Համավարակը կը շարունակէ զոհեր խլել

Քովիտ 19-ի հա­մավա­րակը կը շա­րու­նա­կէ կեան­քեր խլել առանց իր թա­փը նո­ւազեց­նե­լու։ Ըստ երե­ւոյ­թի ամե­նօրեայ վա­րակ­ման դէպ­քե­րը զգա­լիօրէն նո­ւազած են, սա­կայն մա­հուան տո­ւեալ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ նոյն բարձրու­թեան վրայ։ Հա­մայնքա­յին շրջա­նակ­նե­րու մէջ ծանր ցնցում պատ­ճա­ռեց Գար­թա­լի Ս. Նշան Եկե­ղեց­ւոյ Թա­ղական Խոր­հուրդի Ատե­նապետ՝ Յով­հաննէս Սա­հակօղ­լո­ւի կո­րուստը։ Սա­հակօղ­լու իր շի­նիչ յատ­կութիւննե­րով ար­ժա­նացած էր, թէ իր գոր­ծընկեր­նե­րուն եւ թէ շփման ան­ցած պոլ­սա­հայ հա­մայնքի բո­լոր խա­ւերուն համակրանքին։ Ան յա­ջողած էր սի­րաշա­հիլ բո­լորին գնահատանքը, որ ար­գա­սիքն էր անոր բե­ղուն ու ար­դիւնա­ւետ աշ­խա­տան­քին։ Այդ աշ­խա­տու­թիւննե­րու շնոր­հիւ է որ Գար­թա­լի Ս. Նշան Եկե­ղեցին եւս յա­ջողե­ցաւ ան­ցեալին իր­մէ յափշտա­կուած կարգ մը կա­լուած­նե­րուն վե­րատի­րանա­լու։ Սա­կայն ան իր հե­զու­թեան մէջ եր­բեք չէր փոր­ձած նման յա­ջողու­թիւննե­րը ինքնա­գովու­թեան առար­կայ դարձնել։

18 Մա­յիսին եւս վե­րահա­սու եղանք լրագ­րող Ատ­նան Կեն­ճի մա­հուան բօ­թին։ Ատ­նան Կենչ իբ­րեւ համ­շէնցի մտա­ւորա­կան, մեծ վաս­տակ ու­նե­ցած էր մա­մու­լի բնա­գաւա­ռէ ներս աշ­խա­տակ­ցե­լով զա­նազան թեր­թե­րու, որոնց կար­գին եղած էր նաեւ «Ակօս»ը։

Ան տա­կաւին ­լի­սէի տա­րինե­րուն մաս­նակցած էր «Միլ­լի­յէթ» օրա­թեր­թի անձնա­կազ­մին իբ­րեւ գրա­շար։ Ատ­նան Կենչ շու­տով ան­ցաւ թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մին, ուր տի­րապե­տեց աս­պա­րէզի բո­լոր նրբու­թիւննե­րուն։ Վեր­ջերս մա­մու­լի մատ­նո­ւած ճգնա­ժամի հե­տեւան­քով ան զրկո­ւած էր մշտա­կան աշ­խա­տան­քէ եւ սա­կայն բե­ղուն ար­տադրու­թիւններ կը կա­տարէր զա­նազան թեր­թե­րուն յօ­դուած­ներ ստո­րագ­րե­լով։

Ատ­նան Կենչ նաեւ վա­ղեմի բա­րեկամն էր «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու Աւագ Խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեանի եւ Բագ­րատ Էս­դուգեանի։

Վեր­ջերս ար­դէն վատ­թա­րացած առող­ջութիւ­նը ար­գելք կը հան­դի­սանար անոր միայ­նա­կ կե­ցու­թեեան, որու բեր­մամբ փո­խադ­րո­ւած էր ծե­րանոց մը, ուր մա­սամբ մե­կու­սա­ցած կեանք մը կը տա­նէր։ Միայն հա­մակար­գի­չով է որ կը շփուէր իր եր­բեմնի բա­րեկամ­նե­րուն հետ, բայց այդ պայ­մաննե­րու տակ իսկ հա­մավա­րակը թա­կեց իր դու­ռը եւ սի­րելի բա­րեկամ մը եւս յափշտա­կեց մեզ­մէ։

Անոր լրագ­րո­ղական վաս­տա­կին մէջ շատ ու­րոյն նշա­նակու­թիւն մը ու­նի համ­շենցի­ներու «Հա­տիկ» միու­թեան ջան­քե­րով հրա­տարա­կուած «Կոր» պար­բե­րակա­նը, որուն նա­խաձեռ­նողնե­րէն եւ հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը եղած էր ինք։ Իբ­րեւ «Ակօս»ի անձնա­կազմ կը սգանք, որ­քան ալ տար­բեր բնա­գաւառ­նե­րու մէջ գոր­ծեն այս եր­կու կա­րեւոր զո­հերու յի­շատա­կներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ