Հայաստան դատ կը բանայ Թուրքիոյ դէմ

44օրեայ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանին զօրակցող Թուրքիոյ դէմ Հայստան դիմում կատարած է Եւրոպայի Մարդու Ի րաւունքներու Ատեանին։

Բողոքագրի մէջ Հայաստան օրակարգի կը բերէ սուրիացի վարձկաններուն Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճան փոխադրումը։ ԵՄԻԱ նախ պիտի քննարկէ Հայաստանի դիմումը եւ ապա որոշում պիտի կայացնէ դատական գործողութեան դիմելու մասին։ Յիշենք թէ պատերազմի ընթացքին կողմերը իրար մեղադրած էին խաղաղ բնակիչներու դէմ կատարուած յարձակումներով։ Բացի այդ Ատրպէյճան չէր խուսափած արգիլեալ զէնք ու զինամթերք գործածելէ։

Մինչ այդ Եւրօ Խորհրդարանի 19 Մայիսի նիստին տեղեկագիր մը փոխանցուած է, որու մէջ կը յիշուի Թուրքիոյ կողմէ կատարուած հակահայ քարոզչութիւնները եւ ատելութեան պատգամները։ Կը նշուի նաեւ մշակութային ժառանգի դէմ ոտնձգութեան զանազան օրինակներ։

Այս մասին լրատուուոթիւնը հաղորդուած է Պռիւքսելի մէջ ՀՀ Դեսպանատան կողմէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ