայրն ալ մա­­հացաւ, տան մէջ եօթը հո­­գի մնա­­ցինք։ Մեծ քոյրս, որ այն ատեն 14-15 տա­­րեկան էր՝ ամուսնա­­ցեր էր ար­­դէն։ Նախ քան մայրս մեռ­­նի­­­լը իրեն անուսնա­­ցուց։ Ան­­կէ յե­­տոյ մենք տու­­նը մնա­­ցինք։ Կը յի­­շեմ, թէ հօ­­րեղ­­բօրս տան դի­­մացը մեր «մա­­մային»՝ Մա­­րիա Ճա­­քըպ­­սը­­­նի որ­­դեգրած աղ­­ջի­­­կը կար։ Երբ որ հօ­­րեղ­­բօրս կի­­նը կը տես­­նայ, որ հոն եկած է «մա­­ման», կ՚եր­­թայ, բա­­րեխօ­­սու­­թիւն կ՛ընէ։ Ճա­­քըպ­­սը­­­նը «Կ՚ըլ­­լայ, բե­­րէք», կ՚ըսէ։ Պզտիկ քրոջս Ան­­նա­­­յին հե­­տը կը տա­­նի Լի­­բանան որ­­բա­­­նոց։ Աննան այն ատեն մէ­­կու­­կէս կամ եր­­կու տա­­րեկան էր։ Եր­­կու երեք ամիս վերջն ալ, Ապ­­րիլ 3-ին մենք կ՚եր­­թանք Լի­­բանան. ես եւ իմ պզտիկ եղ­­բայրս՝ Մի­­քայէ­­լը։ Իսկ մե­­ծերը մնա­­ցին Հա­­լէպի մէջ։

Որ­­բա­­­նոցի յի­­շատակ­­նե­­­րը վառ են։ Երա­­նու­­թեամբ կը պատ­­մէ ան լաւ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած եւ ապա­­հով որ­­բա­­­նոցի օրե­­րէն քա­­ղուած պատ­­կերներ։

- Առա­­ջին գի­­շերը պառ­­կե­­­ցանք Պուրճ Հա­­մու­­տի մէջ։ Յա­­ջորդ օրը տի­­կին մը մեզ դպրոց տա­­րաւ [Ճի­­պէյլ, Պէյ­­րութէն 20 քի­­լոմե­­թէ հիւ­­սիս, Մի­­ջերկրա­­կանի ափին, պատ­­մա­­­կան Պիպ­­լոս քա­­ղաքը]։ Հոն մեզ յանձնեց Մա­­րիա Ճա­­քըպ­­սը­­­նին։ Քրոջս ըսին, «Եղ­­բայրներդ եկան»։ Առա­­ջին ան­­գամ քրոջս տե­­սայ...։ Դպրո­­ցը եր­­ջա­­­նիկ էինք։ Ընդհան­­րա­­­պէս ար­­դէն որ­­բա­­­նոց եղող­­նե­­­րը եր­­կու, երեք, եր­­բեմն չորս զա­­ւակ կ՛ըլ­­լա­­­յին եւ անոնց մայ­­րե­­­րը եկած կ՛ըլ­­լա­­­յին։ Շա­­տերուն մայ­­րե­­­րը հոն կ՛աշ­­խա­­­տէր։ Մենք որոշ խումբե­­րու բաժ­­նո­­­ւած էինք։ Ամէն մէկ խումբը չորս-հինգ տղոց­­մէ կը բաղ­­կա­­­նար։ Ամէն մէ­­կը բա­­կերու բաժ­­նո­­­ւած էր։ Պէտք էր առ­­տու կա­­նուխ ել­­լէինք ու նախ այդ բա­­կերը մաք­­րէինք։ Ան­­կէ յե­­տոյ զան­­գա­­­կը կը զար­­նո­­­ւէր ու մենք մար­­զանքի պէտք էր, որ եր­­թա­­­յինք։ Մար­­զանքէն վերջ լո­­ւացո­­ւիլ եւ ճա­­շարան։ Ճա­­շէն վերջ՝ աղօթ­­քի։ Աղօթ­­քէն վերջ դպրոց կը սկսէինք։ Ասոնք իրա­­րու ետեւ, ամէն օր նոյնն էր...։ Ան­­շուշտ, թէ հա­­յերէն կը խօ­­սէինք։ Ամէնն ալ հա­­յերէն կը խօ­­սէին, նե­­րառեալ ի՛նքը մա­­մա Ճա­­քըպ­­սը­­­նը։ Իր մայ­­րե­­­նի լե­­զուն ան­­շուշտ գի­­տէր, անգլե­­րէն ալ գի­­տէր, բայց հա­­յերէ­­նը շատ լաւ կը խօ­­սէր։ Կա­­յին նաեւ մի քա­­նի արաբ քրիս­­տո­­­նեայ տղաք, մէկ հատ ալ արաբ աղ­­ջիկ կար, անու­­նը Սըն­­նի Նի­­ժէթ էր։ Դպրո­­ցի մէջ լաւ էինք։ Ֆուտպոլ կը խա­­ղայինք, սկաու­­տա­­­կան շար­­ժում կար, կա­­մաւոր տղոց ըն­­կե­­­րու­­թիւն կար Տա­­նիմար­­քա­­­կան...։

Տա­­նիմար­­քա­­­ցի այդ նո­­ւիրեալ կի­­նը, որ «մայր» էր հա­­զարա­­ւոր հայ որ­­բե­­­րու եւ տե­­ղահա­­նուած­­նե­­­րու հա­­մար, պա­­տաս­­խա­­­նատու էր անոնց սնունդէն, հա­­յեցի դաս­­տիարա­­կու­­թե­­­նէն, հո­­գեւոր կրթու­­թե­­­նէն եւ ապա­­հովու­­թե­­­նէն, պար­­տա­­­ւոր էր նաեւ, ըստ Խա­­չերի խօս­­քով՝ «խիստ» ըլ­­լա­­­լու։

- «Մայ­­րի­­­կը» խիստ էր։ Երբ զինք տես­­նա­­­յինք կը փա­­խէինք, որ չտես­­նայ։ Շատ խիստ էր, բայց շատ գուրգու­­րոտ էր։ Կը գուրգու­­րար, կը համ­­բուրէր, կը շո­­յէր։

Թէեւ ու­­րախ էին որ­­բա­­­նոցի մէջ եւ ապա­­հով, բայց հոն տե­­ղի ու­­նե­­­ցեր են նաեւ ող­­բերգու­­թիւններ։

Դպրո­­ցը ամա­­րանոց մը ու­­նէր, 20 քի­­լոմեթր հե­­ռու Թըր­­զա­­­յա գիւ­­ղին մէջ։ Ամառ­­նե­­­րը հոն կ՛եր­­թա­­­յինք։ Ամէն 15 օրը ան­­գամ մը եր­­կու տղայ, եր­­կու աղ­­ջիկ կու գա­­յին որ­­պէսզի այնտե­­ղի պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւին օգ­­տա­­­կար ըլ­­լան։ Մենք ալ նոյնպէս, շի­­նարա­­րու­­թիւն մը կար, շի­­նարա­­րու­­թեան օգ­­տա­­­կար պի­­տի ըլ­­լա­­­յինք։ Մա­­րիա Ճա­­քըպ­­սը­­­նի խո­­հանո­­ցին տա­­նիքը «սէ­­մէնթ» պի­­տի թա­­փուէր։ Ես եւ Խո­­րէն անու­­նով ինձմէ մեծ տղայ մը եկանք հոն։ Ալ չեմ յի­­շեր եր­­րորդ, չոր­­րորդ օրն էր, սկսանք աշ­­խա­­­տելու։ Վա­­րէն պա­­րոն Յա­­կոբը եր­­կաթնե­­րը կը տար, մենք ալ վե­­րէն կը բռնէինք, կը քա­­շէինք, պա­­րոն Պօ­­ղոսը կը շա­­րէր, որ վեր­­ջը պէ­­թոն թա­­փուէր։ Ալ ինչպէ՞ս եղաւ չեմ գի­­տեր, միասին ին­­կեր ենք եր­­րորդ յար­­կէն։ Երեք յարկ բարձր էր, հին շէնք էր։ Միայն, թէ արթնցայ, որ ին­­ծի կ՛ըսեն. «Ուրտե՞ղդ կը ձա­­ւի»։ Այս խօս­­քը լսե­­ցի։ Հա­­ւաքո­­ւեր էին գլուխս։ Մատս ցցու­­ցի, աջ ոտքս ցցու­­ցի։ Առանց խօ­­սելու ան­­շուշտ։ Մատս կոտ­­րո­­­ւած էր, ակ­­ռա­­­ներս փշրո­­ւած էին, կզակս ծա­­կուած էր, յօնքս պատ­­ռո­­­ւած էր։ Այդ ձե­­ւով հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ մնա­­ցի։ Եր­­բեմն այ­­ցե­­­լու­­ներ կու գա­­յին։ Իսկ ես կը հարցնէի, թէ Խօ­­րէնը ո՞ւր է։ Կը պա­­տաս­­խա­­­նէին, թէ ու­­րիշ հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ է։ Կ՚ըսէի, «Հոս թող գայ, քովս այս մահ­­ճա­­­կալը թող նստի»։ Վեր­­ջը հասկցայ, որ Խո­­րէնը տեղ­­ւոյն վրայ մա­­հացեր է։ Եւ այդ տղան, այդ դպրո­­ցին թիւ մէկ տղոց­­մէ էր ու քա­­նի մը օրէն պի­­տի ել­­լէր, շրջա­­նաւարտ պի­­տի ըլ­­լար։

Սե­­ղանի­­կի վրայ ցու­­ցադրո­­ւող ամէն առար­­կայ ու­­նի իր պատ­­մութիւ­­նը, կ՛արթնցնէ ըն­­տա­­­նեկան մէկ այլ յի­­շատակ։

- Ակ­­նո­­­ցը, դգալ­­նե­­­րը, այս պզտիկ սու­­րը, սո­­ւինը, սուրճ աղա­­լու գոր­­ծի­­­քը, ար­­հեստա­­ւորի զա­­նազան գոր­­ծիքնե­­րը, ասոնք ամէ­­նը եղ­­բօրս քո­­վէն բե­­րած եմ։ Հա­­լէպէն։ Քրոջս քով սուրճի ափ­­սէ մը կար։ Հա­­լէպ կամ Պէյ­­րութ ձգե­­ցինք։ Երա­­նի բե­­րէինք։ Իսկ այս դա­­շոյ­­նի վրայ ես փո­­րագ­­րել տո­­ւի հօրս եւ մօրս անուննե­­րը. «Խա­­չեր Սա­­ճոնեան», «Սի­­մա Դա­­թոեան»։

Ապա կը պատ­­մէ սափ­­րի­­­չի խա­­նու­­թի մը մէջ եղած անակնկա­­լը.

- 1955-ին որ­­բա­­­նոցէն երբ ելայ, եղ­­բայրս զիս սափ­­րի­­­չի մը ծա­­նօթա­­ցուց, որ­­պէսզի հոն եր­­թամ։ Օր մըն ալ նո­­րէն հոն գա­­ցի։ Քա­­նի մը հո­­գի նստած էին, եր­­կու ծե­­րեր եւ մէկ հո­­գի ալ աթո­­ռին վրայ էր, որ կը սափ­­ռո­­­ւէր։ Ես ալ նստե­­ցայ։ Մար­­դը թրքե­­րէնով ըսաւ, «Աս տղան ալ Խա­­չերին տղան է» (Պու տա Խա­­չերին օղ­­լուտուր)։ Մինչ այդ, այն մար­­դը ոտ­­քի ելաւ, զի­­նուո­­րական բա­­րեւ մը տո­­ւաւ ին­­ծի ու ըսաւ, «Ասի­­կա քու հօրդ յար­­գանքին հա­­մար է։ Քու հայրդ մե­­զի շատ օգ­­նա­­­կան եղած է, մեծ զի­­նուո­­րական եղած է, նո­­ւագա­­խումբի պա­­տաս­­խա­­­նատու»։ Այդ ձե­­ւով այդ մար­­դուն յար­­գանքին ար­­ժա­­­նացայ։

Որ­­բա­­­նոցի օրե­­րը կը վեր­­ջա­­­նան ու կը սկսի սե­­փական կեան­­քը որ­­պէս լու­­սանկա­­րիչ։

- Մենք Ան­­ճարցի պա­­րոն մը ու­­նէինք, պա­­րոն Կա­­րօն։ Ատոր կը հարցնէինք, թէ ի՛նչ ար­­հեստ սոր­­վինք։ Ին­­ծի ըսաւ, որ իմ մա­­տերս եր­­կար են ու աղո­­ւոր նկա­­րիչ կրնամ ըլ­­լալ։ Հար­­ցուցի, թէ ի՛նչ է նկար­­չութիւ­­նը։ Բա­­ցատ­­րեց, որ մութ սե­­նեակ կ՛եր­­թան, դե­­ղեր կան, դեղ պի­­տի շի­­նեն, եւ այլն։ Երբ որ 1955-ին դպրո­­ցէն ելայ, եղ­­բօրս ըսի, որ նկար­­չութիւն պի­­տի սոր­­վիմ։ Ար­­հեստս այդ եղած է մին­­չեւ վերջ։

«Թռչնոց բոյն»էն ելած երի­­տասար­­դը, ար­­հեստի ալ տի­­րացած, պատ­­րաստ էր ի՛ր բոյ­­նը շի­­նելու։

- Դրա­­ցի էինք։ Պէյ­­րութի Մա­­րաշ թա­­ղամա­­սը կը նստէինք, ես եւ քոյրս։ Պզտիկ եղ­­բայրս ար­­դէն ամուսնա­­ցած էր։ Դի­­մացի դրա­­ցինիս տե­­սայ երի­­տասարդ աղ­­ջիկ մը։ Ան քրոջս ըն­­կե­­­րու­­հին եղած էր ժա­­մանա­­կին։ Ծա­­նօթ եղած էր։ Անու­­նը՝ Ալիս Պոյ­­մուշա­­կեան։ Այդ ձե­­ւով ծա­­նօթա­­ցանք եւ ըն­­տա­­­նիք կազ­­մե­­­ցինք։ Ու­­նե­­­ցանք երեք աղ­­ջիկ, բախ­­տա­­­ւորո­­ւեցանք վեց թոռ­­նի­­­կով։

Ան­­շունչ առար­­կա­­­ները ոգի, պատ­­կա­­­նելիու­­թիւն, ան­­հա­­­տակա­­նու­­թիւն կը ստա­­նան, երբ ըն­­տա­­­նիքի մե­­ծերը աւան­­դազրոյցնե­­րով կը փո­­խան­­ցեն զա­­նոնք յա­­ջորդ սե­­րունդնե­­րուն - մշա­­կու­­թա­­­յին հարստու­­թիւննե­­րը պա­­հելու լա­­ւագոյն ճամ­­բան։ Կը յու­­սամ, թէ ամէն հայ ըն­­տա­­­նիքի յի­­շատա­­կի առար­­կա­­­ները Խա­­չերեան­­նե­­­րու նո­­թատետ­­րին դա­­շոյ­­նի, սո­­ւինի եւ սրճա­­ղացի չափ բախ­տա­ւոր ըլ­լան ու պա­հեն իրենց ինքնու­թիւնը՝ սե­փական եր­դի­քի տակ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ