Ի՞նչ կ՚ըսենք… ի՞նչ կը հասկնանք

ՇՈՂԵՐ ՃԵԼԼԱՏԵԱՆ

Թորոնթօ

Լե­­զուն բո­­լոր մշա­­կոյթնե­­րու բա­­ռային տես­­քով ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու ու­­ղին է։ Հա­­յերէն լե­­զուն իր գրա­­կան, խօ­­սակ­­ցա­­­կան եւ բար­­բա­­­ռային տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րով կը հան­­դի­­­սանայ աշ­­խարհի հնա­­գոյն եւ գե­­ղեց­­կա­­­գոյն լե­­զու­­նե­­­րէն մէ­­կը, իր հա­­զարա­­գանձ բա­­ռամ­­թերքով, բա­­ռակազ­­մութիւննե­­րով, շա­­րադա­­սու­­թեամբ, հնչիւ­­նա­­­բանու­­թեամբ եւ լե­­զուա­­կան այլ յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րով։ Խօ­­սակ­­ցա­­­կան հա­­յերէ­­նը ոչ միայն գրա­­կան լե­­զուին տի­­րապե­­տող հան­­րութեան բա­­նաւոր, ան­­կաշկանդ խօսքն է, այ­­լեւ ժո­­ղովուրդի այն մա­­սի խօս­­քը, որուն հա­­մար գրա­­կան լե­­զուն սո­­վորա­­բար հա­­ղոր­­դակցու­­թեան մի­­ջոց չէ։

Հայ ժո­­ղովուրդը դա­­րերու ըն­­թացքին յա­­ռաջա­­ցու­­ցած է իւ­­րա­­­յատուկ խօ­­սակ­­ցա­­­կան լե­­զու մը, հա­­րուստ դար­­ձո­­­ւած­­քա­­­յին խօ­­սելա­­ձեւե­­րով, որոնք չեմ գի­­տեր ին­­չու, ին­­ծի հա­­մար նոյն համն ու հո­­տը չու­­նին, գո­­նէ իմ գիտ­­ցած այլ լե­­զու­­նե­­­րուս մէջ։ Այս դար­­ձո­­­ւած­­քա­­­յին խօ­­սելա­­ձեւե­­րը բազ­­մա­­­թիւ են ու բազ­­մա­­­զան, մեր ման­­կութե­­նէն յա­­ճախ լսած ու ըն­­կա­­­լած ենք։ Անոնք բնա­­կանա­­բար սկսած են մաս կազ­­մել մեր առօ­­րեայ խօ­­սակ­­ցութիւննե­­րուն։ Այս դար­­ձո­­­ւածքնե­­րու կազ­­մութեան մէջ հիմ­­նա­­­կան դեր ու­­նին մեր մարմնի ան­­դամնե­­րը, որոնք յա­­ճախ են­­թա­­­կաներ են, միանա­­լով հե­­տաքրքիր բա­­յերու եւ լրա­­ցու­­ցիչ գո­­յական­­նե­­­րու կ՚ամ­­բողջաց­­նեն նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րը եւ խօ­­սակ­­ցա­­­կան լե­­զուն կը հա­­մեմեն զա­­նազան ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով։

Այս առու­­մով՝ գլու­­խը առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւն ու­­նե­­­ցող մէկ ան­­դամն է։ Հայ­­րը կամ մայ­­րը երբ իրենց ձանձրոյ­­թը պի­­տի ար­­տա­­­յայ­­տեն երե­­խանե­­րու աղ­­մուկէն բար­­կա­­­ցած պի­­տի ըսեն՝ «Գլուխս տա­­րիք», իսկ եթէ նոյն բա­­նը քա­­նի մը ան­­գամներ կրկնո­­ւի՝ «Գլուխս ար­­դուկե­­ցիք»։ Եթէ բա­­րեկա­­մի մը պի­­տի բա­­ցատ­­րենք թէ որ­­քան բազ­­մազբաղ ենք այս օրե­­րուն՝ «Գլուխ քե­­րելու ժա­­մանակ չու­­նիմ»։ Երբ զգաս որ ոեւէ մէ­­կը չի կա­­մենար քեզ օգ­­տա­­­կար դառ­­նալ՝ «Եղունգ ու­­նիս գլուխդ քե­­րէ»։

Դժբախ­­տութիւն մը պա­­տահե­­լու պա­­րագա­­յին ալ գլու­­խը չի կրնար խու­­սա­­­փիլ իրո­­ղու­­թե­­­նէն. «Վայ, գլխուն մեծ փոր­­ձանք մը եկած է»։ «Պայ­­թիլ» բայն ալ կրնայ միանալ գլխուն եւ շեշ­­տել յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւ­­նը. «Գլխուն պայ­­թե­­­ցաւ»։ Եր­­բեմն բար­­կա­­­ցած պա­­հու մը կը ստի­­պուինք քա­­ղաքա­­վարու­­թեան սահ­­մաննե­­րը խախ­­տել ըսե­­լով՝ «Խնդրեմ, գլուխս եր­­բեք պա­­րապ չէ քե­­զի հա­­մար»։ Սա­­կայն չմոռ­­նանք յար­­գանքի մեծ բա­­ժինն ալ, որ գլու­­խը կը վա­­յելէ. «Գլխուս վրայ տեղ ու­­նիս», իսկ եթէ գա­­ղափա­­րին եր­­բեք հա­­մոզո­­ւած չենք՝ վճռա­­բար կ՚ըսենք. «Ասանկ բա­­ները գլուխս չեն թրջեր»։ Յա­­ջողու­­թեամբ աշ­­խա­­­տան­­քը աւար­­տո­­­ղը կը գնա­­հատեն՝ «Իս­­կա­­­պէս,շատ լաւ գլուխ հա­­նեց»։ Հայ­­րը կը սաս­­տէ ըմ­­բոստ երի­­տասարդ տղան. «Գլու­­խէդ վեր բա­­ներու մա­­սին չմտա­­ծես»։ Թղթա­­խաղի ըն­­թացքին գլու­­խը շատ ան­­գամ սպառ­­նա­­­լիքի կրնայ են­­թարկո­­ւիլ. «Այս ան­­գամ ես քու գլուխդ պի­­տի կտրեմ»։

Լե­­զուն ալ գլու­­խէն ետ չմնար։ Երե­­խան երբ նոր խօ­­սիլ սկսի, մեծ մայ­­րը կ՚ըսէ. «Թոռ­­նիկս լե­­զու ելաւ»։ Երբ մէ­­կը ճար­­տա­­­րօրէն կրնայ հա­­մոզել, կը գո­­վենք. «Ինչ լաւ լե­­զու թա­­փեց»։ Եր­­կու կին­­ներ կ՚ափ­­սո­­­սան ծա­­նօթ բա­­րեկա­­մու­­հիի մը բամ­­բա­­­սան­­քի նիւթ դառ­­նա­­­լը, եւ գլուխ տա­­րու­­բե­­­րելով կ՚ըսեն. «Մեղք է, ժո­­ղովուրդին լե­­զուն ին­­կաւ»։ Երբ վէճ մը շատ սաստկա­­նայ, վի­­ճաբա­­նող­­նե­­­րէն մէ­­կը պար­­տա­­­ւորո­­ւած կրնայ ըսել. «Լե­­զուդ քա­­շէ՛, ալ կը բա­­ւէ»։ Իր խո­­րաման­­կութեամբ ըն­­կե­­­րը անել վի­­ճակի մատ­­նո­­­ղը կը հպար­­տա­­­նայ թէ «Լե­­զուն բռնո­­ւեցաւ չկրցաւ պա­­տաս­­խան տալ»։

Ական­­ջը յա­­ճախ պատ­­ժա­­­միջոց դար­­ձած մարմնի ան­­դամն է, հա­­կառակ իր կեն­­սա­­­կանու­­թեան։ Թէեւ ներ­­կայ սե­­րունդնե­­րու ականջնե­­րը ձեր­­բա­­­զատո­­ւած ու հանգստա­­ցած են այդ պա­­տիժէն, բայց եր­­բեմն տա­­կաւին կրնան լսել «Ականջդ պէտք է քա­­շուի» ոչ-կի­­րառե­­լի յան­­դի­­­մանու­­թիւնը։ Մտա­­հոգ բա­­րեկամդ կրնաս մխի­­թարել ըսե­­լով. «Ական­­ջիդ ետեւ նե­­տէ» կամ «Ականջ մի՛ դներ»։ Լա­­ւագոյն ծնո­­ղական խրատ մըն է «Ականջդ լաւ բաց, զա­­ւակս»։

Ձեռքն ու ոտքն ալ ան­­շուշտ մաս կը կազ­­մեն այս ցան­­կին։ Առա­­տաձեռն մար­­դուն պի­­տի ըսենք «Ձեռ­­քը բաց է», իսկ ան­­ճա­­­րակին. «Անոր ձեռ­­քէն բան չ՚ել­­լեր»։ Բամ­­բա­­­սող կի­­ները գո­­ղի մը պատ­­մութիւ­­նը կը սկսին ըսե­­լով. «Լսե­­ցինք ձեռ­­քը ծուռ է եղեր…»։ Ոս­­տի­­­կան մը երբ պար­­մա­­­նու­­հի մը կը հար­­ցաքննէ թէ այդ երի­­տասար­­դէն ինչ պատ­­ճա­­­ռով կը գան­­գա­­­տիք, վեր­­ջինս եր­­կու բա­­ռով կրնայ բա­­ցատ­­րել պա­­տահա­­ծը. «Ձեռք նե­­տեց…»։ Հա­­ւաքա­­կան աշ­­խա­­­տան­­քի մը միայն որ­­պէս դի­­տորդ մաս­­նակցո­­ղը հա­­ւանա­­կան է որ լսէ «Ձեռքդ բա­­նի մը չդպցու­­ցիր» նկա­­տողու­­թիւնը։ Երբ պա­­տանիէն բար­­կա­­­ցած հայ­­րը վերջնա­­կանօ­­րէն պի­­տի ար­­գի­­­լէ որե­­ւէ տեղ եր­­թալ՝ «Ոտքդ կտրէ. տեղդ նստիր»։ «Պնդել» բա­­յը այնքան ալ ազ­­դե­­­ցիկ չէ քան «Ոտք կո­­խեց» ըսե­­լը։ Նա­­հան­­ջելն ալ կրնայ ոտ­­քով բա­­ցատ­­րո­­­ւիլ. «Վեր­­ջա­­­պէս ոտ­­քը քա­­շեց հոս­­կէ»։

Քի­­թը ընդհան­­րա­­­պէս բա­­ցասա­­կան դե­­րակա­­տարու­­թեամբ հան­­դէս կու գայ. «Քիթդ մի խո­­թեր», ու­­րի­­­շի գոր­­ծին մի խառ­­նո­­­ւիր։ Հե­­տաքրքի­­րին «քի­­թը եր­­կար է», իսկ գար­­շա­­­հոտու­­թե­­­նէն կրնայ «քի­­թը փրթիլ»։ Մեծ մայ­­րի­­­կը կ՚ափ­­սո­­­սայ ազ­­գա­­­կանի մը ձա­­խողու­­թիւնը. «Մէկ խօս­­քով՝ խեղ­­ճին քի­­թէն եկաւ»։ Եր­­բեմն ալ եր­­կու ան­­ձե­­­րու մի­­ջեւ նմա­­նու­­թիւն գտնող վար­­պետնե­­րը նմա­­նու­­թիւնը շեշ­­տե­­­լու հա­­մար. «Քի­­թէն ին­­կեր է» պի­­տի ըսեն։

Ան­­շուշտ բե­­րանն ալ գոր­­ծօն ան­­դամ է այս ծի­­րէն ներս։ Ու­­սուցչու­­հին քա­­նի մը ան­­գամներ շա­­տախօս աշա­­կեր­­տին «մի. խօ­­սիր» ըսե­­լէ ետք «Բե­­րանդ գո­­ցէ» կը գո­­չէ։ Աւե­­լորդ պա­­կաս բա­­ներ խօ­­սողին՝ «Բեր­­նիդ չափ ու սահ­­ման դիր»։ Վայ անոր որուն ան­­գաղտնա­­պահ ըլ­­լա­­­լը բա­­ցայայ­­տո­­­ւի. «Անոր բե­­րանը բան չթրջիր» կ՚ըսեն, իսկ եթէ հա­­կառակն է՝ «Չէ, եր­­բեք կաս­­կած մի ու­­նե­­­նաք, բե­­րանը ամուր է»։

Աչ­­քի պէս պարզ եւ աչ­­քի պէս խո­­րունկ. աչքն ալ իր բա­­ժինը առած է այս դար­­ձուածքնե­­րէն։ Երբ մէ­­կը շատ հե­­տաքրքիր ծի­­ծաղ մը կը պատ­­մէ, լաւ մը խնդա­­լէն ետք շնչաս­­պառ կ՚ըսենք. «Աչքդ չ՚ել­­լէ, ուրկէ բե­­րիր այս մէ­­կը»։ Երազ­­կոտ մա­­նու­­կը իր ամ­­պե­­­րէն վար բե­­րելու հա­­մար կ՚ըսեն. «Աչքդ լաւ բաց»։ Փափ­­կա­­­սուն տի­­կինը առեւ­­տուրէ վե­­րադար­­ձին կը փոր­­ձէ ամու­­սի­­­նը հա­­մոզել թէ ցու­­ցա­­­փեղ­­կին մէջ տե­­սած ադա­­ման­­դեայ մա­­տանին շատ սի­­րած է եւ ան­­պայման կ՚ու­­զէ հատ մը ու­­նե­­­նալ. «Աչքս վրան մնաց» կրկնե­­լը լա­­ւագոյն մի­­ջոց­­նե­­­րէն մէկն է։ Սնա­­հաւա­­տու­­թե­­­նէ ալ իր բա­­ժինը ստա­­ցած է աչ­­քը. եր­­բեմն կա­­պոյտ գոյ­­նով աչ­­քի նշան­­ներ կը դրո­­ւին դռնե­­րու վրայ եւ ըստ այնմ վատ բան մը պա­­տահե­­լու պա­­րագա­­յին կ՚ըսո­­ւի «ան­­պայման աչք դպած է» կամ «աչ­­քէ եղաւ»։ Անգլե­­րէն լե­­զուի մէջ շատ գոր­­ծա­­­ծուած կրկնա­­կի ստու­­գումը, հա­­յերէ­­նով աւե­­լի հեշտ է ըսել «Աչք մը եւս նե­­տէ»։ Խեղճ աչ­­քը եր­­կու պա­­րագա­­ներուն ալ կը ծա­­ռայէ. երբ ան­­հա­­­տը ագահ է՝ «Աչ­­քը ծակ կ՚ըլ­­լայ», հա­­կառա­­կը՝ «Աչ­­քը կուշտ է»։ Գաբ­­րիէլ Սունդու­­կեանի «Պե­­պօ» թատ­­րերգու­­թեան մէջ, երբ Արու­­թին իր պարտքը կ՚ու­­րա­­­նայ եւ փո­­խարէ­­նը հինգ թու­­ման կը փոր­­ձէ տալ, Պե­­պօ դրա­­մը Արու­­թի­­­նի երե­­սին շպրտե­­լով կ՚ըսէ. «Հը՛, բռնէ՛, աչքդ խո­­թէ կնկադ հա­­մար առ­­նե­­­լիք կ՚ու­­նե­­­նաս»։

Պէտք չէ մոռ­­նանք նաեւ սիր­­տը՝ մարմնի շար­­ժի­­­չը, այս պա­­րագա­­յին նկա­­րագիր բնու­­թագրողն է։ Ան­­հա­­­տի մը մա­­սին դրա­­կան ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու հա­­մար կ՚ըսենք՝ «Սիր­­տը մա­­քուր է», իսկ բա­­ցասա­­կանին սիր­­տը իր գոյնն իսկ կը փո­­խէ. «Սիր­­տը շատ սեւ է»։ Բա­­ւարար չէ պարզ բա­­ռերով պատ­­մել թէ բա­­րեկամ մը առա­­ջին հան­­դի­­­պու­­մէն շատ սի­­րած ենք. կը նա­­խընտրենք ըսել՝ «Առա­­ջին օրէն սիրտս մտաւ»։

Եւ եթէ շա­­րու­­նա­­­կենք մտա­­ծել այս առնչու­­թեամբ կրնանք տա­­կաւին շատ մը օրի­­նակ­­ներ վեր­­յի­­­շել, այս ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կեն մնալ խօ­­սակ­­ցա­­­կան լե­­զուի օգ­­նա­­­կան­­ներ, եր­­կար միտ­­քերն ու խօս­­քե­­­րը կարճ ու դի­­պուկ կեր­­պով հա­­ղոր­­դե­­­լու լա­­ւագոյն մի­­ջոց­­ներ։

Եւ մա­­նաւանդ, մեր լե­­զուն կ՚ըլ­­լայ աւե­­լի հա­­մով ու հո­­տով։

(Հո­­րիզոն շա­­բաթա­­թերթ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ