Կը շարունակուին պետական անօրինութեան հրապարակումները

Ինչպէս նա­­խորդ շա­­բաթ ալ «Ակօս»ի էջե­­րու վրայ ար­­ձա­­­գան­­գած էինք, յան­­ցա­­­գործ աշ­­խարհի կա­­րեւոր դե­­րակա­­տար­­նե­­­րէն, այժմ Արա­­բական Էմի­­րատ­­ներ ապաս­­տա­­­նած Սե­­տաթ Փե­­քեր իր հեր­­թա­­­կան հրա­­պարա­­կումնե­­րով կը շա­­րու­­նա­­­կէ ցնցել Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տը։ Ան ար­­դէն շա­­տերու հա­­մար ծա­­նօթ իրո­­ղու­­թիւննե­­ր է որ կը հրա­­պարա­­կէ, բայց իր հրա­­պարա­­կումնե­­րը աւե­­լի ցնցիչ կը դառ­­նան պար­­զա­­­պէս այն պատ­­ճա­­­ռաւ թէ ու­­նին խոս­­տո­­­վանու­­թեան բնոյթ։ Փե­­քեր կը խօ­­սի պե­­տու­­թեան յան­­ցա­­­գործ դրու­­թիւննե­­րու մատ­­նո­­­ւած ըլ­­լա­­­լու մա­­սին առա­­ջին կար­­գի վկա­­յու­­թիւննե­­րով։ Այս է որ իր խօս­­քը աւե­­լի ազ­­դե­­­ցիկ կը դարձնէ եւ մար­­դիկ կաս­­կած չեն ապ­­րիր անոր ճշգրտու­­թե­­­նէն։ Այս ծի­­րէն ներս ու­­շագրաւ էր անոր Հրանդ Տին­­քի սպա­­նութեան հետ առնչո­­ւած պնդումնե­­րը եւս։ Ինչպէս ծա­­նօթ է Հրանդ Տինք ըն­­տա­­­նիքի իրա­­ւապաշտպան­­նե­­­րը դա­­տարա­­նը կը հրա­­ւիրէին կարգ մը անուննե­­րու գոր­­ծունէու­­թիւնը ու­­սումնա­­սիրե­­լու, բայց ընդմիշտ կը մեր­­ժո­­­ւէր անոնց այդ բնոյ­­թի պա­­հանջնե­­րը։ Իսկ այժմ Փե­­քերի խոս­­տովանու­­թիւննե­­րը կ՚ապա­­ցու­­ցեն թէ որ­­քան տե­­ղին եղած են, այդ պա­­հանջնե­­րը ոճի­­րը պար­­զա­­­բանե­­լու առու­­մով։

Փե­­քեր նա­­խորդ կի­­րակիի իր հեր­­թա­­­կան հրա­­պարա­­կու­­մով ազ­­դանշան­­ներ տո­ւաւ որ յա­­ռաջի­­կայ օրե­­րուն հա­­ւանա­­բար կարգ մը մե­­ղադ­­րանքներ հնչեց­­նէ նաեւ ուղղա­­կի նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի հաս­­ցէին։

Այդ զար­­գա­­­ցումնե­­րու ընդմէ­­ջէն Ժո­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան Կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Ֆի­­լիզ Քե­­րես­­թէ­­­ճիօղ­­լու յա­­տուկ հար­­ցում ուղղած է Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լո­­­ւին, այս վեր­­ջի­­­նէն պա­­հան­­ջե­­­լով բա­­ցատ­­րել Տին­­քի ոճի­­րի մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րէն Էր­­հան Թունճէ­­լի կա­­պը նախ­­կին նա­­խարար Մեհ­­մետ Աղա­­րի եւ նախ­­կին զօ­­րավար Վե­­լի Քիւ­­չիւքի հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ