Հայաստանի Աստուածաշնչային Ընկերութիւնը կը կազմակերպէ գիտաժողով

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միած­­նի կայ­­քէ­­­ջէն կը տե­­ղեկա­­նանք թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի Աս­­տո­­­ւածաշնչա­­յին Ըն­­կե­­­րու­­թիւնը (ՀԱԸ) 2021 թո­­ւակա­­նին կը նշէ իր հիմ­­նադրման 30-ամեակը եւ այդ առի­­թով կը նա­­խաձեռ­­նէ շարք մը մի­­ջոցա­­ռումնե­­րուն։

Գի­­տաժո­­ղովը կը կա­­յանայ Հոկ­­տեմբե­­րի 8-10 թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ «Աս­­տուածաշնչի թարգմա­­նու­­թեան եւ մեկ­­նութեան ար­­դի հե­­ռան­­կարնե­­րը» խո­­րագի­­րով։

Կա­­խուած աշ­­խարհի հա­­մավա­­րակի իրա­­վիճա­­կէն նա­­խատե­­սուած է գի­­տաժո­­ղովը հա­­մատեղ կազ­­մա­­­կեր­­պել հե­­ռակապ Zoom-ի մի­­ջոցով։ Այն հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կու տայ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն դի­­տել առ­­ցանց կամ նա­­խապէս ձայ­­նագրո­­ւած ելոյթնե­­րը եւ ներ­­կա­­­յաց­­նել իր աշ­­խա­­­տու­­թիւնը հե­­տեւեալ բա­­ժին­­նե­­­րով.

- Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի թարգմա­­նու­­թեան պատ­­մութիւ­­նը

- Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի թարգմա­­նու­­թեան ար­­դի հիմ­­նախնդիր­­նե­­­րը

- Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի թարգմա­­նու­­թեան ժա­­մանա­­կակից մի­­ջոց­­նե­­­րը

- Մշա­­կու­­թա­­­յին են­­թա­­­հողը։

Նա­­խատե­­սուած է գի­­տաժո­­ղովը կազ­­մա­­­կեր­­պել ամէն տա­­րի՝ այն դարձնե­­լով տե­­սակէտ­­նե­­­րու եւ փոր­­ձերու փո­­խանակ­­ման իտէալա­­կան հար­­թակ։

Գի­­տաժո­­ղովի մաս­­նակցու­­թեան հրա­­ւէրի յղումներն են՝

https://biblesociety.am/eng/237/Conference անգլե­­րէն https://biblesociety.am/arm/237/Conference հա­­յերէն։

Հար­­ցե­­­րու դէպ­­քին կը խնդրո­­ւի կապ­­նո­­­ւիլ info@biblesociety.am հաս­­ցէով։

https://bit.ly/373flZu

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ