Եշիլգիւղի սաներու յաջողութիւնը

Այս վերջերս Եշիլգիւղի Հայոց Վարժարա­նի սա­ները մեծ ու գնա­հատե­լի յա­ջողու­թիւն ձեռք ձգե­ցին մաս­նակցե­լով մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թի մը, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած է «Robotex Turkey 2021 Նա­խաձեռ­նութեան Նա­խագ­ծի Մի­ջազ­գա­յին Մրցոյթ»ի անու­նին տակ։ Մաս­նա­կից­ներն էին վար­ժա­րանի Զ. դա­սարա­նի սա­ներէն Մի­լա Տե­ւեճիան եւ Քրիս Էօզ­հալլա­ճեան , որոնք “Hıgh Mikri” անուանե­լով իրենց խումբը, իրենց ուղղե­ցոյց ու­սուցչու­հի Աղաւ­նի Տու­րասլա­նի առաջ­նորդու­թեամբ «Unipsiko» խո­րագ­րեալ ծրա­գիրը պատ­րաստե­ցին ու առող­ջա­գիտա­կան մար­զէն ներս յա­ջողա­պէս ար­ժա­նի եղան առաջ­նութեան մրցա­նակին։

Իսկ Է. դա­սարա­նի սա­ներէն Նի­քոլ Թաշ­ճեան, Այ­գուն Ներ­սէ­սեան եւ Սե­ւակ Իւչքար­տէշէ բաղ­կա­ցած «SAN» խումբն ալ, իրենց ուղղե­ցոյց ու­սուցչու­հի Այ­լին Ճը­րըլի առաջ­նորդու­թեամբ ,«Հա­կաճա­ռագայթման Պաշտպա­նու­թիւն» ծրագ­րով Կի­րառա­կան Բնա­գիտու­թեան մար­զէն ներս ար­ժա­նացան Եր­րորդ մրցա­նակի։ Մրցոյ­թին մաս­նակցած էին Թուրքիոյ 680 վար­ժա­րան­ներ։ Այսպէ­սով Եշիլ­գիւղի Հա­յոց Վար­ժա­րանի սա­ները յա­ռաջի­կայ շրջա­նին Էս­տո­նիայի մէջ պի­տի ըլ­լան Թուրքիոյ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։

ROBOTEX TURKEY, որ Թուրքիոյ սահ­մաննե­րէն ներս կը կազ­մա­կեր­պէ մե­ծածա­ւալ գի­տական գոր­ծունէու­թիւններ, կը ներ­կա­յաց­նէ նաեւ ROBOTEX INTERNATIONAL TALİNN/ESTONYA կազ­մա­կեր­պութիւ­նը, որու շնոր­հիւ աշ­խարհի չորս կող­մե­րէ ճար­տա­րագետ­ներ, մեծ ըն­կե­րու­թիւննե­րը կա­րավա­րող ան­ձեր կը մէկ­տե­ղուին, ներշնչո­ւելու հա­մար արո­ւես­տա­գիտա­կան վեր­ջին նո­րու­թիւննե­րէն, նոր ձեռ­նարկնե­րը ու­սումնա­սիրե­լու, ռո­բոտ­ներ ծրագ­րե­լու հա­մար եւլն.։

Հա­մաճա­րակի ներ­կայ ու դժո­ւարին պայ­մաննե­րուն տակ, մեծ յոյս կը ներշնչէ մեր զա­ւակ­նե­րուն յա­ջողու­թիւնը, որու շնոր­հիւ կը յու­սադրո­ւինք թէ անոնք պի­տի ըլ­լան ապա­գայի գիտ­նա­կան­նե­րը եւ պի­տի դառ­նան հա­յու­թեան եւ մարդկու­թեան պար­ծանքը։

Այ­սուհե­տեւ յա­ջողու­թիւն կը մաղ­թենք վար­ժա­րանի սա­ներուն եւ իրենց ուղղե­ցոյց ու­սուցչու­հի­ներուն Էս­տո­նիայի մէջ կա­յանա­լիք հանգրո­ւանին, մաղ­թե­լով, որ նո­րանոր յա­ջողու­թիւննե­րով կը վե­րադար­նան քա­ղաքս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ