Ընթացք դէպի լուծում

Երբ հա­­մավա­­րակը զգա­­լիօրէն դան­­դա­­­ղեցու­­ցած է ըն­­կեային կեան­­քը պոլ­­սա­­­հայու­­թեան մօտ, կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւին ան­­նա­­­խադէպ զար­­գա­­­ցումներ, որոնց նմա­­նը հա­­զուա­­դէպ է աւե­­լի քան հինգ դա­­րերու եր­­կա­­­րող պոլ­­սա­­­հայ պատ­­մութեան մէջ։ Յա­­ճախ չէ որ պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքը իր իրա­­ւունքնե­­րը պաշտպա­­նելու հա­­մար դի­­մէ դա­­տարան եւ աւե­­լի կա­­րեւո­­րը՝ ստա­­նայ դրա­­կան ար­­դիւնքներ։

Հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու հան­­րա­­­ծանօթ իրա­­ւապաշտպան Սեդ­­րակ Տա­­ւութհան այս օրե­­րուս կ՚այ­­ցե­­­լէ թրքա­­հայ մա­­մու­­լը եւ տե­­ղեկու­­թիւններ կը փո­­խան­­ցէ վեր­­ջերս ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած կարգ մը ձեռքբե­­րումնե­­րու մա­­սին։ Այսպէս իր փո­­խան­­ցումնե­­րով տե­­ղեակ կը դառ­­նանք թէ վե­­րաքննիչ դա­­տարա­­նը մեր­­ժած է Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ըանդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թեան առար­­կութիւ­­նը, ընդդէմ Ան­­գա­­­րայի Վար­­չա­­­կան Ատեանի ար­­ձա­­­կած վճռին, որ չե­­ղեալ կը հա­­մարէր Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թեան հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թիւննե­­րը առ­­կախ հա­­մարող որո­­շու­­մը։ Այդ որո­­շու­­մով թէեւ ճամ­­բայ բա­­ցուած էր հա­­մայնքա­­յին ընտրու­­թիւննե­­րը իրա­­կանաց­­նե­­­լու հա­­մար, բայց մեր­­ հաստա­­տու­­թիւննե­­րէն շա­­տեր վա­­րանած էին այդ առի­­թին ըն­­դա­­­ռաջե­­լու, հա­­ւատա­­րիմ մնա­­լով իրենց աւան­­դա­­­կան պահ­­պա­­­նողա­­կանու­­թեան։ Անոնք ան­­ցեալէն այս կողմ չու­­նե­­­նալով իրա­­ւունք պա­­հան­­ջե­­­լու սո­­վորու­­թիւն, շա­­րու­­նա­­­կեցին սպա­­սողա­­կան դիր­­քի մէջ մնալ մին­­չեւ այն պա­­հը, ուր պաշ­­տօ­­­նապէս կա­­ռավա­­րու­­թիւնեը ներ­­կա­­­յաց­­նող կազ­­մէ մը ստա­­նան յստակ թոյլտո­­ւու­­թիւն։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար հա­­մայնքա­­յին չորս հաս­­տա­­­տու­­թիւններ Կեդ­­րո­­­նակա­­նի, Գա­­րակէօզեանի, Ս. Խաչ Դպրե­­վան­­քի եւ Գալ­­ֆա­­­յեանի խնա­­մակալ­­նե­­­րը հե­­նելով դա­­տական վճռին, որո­­շում կա­­յաց­­ուցին Հոկ­­տեմբեր ամ­­սո­­­ւայ մէջ ութ տա­­րիէ ի վեր առ­­կա­­­խուած ընտրու­­թիւննե­­րը իրա­­կանաց­­նե­­­լու հա­­մար։

Այս վեր­­ջին զար­­գա­­­ցու­­մէն ետք կը սպա­­սուի թէ Ս. Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութիւ­­նը եւ թա­­ղական խոր­­հուրդներ եւս բռնեն նոյն ճամ­­բան եւ որո­­շում կա­­յաց­­նեն անհրա­­ժեշտ նա­­խապատ­­րաստու­­թիւննե­­րէն ան­­մի­­­ջապէս ետք ընտրու­­թեան թո­ւական մը ճշդեն։ Հա­­ւանա­­բար այս պա­­հուն հրա­­տապ կը դառ­­նայ ընտրու­­թեան կեդ­­րոնական յանձնա­­խումբի մը կազ­­մութիւ­­նը, որ­պէսզի յետ այ­սու ձե­ւաւո­րէ ընտրու­թեան կարգն ու կա­նոնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ