Ակնկալութիւնները ի սպառ մնացին

31 Մա­յիսին կա­յացած Նա­խարար­նե­րու ժո­ղովէն ետք Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Էր­տո­ղան բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ Քո­րոնա Ժահ­րի հա­մավա­րակի հետ պայ­մա­նաւո­րուած սահ­մա­նափա­կումնե­րու աս­տի­ճանա­բար մեղ­մացման կա­նոն­նե­րու մա­սին։

Նշենք թէ յատ­կա­պէս սրճա­րան­ներ եւ ճա­շարան­ներ մեծ յու­զումով կը սպա­սէին սահ­մա­նափա­կումնե­րու եթէ ոչ ամ­բողջովին վե­րաց­ման, բայց գո­նէ որոշ չա­փով ազա­տու­թեան մա­սին լու­րե­րը։ Սա­կայն շու­տով պար­զո­ւեցաւ որ կան­խա­միջոց­նե­րու թու­լա­ցու­մը հե­ռու է այդ զան­գո­ւածի ակնկա­լու­թիւննե­րը գո­հաց­նե­լէ։ Տրո­ւած ըլ­լա­լով որ ճա­շարան­նե­րը ար­տօ­նուած են մին­չեւ ժա­մը 21 յա­ճախորդ ըն­դունե­լու եւ այդ ժա­մէն ետք ալ միայն պա­տուէր­նե­րու առա­քու­մը կա­տարե­լու։ Այս սահ­մա­նափա­կու­մով յայտնի կը դառ­նայ թէ կա­ռավա­րու­թիւնը հա­մավա­րակը առի­թի մը կը վե­րածէ ալ­քոլային խմիչքնե­րու օգ­տա­գործման դէմ։

Կրօ­նամէտ գա­ղափա­րախօ­սու­թեան իշ­խա­նու­թեան գա­լով հա­սարա­կու­թեան մէջ տի­րած էր, այն մտա­վախու­թիւնը թէ սոյն կա­ռավա­րու­թիւնը ժո­ղովուրդի կեն­ցա­ղը պի­տի ձե­ւաւո­րէ կրօ­նական թե­լադ­րանքնե­րու հի­ման վրայ։ Այդ ժա­մանակ Էր­տո­ղան խստիւ մեր­ժած էր նման մտա­հոգու­թիւնը յայտնե­լով թէ բա­ցար­ձակ նպա­տակ չու­նին մարդկանց ապ­րե­լաոճին մի­ջամ­տե­լու առու­մով։ Սա­կայն օրըս­տօ­րէ կը յայտնո­ւի այդ հա­ւանա­կանու­թեան իրա­ւացիու­թիւնը, քա­նի որ Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թիւնը ար­դէն ան­հա­մեմատ բարձր հար­կե­րով գրե­թէ ան­հա­սանե­լի դար­ձած ալքո­լային խմիչքնե­րու սպա­ռու­մը ալ աւե­լի նո­ւազաց­նե­լու հա­մար իբ­րեւ պատ­րո­ւակ կը շա­հագոր­ծէ հա­մավա­րակը։

Միւս կող­մէ մշա­կու­թա­յին նա­խաձեռ­նութիւններն ալ կը շա­րու­նա­կեն ար­գի­լուած մնալ, քա­նի որ այս վեր­ջին թոյլտո­ւու­թիւննե­րու շար­քին մէջ չեն նշո­ւած թատ­րո­նի կամ շար­ժանկա­րի սրահ­նե­րը։ Իսկ թոյլտո­ւու­թիւննե­րու ցան­կին մէջ կը տես­նենք շա­բաթ եւ կի­րակի օրե­րու փո­ղոց ել­լե­լու ար­գելքին մա­սամբ վե­րացու­մը եւ այ­սուհե­տեւ շա­բաթ օրե­րը հա­սարա­կու­թիւնը ազատ պի­տի ըլ­լայ մին­չեւ ժա­մը 22.00 շրջա­գայե­լու։

Վե­րացած են նաեւ տա­րիքի հետ պայ­մա­նաւո­րուած սահ­մա­նափա­կումնե­րը։ Այսքա­նը ան­գամ որոշ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռեց սրճա­րան­նե­րու եւ առանց խմիչ­քի ճա­շարան­նե­րու գոր­ծա­տէրե­րուն։ Այս մա­սին Պատ­րիար­քա­րանն ալ իր կար­գին հրա­պարա­կեց եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թիւննե­րու մա­սին շրջա­բերա­կան մը, որուն ման­րա­մաս­նութիւննե­րը ներ­կա­յացուած է թեր­թիս էջե­րուն վրայ։

Նոյն օր Կրթու­թեան Նա­խարարն ալ յայ­տա­րարեց թէ գիւ­ղե­րու մէջ դպրոց­նե­րը կ՚անցնին ուսման եղա­նակին։ Իսկ քա­ղաք­նե­րու մէջ նոյն դրու­թիւնը կը կա­տարո­ւի շաբ­թուն եր­կու օրե­րը միայն։

Թուրքիոյ զբօ­սաշրջա­կան շու­կան եւս մեծ յոյ­սեր կա­պած էր յատ­կա­պէս օտար երկիր­ներէ գա­լիք զբօ­սաշրջիկ­նե­րու նկատ­մամբ։ Սա­կայն Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան դէ­պի Թուրքիա չո­ւերթնե­րու ար­գելքը մին­չեւ 21 Յու­նիս եր­կա­րաձ­գե­լով պաղ ցնցու­ղի ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց այդ բնա­գաւա­ռէն ներս։ Ռու­սաստան չո­ւերթնե­րու ար­գե­լափա­կու­մը կը ­շարու­նա­կէ միայն եր­կու եր­կիրնե­րու, որոնք են Թան­զա­նիա եւ Թուրքիա։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ