10 հազարէն աւելի մարդ միացած է «Ապագայ Հայկականը» նախաձեռնութեան

Յու­նի­սի 2, 2021թ., Երե­ւան։ «Ապա­գայ Հայ­կա­կանը» հան­րա­յին նա­խաձեռ­նութեանը միացած են աւե­լի քան 10 հա­զար մարդ Հա­յաս­տա­նէն եւ ամ­բողջ աշ­խարհէն։ Նա­խաձեռ­նողնե­րը հիմ­նա­կանին Հա­յաս­տա­նէն են՝ 57 %, Ռու­սաստա­նէն՝ 17 %, Միացեալ Նա­հանգնե­րէն՝ 10 %, նա­խաձեռ­նութեան միացած են նաեւ Գա­նատա­յէն, Ար­կենդի­նայէն, Ֆրան­սայէն, Գեր­մա­նիայէն եւ այլ երկրնե­րէն։ Անոնց հետ կը կազ­մա­կեր­պուին քննար­կումներ, հան­դի­պումներ եւ աշ­խա­տաժո­ղով­ներ՝ միասին քննար­կե­լու եւ որո­շելու հա­մար նա­խաձեռ­նութեան 15 նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու լա­ւագոյն ու­ղին։

«Ապա­գայ Հայ­կա­կանը» նա­խաձեռ­նութեան նպա­տակն է ստեղ­ծել Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան կա­յուն զար­գացման շուրջ հա­մընդհա­նուր փո­խըմբռնում։ Այն նա­խաձեռ­նած են Ռի­չարդ Ազար­նիան (Ֆրան­սա), Ար­թուր Ալա­ւեր­տեանը (Հա­յաս­տան), Նու­պար Աֆէ­յեանը (ԱՄՆ) եւ Ռու­բէն Վար­դա­նեանը (Ռու­սաստան)։

«Ապա­գայ Հայ­կա­կանը» հան­րա­յին նա­խաձեռ­նութիւն է, որ ուղղո­ւած է սահ­մա­նելու կա­րեւոր նպա­տակ­ներ, որոնք կա­րող են օգ­նել Հա­յաս­տա­նի ապա­գային շատ աւե­լի լաւ հանգրուանի հաս­նիլ՝ ըլլաով իրա­տես առ­կայ իրա­վիճա­կը եւ հայ ազ­գի ու­ժեղ կող­մե­րու, աշ­խարհի մէջ Հա­յաս­տա­նի դիր­քը, տնտե­սու­թեան, ռե­սուրսնե­րու վե­րաբե­րեալ։ Մենք պէտք է ապա­գայի ծրա­գիր կազ­մենք, որ նախ կը ներգրա­ւէ բո­լոր հա­յերուն, այ­նուհե­տեւ անոնք կը սկսին աշ­խա­տիլ միասին։ Սա է Ապա­գայ Հայ­կա­կանը նա­խաձեռ­նութեան նպա­տակը» կ՚ըսէ «Ապա­գայ Հայ­կա­կանը» շարժման հա­մանա­խաձեռ­նող Նու­պար Աֆէ­յեանը։

Նա­խաձեռ­նութեան յա­ջորդ նպա­տակա­կէտն է 30.000 նա­խաձեռ­նող ներգրա­ւել։ Միայն անոնք նա­խապէս՝ մինչ հրա­պարա­կու­մը, կը ստա­նան 15 նպա­տակ­նե­րու վեր­լուծու­թեանը նո­ւիրուած յօ­դուած­ներ, ինչպէս նաեւ «McKinsey & Company» ըն­կե­րու­թեան մշա­կած յա­տուկ զե­կոյցն ու Հա­յաս­տա­նի զար­գացման վե­րաբե­րեալ ծրա­գիրը։

Հե­տաքրքրո­ւած բո­լոր մար­դիկ կրնան դառ­նալ հա­մանա­խաձեռ­նող՝ այ­ցե­լելով www.futurearmenian.com կայք, մաս­նակցե­լով «Ապա­գայ Հայ­կա­կանը» նա­խաձեռ­նութեան յառա­ջիկայ քննար­կումնե­րուն եւ միասին ծրագ­րել հե­տագայ քայ­լե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ