Օփէրայի Փառատօնը եւ Գէորգ Դաւիթեան

ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԷՆ

Այս տա­­րի 12-րչ ան­­գամ կա­­յացաւ «Իս­­թանպու­­լի Օփէ­­րայի Փա­­ռատօ­­ն»ը։ Հնա­­գիտու­­թեան թան­­գա­­­րանի պար­­տէ­­­զին մէջ կա­­խար­­դա­­­կան լու­­սա­­­ւորու­­մով մը ունկնդրե­­ցինք Վակ­­նը­­­րի, Մո­­ցար­­տի, Ռու­­սի­­­նիի, Կու­­նո­­­յի, Քա­­միլ Սեն Սա­­նի, Նե­­սենե­­թի, Պի­­զէի, Վեր­­տիի եւ Պու­­չի­­­նիի նման յօ­­րինող­­նե­­­րու գոր­­ծե­­­րէն ըն­­տիր նմոյշներ։ Նո­ւագա­­խումբը կը ղե­­կավա­­րէր Ճան Օքան։

4Յու­­լիս երեք­­շա­­­թի գի­­շեր, պա­­րոք շրջա­­նի օրի­­նակ­­նե­­­րէն բաղ­­կա­­­ցող հա­­մերգ մը սար­­քո­­­ւեցաւ, ուր Փաու­­լօ Վիլ­­լա­­­յի վա­­րած նո­­ւագա­­խումբի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ բեմ ելան Օթի­­լիա Իփեք, Էլիֆ Թուղպա Թե­­քըշըք, Քաան Պուլտու­­լար, Գէորգ Դա­­ւիթեան եւ Սո­­ւաթ Արը­­քան։

Հա­­մեր­­գի ըն­­թացքին լսե­­ցինք նաեւ Օլեք­­սանտըր Սա­­մոյ­­նենքո­­յի գու­­նա­­­գեղ ջու­­թա­­­կի մե­­նանո­­ւագ­­նե­­­րը եւ պա­­րոք շրջա­­նի նո­ւագա­­րան­­նե­­­րէն լու­­թի վրայ Հա­­լէ Կէօքչէի նո­ւագա­­ծու­­թիւնը։

Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան ԺԷ դա­­րու վեր­­ջե­­­րուն թուրք դա­­սական երաժշտու­­թեան ալ մաս կազ­­մող լու­­թը ան­­ցեալին գոր­­ծա­­­ծուած է նաեւ շու­­մե­­­րական, եգիպ­­տա­­­կան, բա­­բելո­­նական եւ հռո­­մէական երաժշտու­­թեան մէջ։

Ան լաւ­­թա անու­­նով վե­­րամ­­շա­­­կուած է արաբ­­նե­­­րու կող­­մէ եւ ապա յայտնո­­ւած արեւմտեան երաժշտու­­թեան մէջ։ Պար­­տիմ նշել որ Գէորգ Դա­­ւիթեան իր պա­­րիթոն ձայ­­նով հմա­­յեց ունկնդիր­­նե­­­րը։ Զինք լսե­­լու պա­­հուն կը մտա­­բերէի Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան մէջ օփե­­րայի երաժշտւթեան հիմ­­նա­­­դիր Տիգ­­րան Չու­­խա­­­ճեանը։ Երե­­ւակա­­յու­­թիւննե­­րը զիս կը տա­­նէին այժմու կա­­պելա­­ներով ծա­­նօթ «Չի­­չեք Փա­­սաժի» տա­­րած­­քը, ուր ան­­ցեալին գոր­­ծած էր Նաում Օփե­­րայի թատ­­րո­­­նը։

Հա­­մեր­­գի աւար­­տին, երբ դուրս եկանք Հնա­­գիտու­­թեան թան­­գա­­­րանի պար­­տէ­­­զէն ոչ հան­­րա­­­կառ­­քե­­­րու աղ­­մուկը, ոչ եգիպ­­տա­­­ցորեն կամ բո­­կեղ ծա­­խող­­նե­­­րը պոռչտուքը չէին կրցած ար­­գելք ըլ­­լալ մեր վա­­յելած երաժշտա­­կան խնճոյ­­քին տպա­­ւորու­­թիւնը խա­­փանե­­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ