Վրացի նկարահանը ատելութեան զոհ եղաւ

Հա­մաշ­խարհա­յին առու­մով ըն­դունե­լու­թիւն գտած մի­­ջոցա­­ռում մը ըլ­­լա­­­լով «Պա­­տուոյ երթ»ը զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու մէջ կը հան­­դի­­­պի պահ­­պա­­­նողա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու յար­­ձա­­­կումնե­­րուն։ Օրին ար­­ձա­­­գան­­գած էինք Թուրքիոյ մէջ եր­­թի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն ուղղո­­ւած ոս­­տի­­­կանա­­կան բռնու­­թիւնը։ Վրաս­­տա­­­նի մայ­­րա­­­քաղաք Թբի­­լիսի մէջ ալ հա­­կաԼԿՊԹ-ի խմբակ­­ներ յար­­ձա­­­կում գոր­­ծե­­­ցին «Թբլի­­սի փրայտ», «Շեմ» (ամօթ) շար­­ժումի գրա­­սենեակ­­նե­­­րուն։

Պա­­տահած­­նե­­­րու հե­­տեւող մօտ 50 լրագ­­րողներ ծե­­ծի են­­թարկո­­ւեցան։ Նաեւ դա­­շու­­նա­­­հարո­­ւեցաւ լե­­հացի զբօ­­սաշրջիկ մը։ Աւե­­լի վերջ հա­­սած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու հա­­մաձայն լեհ զբօ­­սաշրջի­­կը դա­­շու­­նա­­­հարո­­ւած է ական­­ջի օղին պատ­­ճա­­­ռաւ միասե­­ռական կար­­ծո­­­ւելով։

Վրաց Ուղղա­­փառ Եկե­­ղեցիի հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րը »Պա­­տուոյ երթ»ի դէմ բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րու գլխա­­ւոր կազ­­մա­­­կեր­­պիչներն էին։ Անոնք նկա­­րահա­­նուե­­ցան նաեւ լրագ­­րողնե­­րու խոշ­­տանգման ըն­­թացքին։ Յար­­ձա­­­կումնե­­րէն բա­­ժին հա­­սաւ նաեւ Թբի­­լիսիի մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու շէն­­քին։ Տե­­ղական եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին զա­­նազան հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ ԼԿՊԹ ան­­հատնե­­րու դէմ ատե­­լու­­թեան դրդու­­մով գոր­­ծադրո­­ւած յար­­ձա­­­կումնե­­րը մե­­ղադ­­րող յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ կա­­տարե­­ցին։

Վրաս­­տա­­­նի նա­­խագահ Սա­­լոմէ Զու­­րա­­­պիշո­­ւիլի եւ Թբի­­լիսի քա­­ղաքա­­պետ Քաք­­հա Քա­­լատ­­հէ իրենց ելոյթնե­­րով խստիւ դա­­տապար­­տե­­­ցին յար­­ձա­­­կումնե­­րը։ Մե­­ղադ­­րանքնե­­րը ընդհան­­րա­­­պէս ու­­ղո­­­ւած են վար­­չա­­­պետ Իրաք­­լի Ղա­­րիպա­­շուի­­լիին եւ Վրաց Ուղղա­­փառ Եկե­­ղեց­­ւոյն։

Միւս կող­­մէ յար­­ձա­­­կումնե­­րու ըն­­թացքին ծան­­րօ­­­րէն վի­­րաւո­­րուած «ԹՎ Փիլ­­վե­­­լի» հե­­ռուստա­­կայա­­նի նկա­­րահան Ալեք­­սանդր Լաշ­­քա­­­րաւա 11 Յու­­լի­­­սին մա­­հացաւ իր տան մէջ։ Նոյն հե­­ռուստա­­կայանի թղթա­­կից Մի­­րան­­տա Պա­­ղար­­թուրեա վկա­­յեց թէ Լնշքա­­րաւան շուրջ 20 հո­­գիի կող­­մէ 20 վայրկեան տե­­ւեական ծե­­ծի են­­թարկո­­ւած էր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ