Վրաստանի սահմանը բացուած

Հայաստանի ցամաքային սահմանագիծը սկսած է 1 Յունիսէն այս կողմ գործել։ Ինչպէս ծանօթ է Վրաստան համավարակի պատճառաւ նախորդ տարի Մարտ ամսուն Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանը փակած էր փոխադրամիջոցներուն։ Այս դրութիւնով Վրացական իշխանութիւնները ճանապարհ բացած կ՚ըլլան, բացի Հայաստանէն դէպի Ռուսիոյ Դաշնութիւն, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան։ Սակայն ցամաքային սահմանը անցնիլ ցանկացողներէն կը պահանջուի պատուաստումի մասին փաստաթուղթ եւ վերջին 72 ժամերու ընթացքին ստուգուած թեսթաւորման բացասական արդիւնք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ