«Դպրոցը իր հոգերով»

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Վաստակա­ւոր կրթա­կան մշակ Վահ­րամ Պուրմաեանի «Դպրո­ցը իր հո­գերով» անուն յու­շագրու­թիւնը կա­րելի է նա­խափորձ մը հա­մարել քա­նի մը տա­րի անց հիմ­նո ւելիք «Արաս» հրա­տարակ­չութեան հա­մար։ Այդ գիր­քը լոյս ըն­ծա­յող մեր բա­րեկամ­նե­րը ապա հիմ­նե­ցին հրա­տարակ­չա­տուն մը, որ իր գոր­ծունէու­թեամբ պար­ծանք դար­ձաւ մե­րօրեայ պոլ­սաահա­յու­թեան։ Ան­շուշտ բա­ւակա­նին վի­ճելի է այս հաս­տա­տու­մը, քա­նի «մե­րօրեայ պոլ­սա­հայու­թիւն» բա­ցատ­րութիւ­նը բազ­մա­շերտ հաս­կա­ցողու­թիւն մըն է, որուն մէջ կան տար­րեր, որ գէթ մէկ ան­գամ իսկ չեն հան­դի­պած այդ հրա­տարակ­չութեան օրի­նակ­նե­րուն։

Ինչ եւի­ցէ, մեր այ­սօ­րուայ խնդի­րը ու­րիշ է։ Մի­ջոցէ մը ի վեր մա­մու­լի էջե­րէն կը հե­տեւինք պոլ­սա­հայ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րուն գա­ղու­թի վար­ժա­րան­նե­րու մա­տակա­րար­ման դժուարու­թիւննե­րը յաղ­թա­հարե­լու ճի­գերուն։

Ծա­նօթ է որ հա­մայնքի 16 վար­ժա­րան­նե­րու տա­րեկան պիւտճէն կը գե­րազան­ցէ աշա­կեր­տութե­նէ ստա­ցուած ուսման վարձքի սահ­մա­նը։ Հե­տեւա­բար իւ­րա­քան­չիւր տա­րի մեր վար­չա­յին­նե­րը դէմ առ դէմ կը մնան ելմտա­կան բա­ցով մը, որ կը փոր­ձեն հա­ւասա­րակշռել բա­րերար­նե­րու նո­ւիրա­տուու­թեամբ։

Քա­ղաքի վա­ղեմի աւան­դութիւնն էր եկե­ղեցի­ներու անո­ւան տօ­նախմբու­թիւնը, ուր թա­ղեցի­ներ մաս­նակցած սի­րոյ սե­ղանին կամ մա­տաղօրհնու­թեան, նո­ւիրա­տուու­թիւնով կը զօ­րակ­ցէին թա­ղի եկե­ղեց­ւոյ ծախ­սե­րուն։ Սոյն տօ­նախմբու­թիւննե­րը նաեւ թա­ղեցի­ներու յան­դիպման ալ առիթ կ՚ընդձե­րէր եւ կ՚ապա­հովէր ըն­կե­րային եռու­զեռ մը թա­ղի բնա­կիչ­նե­րու մի­ջեւ։ Հա­մաք­րիստո­նէական սո­վորու­թիւն մըն է այս, որուն նման­նե­րուն կա­րելի է հան­դի­պիլ բո­լոր քրիս­տո­նեայ քա­ղաք­նե­րու մէջ։

Ժա­մանա­կի ըն­թացքին սա­կայն, այդ բա­րի սո­վորու­թիւնը կորսնցուց իր իմաս­տը, երբ հա­մայնքի մէջ յայտնո­ւեցան իրենց բարձր նո­ւիրա­տուու­թիւննե­րով ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացող մար­դիկ։ Հա­մեստ թա­ղեցի­ները սի­րոյ սե­ղանին վրայ իրենց մա­տու­ցո­ւած հիւ­րա­սիրու­թեան կրկնա­պատի­կով, քա­ռապա­տիկով կամ եթէ կա­րող էր, տաս­նա­պատի­կով նո­ւէր մը կու տա­յին եկե­ղեց­ւոյ սնտու­կին եւ խնդիր­ներն ալ լու­ծո­ւած կ՚ըլ­լար։

Յե­տոյ եկաւ ժա­մանակ­ներ, ուր պոլ­սա­հայ քաղ­քե­նիու­թեան մէջ ծա­ւալող «օտար վար­ժա­րան»ի հա­կու­մը սկսաւ կրծել մեր դպրոց­նե­րու աշա­կեր­տութեան քա­նակը։ Շա­տեր հե­տեւե­լով իրա­րու չար օրի­նակին, ար­հա­մար­հե­ցին հայ դպրո­ցը, գե­րադա­սելով օտար վար­ժա­րանը, որուն ուսման լե­զուն ալ օտար էր։ Այ­լա­սեր­ման պատ­կեր մը կը պար­զո­ւէր, ըն­դա­մէնը եր­կու տաս­նա­մեակի ըն­թացքին զգա­լիօրէն նո­ւազած էր հայ վար­ժա­րան յա­ճախող աշա­կեր­տութիւ­նը։

Այդ հո­սան­քէն տա­րուող­նե­րը իրենց արար­քը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար սկսան նաեւ հա­լածել հայ վար­ժա­րանի յատ­կա­նիշ­նե­րը, որոնց կա­րեւո­րագոյնն էր հա­յեցի եւ հա­յերէն դաս­տիարա­կու­թիւնը։ «Հա­յերէ­նը ին­չի՞ պի­տի ծա­ռայէ՞ որ» կը հարցնէին իրենց զրոյցնե­րուն։

Նման յի­մար միտ­քի նոյնքան յի­մար պա­տաս­խա­նը եկաւ մեր կրթա­կան դրու­թե­նէն։ Դպրոց­ներ դիւ­րաւ հրա­ժարե­ցան հա­յերէ­նով ու­սուցա­նելէ, մայ­րե­նին թո­ղելով միայն քե­րակա­նու­թեան ու կրօն­քի դա­սապա­հերուն։ Թո­ւաբա­նու­թիւն, կեն­սա­գիտու­թիւն, երկրա­չափու­թիւն, բնա­գիտու­թիւն, տար­րա­բանու­թիւն եւ այլ գի­տելիք­ներ հեշ­տօ­րէն փո­խադ­րո­ւեցան երկրի լե­զուին։ Այսպէ­սով կը գո­հաց­նէին «Հա­մալ­սա­րանի մտից քննու­թեան ժա­մանակ հար­ցումնե­րը հա­յերէ­նո՞վ պի­տի հարցնեն» առար­կող ան­բան ծնո­ղաց պա­հան­ջը։

Իրո­ղու­թիւնը այն է թէ հայ դպրո­ցին առա­քելու­թեան մա­սին գի­տակ­ցութիւն չու­նե­ցող ծնող­քը, իր պաշ­տօ­նավա­րած հաս­տա­տու­թեան իմաս­տին ան­տե­ղեակ ու­սուցի­չը, որ­դեգրած ծա­ռայու­թե­նէն փառք ու պա­տիւ ակնկա­լող մի­ջակ թա­ղակա­նը, միաս­նա­բար կը կազ­մեն ամ­բողջի մը մաս­նիկնե­րը։

Այդ ամ­բողջի մէջ փոք­րա­մաս­նութիւն կը կազ­մէ սրտցաւ զան­գո­ւած մը որուն թե­լադ­րանքնե­րը տեղ չեն հաս­նիր այ­լա­սեր­ման այս հո­սան­քին մէջ։

Նման միտ­քե­րու տե­ղի տո­ւողը եղաւ 10 Յու­լիս թո­ւակիր «Մար­մա­րա» թեր­թի լրա­տուու­թիւնը, ուր կը նկա­րագ­րո­ւէր նա­խորդ օր կա­յացած կրթա­կան յանձնա­խումբի ժո­ղովը։ Լրա­տուու­թեան հա­մաձայն ժո­ղովա­կան­նե­րը հար­կադրա­բար խորհրդակ­ցած են կարգ մը դպրոց­նե­րը միաց­նե­լու կամ փա­կելու մա­սին իրենց պար­տադրո­ւած առա­ջար­կին շուրջ։ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ. Մա­շալեանի հաս­տա­տու­մով, ուսման խնդիր­նե­րու մա­սին պա­շար չու­նե­ցող մար­դիկ, յղա­ցած են իրար­մէ հե­տաքրքրա­կան միտ­քեր։

Այդ փայ­լուն առա­ջարկնե­րու մէջ յատ­կա­պէս ու­շագրաւ էր խառն ամուսնու­թե­նէ եկած աշա­կեր­տութեան հա­մար կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց մը հաս­տա­տելու մա­սին եղո­ղը։

Այլ առիթ­նե­րով ան­ցեալին ալ գրած ենք, խառն ամուսնու­թեան երե­ւոյ­թը եւ հե­տեւան­քը լուրջ փո­փոխու­թիւն սկսած է պար­զել վեր­ջին քսան տա­րինե­րու ըն­թացքին։ Կար ժա­մանակ, երբ հայ երի­տասարդ մը կին թէ տղայ, ամուսնա­նալով այլ ազ­գի ան­հա­տի մը հետ, ակա­մայ կը հե­ռանար իր մի­ջավայ­րէն ու նոր ինքնու­թիւն մը կը ստա­նար օտա­րու­թեան մէջ։ Պատ­ճառնե­րը ան­ջա­տաբար քննե­լու ար­ժա­նի երե­ւոյթ մը ըլ­լա­լով, ներ­կայ դրու­թեան մէջ ակա­նատես կ՚ըլ­լանք ընդհա­կառա­կին, ուր այս ան­գամ օտարն է որ կու գայ միանալ մեր հա­սարա­կու­թեան։ Այդ կա­մաւոր ներգրա­ւուա­ծու­թիւնը իր հետ կը բե­րէ նաեւ հայ վար­ժա­րանի նկատ­մամբ ցան­կութիւն։ Ներ­կայ դրու­թեան մէջ օրի­նական ոչ մէկ ար­գելք կայ ծնող­նե­րէն մէ­կը հայ եղող աշա­կեր­տին հայ­կա­կան դպրոց յա­ճախե­լուն դի­մաց։ Հե­տեւա­բար մեր դպրոց­նե­րու մէջ կը հան­դի­պինք խառն ամուսնու­թե­նէ ծնած բազ­մա­թիւ աշա­կերտնե­րու։

Կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցի դրու­թիւնը կ՚իմաս­տա­ւորո­ւի այն գաղ­թօ­ճախ­նե­րու մէջ, ուր կը բա­ցակա­յի ամե­նօրեայ դպրո­ցը եւ պայ­մաններն ալ ձեռնտու չեն նման հաս­տա­տու­թիւն մը հիմ­նե­լու հա­մար։ Պոլ­սոյ նման 16 ամե­նօրեայ դպրոց ու­նե­ցող գա­ղու­թի մը հա­մար ի՞նչ կը խոս­տա­նայ կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցը։

Գա­լով ար­հեստնե­րու դպրո­ցի նիւ­թին, մօտ քսան տա­րիներ առաջ վաս­տա­կաւոր կրթա­կան մշակ մը՝ յանձին Պա­րոյր Էր­սա­րաչի, խորհրդակ­ցե­լով հա­մայնքա­յին վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէնու­թիւննե­րուն հետ, պատ­րաստած էր առա­ջարկնե­րու ցանկ մը տե­ղեկագ­րի ձե­ւաչա­փով, որ կը հա­մապա­տաս­խա­նէր այ­սօ­րուայ խնդիր­նե­րուն։ Այդ առա­ջարկնե­րը խստիւ մեր­ժո­ւեցան այդ օրե­րու վար­չա­յին­նե­րու կող­մէ։ Տե­ղեկա­գիրը խոր­հուրդ կու տար մեր հինգ բարձրա­գոյն վար­ժա­րան­նե­րէն մէ­կը ար­հեստի դպրո­ցի, մէ­կը գի­տու­թեան, մէ­կը գե­ղարո­ւես­տի եւ մէկն ալ ըն­կե­րային գի­տու­թիւննե­րու ուղղե­լու մա­սին։ Նաեւ կ՚առա­ջար­կէր նա­խադպրո­ցական տա­րիքի տղոց հա­մար ման­կամսուր- ման­կա­պար­տէ­զի մը հաս­տա­տու­մը։

Խնդիր­նե­րը հա­ւաքա­կան քննար­կումով մը ար­ժե­ւորե­լու կա­րողու­թե­նէ զուրկ վար­չա­յին­ներ իրա­րու հետ հա­կաճա­ռեցին, առանց նկա­տի ու­նե­նալու հա­մընդհա­նուր ար­դիւնքը։ Ի վեր­ջոյ Պա­րոյր Էր­սա­րաչի մեր վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան մշակ­նե­րու խորհրդակ­ցութիւննե­րով պատ­րաստած տե­ղեկա­գիրը բար­ձի­թող եղաւ եւ մենք շա­րու­նա­կեցինք նոյն բնոյ­թով։

8Յու­լի­սի ժո­ղովին կա­րեւոր ակ­նարկու­թիւննե­րէն մէկն ալ ու­սուցիչ­նե­րու որա­կի ան­բա­ւարա­րու­թիւնն էր։ Իրենց զա­ւակ­նե­րը օտար վար­ժա­րան­ներ ղրկած թա­ղական­ներ, քիչ մըն ալ ար­դա­րաց­ման կա­րիքով դիւ­րաւ գտած եղան ան­պաշտպան քա­ւու­թեան նո­խազ­ներ։

Գի­տենք թէ կայ «Ու­սուցչաց Միու­թիւն» եւ «Ու­սուցչաց Հիմ­նարկ» կո­չու­մով հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ, որոնք հիմ­նադրու­թեան տա­րինե­րէն սկսեալ չեն կրցած ար­դա­րաց­նել իրենց անո­ւանու­մին թե­լադ­րած ակնկա­լու­թիւննե­րը։

Այս ծի­րէն ներս իր վրայ դրո­ւած յոյ­սե­րը սպա­ռող հաս­տա­տու­թիւն մըն է նաեւ «ՍԷՎ» հիմ­նարկը։ Հիմ­նա­դիր­նե­րը խումբ մը բա­րերար­ներ էին, որոնք այս նա­խաձեռ­նութեամբ կը խոս­տա­նային քա­նի մը տա­րուայ ըն­թացքին կու­տա­կել խո­շոր գու­մար մը, որուն տո­կոս­նե­րը պի­տի դի­մագ­րա­ւէին մեր վար­ժա­րան­նե­րու պիտ­ճէի բա­ցերը։

Որ­պէս եզ­րա­կացու­թիւն նշենք թէ դպրոց հաս­կա­ցողու­թիւնը ու­նի եր­կու գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչներ՝ ու­սուցիչ եւ ու­սա­նող։ Կազ­մի յա­ջորդ բա­ղադ­րիչներն են ծնող­նե­րը եւ մա­տակա­րար մար­միննե­րը։ Անոնց վրայ դիւ­րաւ կա­րելի է աւե­լաց­նել նախ­կին շրջա­նաւարտնե­րը եւս։ Դպրո­ցի հո­գերը բա­զում են։ Այս պա­հուն օրա­կար­գի եկած է միայն տա­րեկան ելմտա­կան ցու­ցա­կի բա­ցը։ Եր­կար տա­րիներ այս խնդրին լուծման հա­մար լոկ բա­րերար­նե­րու առա­տաձեռ­նութեան ապա­ւինած վար­չա­կան­ներ կա­րելի չէ որ նոր լու­ծում մը ձե­ւաւո­րեն։ Իսկ խնդի­րը իր ամ­բողջու­թեան մէջ ու­սումնա­սիրե­լու եւ լու­ծումներ ձե­ւաւո­րելու հա­մար կը կա­րօտինք լայ­նա­ծաւալ քննար­կումի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ