Պատրիարքական Աթոռը 560 Տարեկան

Ըստ աւան­­­դութեան, Թուրքիոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քութեան հիմ­­­նադրու­­­թեան տա­­­րեդար­­­ձը ամէն տա­­­րի կը նշուի Հո­­­գեգալստեան Տօ­­­նին։ Թա­­­գաժահ­­­րի սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կումնե­­­րուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ այս տա­­­րի եւս կա­­­րելի չե­­­ղաւ ժո­­­ղովուրդի մաս­­­նակցու­­­թեամբ նշել այս պան­­­ծա­­­­­­­լի յի­­­շատա­­­կու­­­թիւնը։ Իսկ միւս կող­­­մէ, Աթո­­­ռոյս հաս­­­տատման տա­­­րեդար­­­ձին առ­­­թիւ կա­­­տարո­­­ւեցաւ հո­­­գեւոր արա­­­րողու­­­թիւն, զոր տե­­­սասփռո­­­ւեցաւ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռոյս կայ­­­քէ­­­­­­­ջէն։

Ն.Ա.Տ. Սա­­­հակ Բ. Պատ­­­րիարք Հօր նա­­­խագա­­­հու­­­թեամբ, 22 Մա­­­յիս 2021, Շա­­­բաթ, յետ մի­­­ջօրէին, Ս. Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին Աթո­­­ռանիստ Մայր Տա­­­ճարին մէջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ «Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Մաղ­­­թանք», որ առիթ դար­­­ձաւ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռոյ սուրբ առա­­­քելու­­­թեան ան­­­սա­­­­­­­սանու­­­թեան հա­­­մար աղօ­­­թելու։ Արա­­­րողու­­­թեան մաս­­­նակցե­­­ցան Աթո­­­ռոյս միաբան հայ­­­րե­­­­­­­րը, քա­­­հանա­­­ներ, ժա­­­ռան­­­գա­­­­­­­ւոր սա­­­ներն ու Ար­­­մաշ Դպրաց Խումբի ան­­­դամներ, ինչպէս նաեւ Աթո­­­ռանիստ Մայր Տա­­­ճարի Թա­­­ղային Խոր­­­հուրդի ատե­­­նապետ Հրանդ Մոս­­­կո­­­­­­­ֆեան։

Արա­­­րողու­­­թեան սկիզ­­­բը Նո­­­րին Ամե­­­նապա­­­տուու­­­թիւնը ի ձե­­­ռին ու­­­նե­­­­­­­նալով Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռոյ պատ­­­մա­­­­­­­կան մա­­­կանը, հո­­­գեւո­­­րակա­­­նաց թա­­­փորով առաջ­­­նորդուեցաւ տա­­­ճար, ուր նա­­­խագա­­­հեց արա­­­րողու­­­թեան։ Մաղ­­­թանքի աւար­­­տին Նո­­­րին Ամե­­­նապա­­­տուու­­­թիւնը օրհնեց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան դա­­­րաւոր Աթոռն եւ մեր հա­­­մայնքը։ Սոյն արա­­­րողու­­­թիւնը առիթ դար­­­ձաւ, որ Հայ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս եւ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռոյս մաս­­­նա­­­­­­­ւորա­­­պէս շի­­­նու­­­թեան, բա­­­րեկար­­­գութեան եւ ան­­­սա­­­­­­­սանու­­­թեան հա­­­մար։

Արա­­­րողու­­­թեան աւար­­­տին, մեր Հո­­­գեւոր Պե­­­տը ար­­­տա­­­­­­­սանեց իր պատ­­­գա­­­­­­­մը, որուն ըն­­­թացքին 560 տա­­­րեկան դար­­­ձած Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռոյ հաս­­­տատման յի­­­շատա­­­կու­­­թիւնը կա­­­րեւոր ան­­­կիւնա­­­դարձ մը որա­­­կեց։ Յի­­­շեցուց, թէ Պո­­­լիսը ան­­­ցեալին օր­­­րա­­­­­­­նը դար­­­ձած է արեւմտա­­­հայե­­­րէնի կերտման, զար­­­թօնքի եւ փա­­­ռահեղ ազ­­­գա­­­­­­­յին գոր­­­ծիչնե­­­րու շա­­­րանին։ Նո­­­րին Ամե­­­նապա­­­տուու­­­թիւնը ապա շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց.

«Ու­­­րախ ենք եւ հպարտ, քա­­­նի 560 տա­­­րուան ժա­­­ռան­­­գը հա­­­սած է մեր օրե­­­րուն։ Տա­­­կաւին մեր պայ­­­մաննե­­­րով ու­­­նինք պատ­­­կա­­­­­­­ռելի ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւն մը այս քա­­­ղաքին մէջ եւ այս մէ­­­կը ամ­­­բողջ Հա­­­յու­­­թեան հա­­­մար մեծ վկա­­­յու­­­թիւն մըն է։ Ու­­­նինք այս երկրին մէջ եկե­­­ղեցի­­­ներ, դպրոց­­­ներ հան­­­դերձ իրենց աշա­­­կերտնե­­­րով, ու­­­նինք միաբա­­­նու­­­թիւն, եկե­­­ղեցա­­­կանաց դաս, սար­­­կա­­­­­­­ւագ­­­նե­­­­­­­րու եւ դպիր­­­նե­­­­­­­րու փա­­­ղանգ, երգչա­­­խումբեր, վար­­­չա­­­­­­­յին­­­ներ, հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոց­­­ներ, մա­­­մուլ եւ իր եկե­­­ղեցիին կա­­­պուած հա­­­մայնք մը։ Հե­­­տեւա­­­բար ու­­­նինք ըսե­­­լիք խօսք եւ ընե­­­լիք գործ։ Ինչպէս մեր նախ­­­նի­­­­­­­քը ոտ­­­քի պա­­­հեցին, մենք ալ մեր կար­­­գին պի­­­տի ջա­­­նանք ոտ­­­քի պա­­­հել զայն՝ եկե­­­ղեցա­­­կան դա­­­սով ու աշ­­­խարհա­­­կան զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րով»։

Պատ­­­րիարք Հայ­­­րը, նախ քան վեր­­­ջին օրհնու­­­թիւնը, նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով Աթո­­­ռոյս տա­­­րեդար­­­ձը, նաեւ գե­­­ղեցիկ անակնկա­­­լով մը Աթո­­­ռոյս միաբան­­­նե­­­­­­­րէն Հոգշ. Տ. Յո­­­վակիմ Աբղ. Սե­­­րով­­­բեանին շնոր­­­հեց լան­­­ջա­­­­­­­խաչ կրե­­­լու ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թիւնը։ Այս առի­­­թով մաղ­­­թեց որ Ս. Խա­­­չի սպա­­­սաւոր­­­ներ, խա­­­չի զօ­­­րու­­­թեամբ ար­­­ժա­­­­­­­նանան Տի­­­րոջ օրհնու­­­թեան։

Արա­­­րողու­­­թիւնը իր աւար­­­տին հա­­­սաւ, Տէ­­­րու­­­նա­­­­­­­կան Աղօթ­­­քով։ Ապա, Նո­­­րին Ամե­­­նապա­­­տուու­­­թիւնը թա­­­փորով առաջ­­­նորդո­­­ւեցաւ Պատ­­­րիար­­քա­­­րան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ