Խօսք շնորհակալութեան

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Կեան­քեր կան, որոնք տա­­­նողը կը ցո­­­լաց­­­նէ նաեւ ամ­­­բողջ ազ­­­գի մը հո­­­գեվի­­­ճակը։ Անոր կեն­­­սագրու­­­թիւնը կը նոյ­­­նա­­­­­­­նայ բիւ­­­րա­­­­­­­ւոր ազ­­­գա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րուն հետ ու կը դառ­­­նայ կեր­­­պար։ Այդպի­­­սին էր մեծն Կո­­­միտաս։ Ի զուր չէր որ Փա­­­րիզի կեդ­­­րո­­­­­­­նը տե­­­ղադ­­­րո­­­­­­­ւած ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան յու­­­շարձա­­­նը քան­­­դա­­­­­­­կուած էր իր կեր­­­պա­­­­­­­րով։

Կա­­­րելի է այդ «ման­­­կութիւն չու­­­նե­­­­­­­ցող սե­­­րունդ»ի մէջ դա­­­սել հա­­­լեպա­­­հայու­­­թեան ար­­­ժա­­­­­­­նաւոր զա­­­ւակը՝ բժիշկ Թո­­­րոս Թո­­­րանեանը։ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ար­­­հա­­­­­­­ւիր­­­քը դեռ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուէր, երբ ան ար­­­ձա­­­­­­­կեց առա­­­ջին ճի­­­չը, աչ­­­քե­­­­­­­րը բա­­­նալով այս դա­­­ժան աշ­­­խարհի պան­­­դուխտնե­­­րու ցա­­­ւերով յա­­­գեցած մէկ ան­­­կիւնը՝ Լի­­­բանաի Զահ­­­լէ քա­­­ղաքը։ Մա­­­նուկ Թո­­­րոսը եկած էր իր Գող­­­գո­­­­­­­թան բարձրա­­­նալու, որուն առա­­­ջին հանգրո­­­ւանն էր հօր­­­մէ զուրկ մնա­­­լը։ Իսկ այդ նոյն Գող­­­գո­­­­­­­թայի յա­­­ջորդ հանգրո­­­ւան­­­նե­­­­­­­րը ինք իր սե­­­փական նա­­­խընտրու­­­թեամբ քայ­­­լեց։ Մէկ կողմ դրաւ կեան­­­քի ըն­­­ծա­­­­­­­յած բո­­­լոր բա­­­րեն­­­պաստ առիթ­­­նե­­­­­­­րը եւ մխրճո­­­ւեցաւ իր ազ­­­գին ամե­­­նատ­­­խուր ապ­­­րումնե­­­րը նկա­­­րագ­­­րող գրա­­­կանու­­­թեան մը թէ հե­­­ղինա­­­կը եւ թէ գոր­­­ծի­­­­­­­չը դառ­­­նա­­­­­­­լու տխուր աս­­­պա­­­­­­­րէզին։

Բախ­­­տա­­­­­­­ւորո­­­ւած էր Խորհրդա­­­յին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի վե­­­րել­­­քի փայ­­­լուն տա­­­րինե­­­րուն աշա­­­կեր­­­տե­­­­­­­լով Երե­­­ւանի Պե­­­տական Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի Բժշկա­­­կան Ինստի­­­տուտ։ «Ու­­­սա­­­­­­­նողու­­­թեան հա­­­մար տա­­­րիքի սահ­­­մա­­­­­­­նում կար եւ ես ճիշդ այդ սահ­­­մա­­­­­­­նափակ­­­ման շե­­­մին ըն­­­դունո­­­ւեցայ ինստի­­­տուտ» պատ­­­մած էր մեր զրոյցնե­­­րէն մէ­­­կուն։ Երա­­­նու­­­թեամբ կը յի­­­շէր այդ օրե­­­րը, երբ բժշկա­­­գիտու­­­թեան զու­­­գա­­­­­­­հեռ կը հարստաց­­­նէր իր գիր ու գրա­­­կանու­­­թեան պա­­­շարը։

Բախ­­­տա­­­­­­­ւորո­­­ւած էր գտնե­­­լով իր կեան­­­քի ըն­­­կե­­­­­­­րը, նոյնպէս բժշկու­­­հի Ար­­­մի­­­­­­­նէն, որուն հետ շատ աւե­­­լի տա­­­նելի պի­­­տի ըլ­­­լար դի­­­մագ­­­րա­­­­­­­ւել կեան­­­քի յա­­­ջորդ փու­­­լե­­­­­­­րը։

Բա­­­խտ աւո­­­րուած էր եւս, վա­­­յելե­­­լով իր դստրե­­­րու պար­­­գե­­­­­­­ւած ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը։

Իդէմ այդ բո­­­լորին, կեան­­­քի ըն­­­ծա­­­­­­­ներուն փոքր մա­­­սը միայն ինք վա­­­յելեց, աւե­­­լի մեծ բա­­­ժինը բաշ­­­խե­­­­­­­լով ու­­­րիշնե­­­րուն։ Դժո­­­ւար է կռա­­­հել թէ իր ջան­­­քե­­­­­­­րով հրա­­­տարա­­­կուած բազ­­­մա­­­­­­­թիւ գիր­­­քե­­­­­­­րու մէջ ո՞ր մէ­­­կը աւե­­­լի ծանր կը կշռէ. իր հե­­­ղինա­­­կած­­­նե­­­­­­­րը՞ թէ ոչ այ­­­լոց ան­­­տիպ մնա­­­ցած գոր­­­ծե­­­­­­­րը։ Աշ­­­խարհի հինգ ցա­­­մաքա­­­մասե­­­րուն ճամ­­­բորդե­­­լով ի՞նք աւե­­­լի կը յա­­­գենար, թէ իր այ­­­ցե­­­­­­­լած­­­նե­­­­­­­րը։

Այս հար­­­ցումը եթէ փոր­­­ձեմ անձնա­­­կան տպա­­­ւորու­­­թիւնով պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նել, պի­­­տի սի­­­րեմ կար­­­ծել թէ եր­­­կուստեք էր այդ լցքա­­­ւորու­­­մը։

1996 թիւն էր։ Իբ­­­րեւ Սա­­­յաթ Նո­­­վա Երգչա­­­խումբ մեծ ոգե­­­ւորու­­­թիւնով ող­­­ջունած էինք հայ եր­­­գի տի­­­տան Խա­­­չատուր Աւե­­­տիսեանի ծննդեան 70-ամեակը։ Այդ առ­­­թիւ վա­­­յելած էինք մեծ եր­­­գա­­­­­­­հանի որդւոյն՝ Մի­­­քաէլ Աւե­­­տիսեանի, հայ եր­­­գի ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի եր­­­գիչ Յով­­­հաննէս Պա­­­տալեանի եւ տիկ­­­նոջ՝ Մար­­­կո­­­­­­­յի, դաշ­­­նա­­­­­­­կահա­­­րու­­­հի Նա­­­թել­­­լա Աճե­­­մեանի, վար­­­պե­­­­­­­տի եր­­­կու ար­­­ժա­­­­­­­նաւոր սա­­­ներու՝ քա­­­նոնա­­­հար­­­ներ Կա­­­րինէ Յով­­­հաննէ­­­սեանի եւ Անա­­­հիտ Վա­­­լեսեանի մտեր­­­մութիւ­­­նը։ Տո­­­գորո­­­ւած էինք յոգ­­­նա­­­­­­­տանջ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի ար­­­գա­­­­­­­սիքը դար­­­ձած հա­­­մերգնե­­­րով։ Հա­­­սած էինք յա­­­ջողու­­­թեան գա­­­գաթին եւ լցո­­­ւած նոր մի­­­ջոցա­­­ռում յղա­­­նալու ցան­­­կութեամբ։ Ահա այդ պայ­­­մաննե­­­րուն էր որ օրա­­­կար­­­գի եկաւ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ պար­­­բե­­­­­­­րական մա­­­մու­­­լի էջե­­­րուն լոյս տե­­­սած յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րով ծա­­­նօթ Թո­­­րոս Թո­­­րանեանը բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւննե­­­րու հա­­­մար քա­­­ղաքս հրա­­­ւիրե­­­լու գա­­­ղափա­­­րը։

Պոլ­­­սե­­­­­­­ցիք գի­­­տեն, Սա­­­յաթ Նո­­­վա Երգչա­­­խումբը իր անակնկալ­­­նե­­­­­­­րով ծա­­­նօթ է։ Կը սի­­­րէ կա­­­ղապար­­­նե­­­­­­­րէ դուրս գալ եւ իր ու­­­րոյն ձայ­­­նը հնչեց­­­նել ըն­­­կե­­­­­­­րային կեան­­­քի տար­­­բեր հար­­­թակնե­­­րէն։

Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Պոլ­­­սոյ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թե­­­­­­­նէն վե­­­րադար­­­ձին գրի առած ու «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան կող­­­մէ տպո­­­ւած «Պոլ­­­սա­­­­­­­հայե­­­րը կը կան­­­չեն» յու­­­շագրու­­­թեան մէջ Թո­­­րանեան ինք եւս կը խոս­­­տո­­­­­­­վանէր երգչա­­­խումբէ մը նման հրա­­­ւէր ստա­­­նալուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռած զար­­­մանքը։

Իսկ մենք գի­­­տէինք իր հետ անցնե­­­լիք իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր վայրկեանի ար­­­ժէ­­­­­­­քը։ Գի­­­տէինք թէ այդ պա­­­հերու ապ­­­րումնե­­­րը ինչպի­­­սի նշա­­­նակու­­­թիւն պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նան մեր ամ­­­բողջ կեան­­­քի տե­­­ւողու­­­թեամբ։ Այդ իսկ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ սկսած էինք ժամ առ ժամ ծրագ­­­րել Թո­­­րանեան­­­նե­­­­­­­րու հետ մեր օրե­­­րը։

Իս­­­թանպու­­­լի մէջ, օդա­­­կայա­­­նի դի­­­մաւո­­­րու­­­թե­­­­­­­նէ ետք Թո­­­րանեան ամո­­­լի առա­­­ջին այ­­­ցե­­­­­­­լաւայ­­­րը Թուրքիոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանն էր։ Հոն մեզ կը սպա­­­սէր ար­­­հեստա­­­վարժ լու­­­սանկա­­­րիչ Սար­­­գիս Պա­­­հարօղ­­­լու, որ­­­մէ յա­­­տուկ խնդրած էինք պա­­­հը ան­­­մա­­­­­­­հաց­­­նել։ Այս առա­­­ջին հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մը հեւ­­­քով շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուե­­­ցաւ յա­­­ջոր­­­դող օրե­­­րուն ալ։ Թո­­­րոս Թո­­­րանեան քա­­­ղաքիս տար­­­բեր միու­­­թիւննե­­­րու ամ­­­պիոնէն չորս ան­­­ջատ բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւննե­­­րով նկա­­­րագ­­­րեց հա­­­յաշ­­­խարհի զա­­­նազան խնդիր­­­ներ, որոնք ար­­­ժա­­­­­­­նացան բուռն հե­­­տաքրքրու­­­թեան։ Այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւններ տո­ւաւ քա­­­ղաքիս գրա­­­ւոր մա­­­մու­­­լի խմբագ­­­րութիւննե­­­րուն։ Գոր­­­ծադրեց իր վա­­­ղեմի սո­­­վորու­­­թիւննե­­­րէն մէ­­­կը եւ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր խմբագ­­­րա­­­­­­­տան մէջ շա­­­րադ­­­րեց ան­­­ջատ յօ­­­դուած­­­ներ, որոնք յա­­­ջոր­­­դին լոյս տե­­­սան «Մար­­­մա­­­­­­­րա», «Ժա­­­մանակ» եւ «Ակօս»ի էջե­­­րուն վրայ։

Յա­­­տուկ հան­­­դի­­­­­­­պում մը տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ գրա­­­կանու­­­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րուն հետ, որ իր տե­­­սակին մէջ եզա­­­կի էր բո­­­լոր բե­­­ւեռ­­­նե­­­­­­­րը մէկ­­­տե­­­­­­­ղելու առու­­­մով։ Երկշա­­­բաթա­­­նի հեւ­­­քը աւար­­­տին հա­­­սաւ Սա­­­յաթ Նո­­­վացի­­­ներու սի­­­րելի բա­­­րեկա­­­մին՝ Պար­­­թե­­­­­­­ւին «Քափ­­­թան» կա­­­պելա­­­յի մէջ սար­­­քո­­­­­­­ւած խրախ­­­ճանքով մը։

Ու­­­րախ օրէր էին, որոնք վեր­­­յի­­­­­­­շեցինք 3 Յու­­­նի­­­­­­­սին Երե­­­ւանէն հա­­­սած դի­­­մատետ­­­րի գրա­­­ռու­­­մով մը։ Թո­­­րանեանի դուստրը Անին կը գու­­­ժէր հօ­­­րը մա­­­հը։

«Բո­­­լոր մա­­­հերը վա­­­ղաժամ են» կ՚ըսէր բա­­­նաս­­­տեղծ Ճե­­­մալ Սիւ­­­րէ­­­­­­­յիա։ Ան­­­շուշտ ցա­­­ւեցանք մեր սի­­­րելի երէց եղ­­­բօր կո­­­րուստով։ Իս­­­կոյն մխի­­­թարո­­­ւեցանք որ վեր­­­ջա­­­­­­­ցած էր անոր Գող­­­գո­­­­­­­թայի ճամ­­­բորդու­­­թիւնը։ Ար­­­մի­­­­­­­նէի մա­­­հէն ետք իր սի­­­րելի քա­­­ղաքին՝ Հա­­­լէպի ան­­­կումը կար­­­ծես տա­­­ռապան­­­քի վեր­­­ջին հա­­­րուած մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով հա­­­սաւ իր յոգ­­­նա­­­­­­­տանջ ծե­­­րու­­­թեան օրե­­­րուն։ Բո­­­լորս գի­­­տենք, Պէյ­­­րութ աշ­­­խարհի ամե­­­նաչքնաղ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րէն կը հա­­­մարո­­­ւի։ Հայ ան­­­հա­­­­­­­տի հա­­­մար գե­­­րազանց չքնաղ է Երե­­­ւանը։ Բայց ո՞վ կրնայ վա­­­յելէլ այդ չքնա­­­ղու­­­թիւնը, երբ մատ­­­նո­­­­­­­ւած է պար­­­տա­­­­­­­դիր ապաս­­­տա­­­­­­­նեալի դիր­­­քին։

Դի­­­մատետ­­­րի այդ հա­­­ղոր­­­դումէն ետք մեզ­­­մէ շա­­­տեր լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րով վեր­­­յի­­­­­­­շեցին Թո­­­րանեանի հետ իրենց ապ­­­րումնե­­­րը, որոնք վե­­­րածո­­­ւած են քաղցր յի­­­շատա­­­կի մը։ Մենք ալ կը բաժ­­­նենք 25 տա­­­րուայ վա­­­ղեմու­­­թեամբ նկար մը, որ­­­մէ այ­­­սօր կը բա­­­ցակա­­­յին Թո­­­րոսին հետ նաեւ Ար­­­մի­­­­­­­նէն, Մար­­­տի­­­­­­­րոսը, Սո­­­նան եւ Պէ­­­թին։

Դէ­­­պի ան­­­մա­­­­­­­հու­­­թեան եր­­­թի ճամ­­­բուդ, շնոր­­­հա­­­­­­­կալ ենք սի­­­րելի Թո­­­րանեան, երախ­­­տա­­­­­­­պարտ ենք մե­­­զի պար­­­գե­­­­­­­ւած ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւննե­­­րուդ հա­­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ