Հասան Սալթըքը ճամբեցինք լուսեղէն առագաստով

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Դարեր շա­­րու­­նակ արո­­ւես­­տի կա­­րեւո­­րագոյն խնդի­­րը եղած է շու­­կա­­­յի հետ յա­­րաբե­­րու­­թիւնը։ Արո­­ւես­­տա­­­գէտը կը ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծէ առանց նկա­­տի ու­­նե­­­նալու իր աշ­­խա­­­տան­­քին դրա­­մական փո­­խար­­ժէ­­­քը եւ սա­­կայն ապ­­րուստի հո­­գերը կը պար­­տադրեն նաեւ այդ աշ­­խա­­­տան­­քին պատ­­շաճ վար­­ձատրու­­թիւնը։ Ահա այդ հանգրո­­ւանին է, որ օրա­­կար­­գի կու գայ արո­­ւես­­տի եւ դրա­­մի յա­­րաբե­­րու­­թիւն մը, որ շատ ան­­գամ ալ կը վե­­րածո­­ւի անար­­դար ճնշու­­մի մը ազատ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու դի­­մաց։ Բո­­լոր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն յա­­տուկ երե­­ւոյթ մըն է այս, որուն մէջ շատ ան­­գամ տու­­ժո­­­ղը կ՚ըլ­­լայ ին­­քը՝ արո­­ւես­­տը։ Եթէ նիւ­­թը դի­­տենք այս տե­­սան­­կիւնով Ունքա­­փանը թա­­ղի երաժշտա­­կան շու­­կան շատ հե­­տաքրքրա­­կան օրի­­նակ մը ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յանայ։ Վայր մը՝ ուր շա­­հի ակնկա­­լու­­թիւննե­­րով դիւ­­րաւ կը փայ­­լին անար­­ժաննե­­րը եւ դիւ­­րաւ կ՚ան­­տե­­­սուին իրաւ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը։ Այդ շու­­կա­­­յի մէջ շու­­կա­­­յին պար­­տադրած պայ­­մաննե­­րը մեր­­ժող ըն­­կե­­­րու­­թիւն մը եղած է «Քա­­լան»ը, որուն հիմ­­նա­­­դիրն ու սե­­փակա­­նատէրն էր բո­­լորին կող­­մէ յար­­գո­­­ւած Հա­­սան Սալ­­թը­­­քը։ Ան մեր­­ժած էր հնա­­զան­­դիլ շու­­կա­­­յի թե­­լադ­­րանքնե­­րուն եւ նա­­խընտրած էր զօ­­րակ­­ցիլ իրա­­կան արո­­ւես­­տին։ Թէ յա­­ջողած էր կարծրա­­տիպե­­րը կոտ­­րել եւ թէ նաեւ յար­­մա­­­րուիլ շու­­կա­­­յի նա­­խապա­­տու­­թեան, որն է շահ ապա­­հովել։ Հոն է որ կը յայտնո­­ւի Հա­­սան Սալ­­թը­­­քի յա­­ջողու­­թիւնը։ Ամէն ինչ հասկնա­­լի եւ ըն­­դունե­­լի պի­­տի դառ­­նար եթէ Սալ­­թըք իր նա­­խասի­­րու­­թիւննե­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ մատ­­նո­­­ւէր դրա­­մական ծանր վնաս­­նե­­­րու։ Պա­­տահե­­ցաւ հա­­կառա­­կը, ան առիթ տո­­ւաւ ու­­րիշ ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու կող­­մէ շա­­հու­­թա­­­բեր չտես­­նո­­­ւելով մեր­­ժուած­­նե­­­րու ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան եւ նաեւ յա­­ջողե­­ցաւ որոշ եկա­­մուտ ապա­­հովե­­լով։

Թուրքիոյ երաժշտա­­կան մի­­ջավայ­­րի մէջ բազ­­մա­­­թիւ են այն արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը, որոնց առա­­ջին թո­­ղար­­կումը կա­­տարո­­ւած է «Քա­­լան Միւ­­զիք» երաժշտա­­կան ըն­­կե­­­րու­­թեան կող­­մէ։ Ան այսպէ­­սով մեծ ծա­­ռայու­­թիւն մա­­տու­­ցած եղաւ երկրի մշա­­կոյ­­թին, ընդմիշտ յանձն առ­­նե­­­լով կարծրա­­տիպե­­րու դէմ պայ­­քա­­­րելու բնա­­կան հե­­տեւանքնե­­րը։

Հա­­սան Սալ­­թը­­­քը այս ճա­­նապար­­հին մղո­­ղը պա­­տահա­­կանու­­թիւններ են բնա­­կանա­­բար։ Ու­­նէր տար­­բեր երա­­զանքներ, բայց ստի­­պուած էր աշ­­խա­­­տելու եւ առանց մեծ յա­­ւակ­­նութիւններ ու­­նե­­­նալու մուտք գոր­­ծած էր այս մի­­ջավայ­­րին։ Ապա շու­­տով նկա­­տեց թէ ինչ առիթ­­ներ կրնայ մա­­տու­­ցել այս աշ­­խա­­­տան­­քը եւ այդ տես­­նե­­­լով գոր­­ծի լծո­­ւեցաւ ան­­վա­­­րան եւ հիմ­­նեց իր սե­­փական ըն­­կե­­­րու­­թիւնը։ Շուրջ 25 տա­­րուայ պատ­­մութիւն մըն է այս, որուն վեր­­ջա­­­կէտը եղաւ 3 Յու­­նի­­­սին տե­­ղի ու­­նե­­­ցած վա­­ղաժամ մա­­հը։ Սրտի կա­­թուած մըն էր, որ տա­­պալեց զինք եւ մեծ սուգ յա­­ռաջա­­ցուց Թուրքիոյ երաժշտա­­կան մի­­ջավայ­­րին։

Ինչպէս վե­­րեւ նշե­­ցինք Հա­­սան Սալ­­թըք կը սի­­րէր ու­­րիշնե­­րու խու­­սա­­­փած ծո­­վերու մէջ նա­­ւար­­կել։ Այսպէ­­սով հրա­­պարա­­կեց բազ­­մա­­­թիւ ձայ­­նապնակ­­ներ, որոնց մէջ կը հնչեն երկրի բո­­լոր լե­­զու­­նե­­­րը։ Նա­­խապա­­տուու­­թիւն ըն­­ծա­­­յեց որա­­կին եւ վա­­յելեց իր այդ նա­­խասի­­րու­­թեան դրա­­կան ար­­դիւնքնե­­րը։

Հա­­սան Սալ­­թը­­­քի գոր­­ծը գնա­­հատո­­ւեցաւ ամե­­նու­­րէք։ Նոյ­­նիսկ Նի­­տեր­­լանտնե­­րու Թա­­գաւո­­րու­­թիւնը զինք պար­­գե­­­ւատ­­րեց «Իշ­­խան Քլաուս» շքան­­շա­­­նով։ Ինքնին ստանձնեց այնպի­­սի առա­­քելու­­թիւն մը, որ հա­­զիւ կրնար Մշա­­կոյ­­թի Նա­­խարա­­րու­­թեան մը տիրա­­ցած մի­­ջոց­­նե­­­րով գլուխ հա­­նել։ Թե­­րեւս այդ էր պատ­­ճա­­­ռը թէ թաղ­­ման մի­­ջոցառ­­ման ներ­­կայ չէին Մշա­­կոյ­­թի Նա­­խարա­­րու­­թե­­­նէ ոեւէ անձ։ Անոնք որոնք մեծ ջա­­նասի­­րու­­թեամբ կը փու­­թան այս կամ այն աղան­­դա­­­պետի թա­­ղու­­մին, կա­­րիք չէին զգա­­ցած մշա­­կոյ­­թի այս մեծ գոր­­ծի­­­չին հան­­դէպ յար­­գանքի վեր­­ջին տուրք մը մա­­տուեց­­լու։ Հա­­սան ան­­վե­­­րադարձ բաժ­­նո­­­ւեցաւ մեզ­­մէ իր ետին թո­­ղելով ար­­խի­­­ւային շատ հսկայ հա­­ւաքա­­ծոյ մը։ Դի­­տելով այս պատ­­կե­­­րը կրնանք են­­թադրել թէ Հա­­սան Սալ­­թըք յետ մա­­հու պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ նպաս­­տել երկրի երաժշտու­­թեան եւ մշա­­կոյ­­թին շնոր­­հիւ մեծ զո­­հողու­­թիւննե­­րով հա­­մադ­­րած ար­­խի­­­ւին։ Հայ եր­­գիչներ եւ եր­­գե­­­ցիկ խումբեր երախ­­տա­­­պար­­տութեամբ պի­­տի յի­­շեն Հա­­սանի ներդրու­­մը միշտ մտքի մէջ ու­­նե­­­նալով անոր հրա­­պարա­­կած ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը։ Հայ ժո­­ղովուրդա­­կան, աշու­­ղա­­­կան, դա­­սական եւ հո­­գեւոր երաժշտու­­թեան բա­­զում օրի­­նակ­­ներ լոյս տե­­սած են «Քա­­լան Միւ­­զիք» ըն­­կե­­­րու­­թեան պի­­տակով։ Ան­­մի­­­ջապէս կա­­րելի է յի­­շել ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան դա­­րադար­­ձին առ­­թիւ հրա­­տարա­­կուած Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի «Օրա­­թօրիօ»ն։ Ճի­­վան Գաս­­պա­­­րեանի կամ Սու­­րէն Ասա­­տու­­րեանի նման ամե­­նահե­­ղինա­­կաւոր տու­­տուկա­­հար­­նե­­­րու ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը։ Վար­­դա­­­նանց Երգչա­­խումբի կա­­տարումնե­­րը եւ դեռ ան­­հա­­­մար գոր­­ծեր հա­­յերէն, ասո­­րերէն, զա­­զայե­­րէն եւ քրտե­­րէն լե­­զու­­նե­­­րով։ Հա­­սան Սալ­­թըք իր աշ­­խա­­­տու­­թիւնով նաեւ դպրո­­ցի մը հիմ­­նա­­­դիրը եղաւ այդ աս­­պա­­­րէզէ ներս։ Կաս­­կած չկայ թէ զինք ճանչցող­­ներ իրենց կեան­­քի տե­­ւողու­­թեամբ շատ առիթ­­ներ պի­­տի ու­­նե­­­նան զինք յի­­շատա­­կելու եւ «Եթէ Հա­­սանը ըլ­­լար այսպէս կ՚ընէր» ըսե­­լով ափ­­սո­­­սալու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ