Պատրիարք հօր նախագահութեամբ յիշատակուեցան Կազդուրման կայանի հիմնադիր պատրիարքները

Գնա­լը Կղզիի Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ, 25 Յու­­լիս 2021, Կի­­րակի տե­­ղի ու­­նե­­­ցած արա­­րողու­­թիւննե­­րով յի­­շատա­­կուե­­ցան Գնա­­լը Կղզիի Կազ­­դուրման Կա­­յանի հիմ­­նա­­­դիր եւ հո­­վանա­­ւոր Պատ­­րիարքնե­­րը։ Արա­­րողու­­թեանց նա­­խագա­­հեց եւ իր պատ­­գա­­­մը փո­­խան­­ցեց Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը։ Արա­­րողու­­թեան ներ­­կայ էին Լե­­ւոն Շա­­տեանի գլխա­­ւորած Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ Եկե­­ղեց­­ւոյ Թա­­ղային Խոր­­հուրդի ան­­դամնե­­րը, Գա­­րակէօզեան Վար­­ժա­­­րանի Խնա­­մակա­­լու­­թեան Ատե­­նապետ Տիգ­­րան Կիւլմէզ­­կիլ եւ Արի Չօ­­լաքի գլխա­­ւորած Կազ­­դուրման Կա­­յանի վար­­չութեան ան­­դամնե­­րը։ Արա­­րողու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան նաեւ կո­­կիկ թի­­ւով հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ։

Ս. Պա­­տարա­­գը մա­­տոյց Կղզեաց Հո­­գեւոր Հո­­վիւ՝ Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Աբղ. Տա­­մատեան։ Ս. Սե­­ղանին սպա­­սար­­կե­­­ցին եկե­­ղեց­­ւոյ սար­­կա­­­ւագ­­ներն ու դպիր­­նե­­­րը։ Ս. Պա­­տարա­­գի եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը կա­­տարո­­ւեցան Ս. Ներ­­սէ­­­սեան Դպրաց Դա­­սու ան­­դամնե­­րու կող­­մէ առաջ­­նորդու­­թեամբ՝ Բրշ. Ար­­թուն Սրկ. Թէ­­քիրօղ­­լո­­­ւի եւ եր­­գե­­­հոնա­­հարու­­թեամբ՝ Սի­­րուն Սի­­րու­­նեանի։

Ս. Պա­­տարա­­գի աւար­­տին, Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը քա­­րոզեց եւ վեր առաւ Կազ­­դուրման Կա­­յանի առա­­քելու­­թիւնը։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը նախ յի­­շեցուց, թէ՝ Կա­­յանի նա­­խաքայ­­լե­­­րը նե­­տուած էին Պո­­յաճը­­գիւ­­ղի մէջ Երա­­նաշ­­նորհ Գա­­րեգին Պատ­­րիարք Խա­­չատու­­րեանի կող­­մէ, իսկ Գնա­­լը Կղզիի մէջ հաս­­տա­­­տու­­թիւնը զար­­գա­­­նալ սկսած էր Շնորհք Պատ­­րիար­­քի կող­­մէ։ Յա­­ջոր­­դա­­­բար հաս­­տա­­­տու­­թիւնը հո­­վանա­­ւորու­­թիւնը վա­­յելած էր նաեւ Գա­­րեգին Բ. եւ Մես­­րոպ Բ. պա­­տիարքնե­­րուն։ Հաս­­տա­­­տու­­թեան հիմ­­նա­­­կան նպա­­տակը եղած էր, հա­­մայնքիս կա­­րելիու­­թե­­­նէ զուրկ պա­­տանի­­ները ի մի հա­­մախմբել եւ անոնց հա­­մար դառ­­նալ ամ­­րան բոյն մը։ Այս առու­­մով, Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը սոյն առա­­քելու­­թիւնը որա­­կեց որ­­պէս սի­­րոյ առա­­քելու­­թիւն։ Ան­­ցեալին նիւ­­թա­­­պէս կա­­րող ան­­ձինք մտա­­ծած էին այ­­լոց զա­­ւակ­­նե­­­րը եւ անոնց հա­­մար իրենց նիւ­­թա­­­կանն ու կա­­րելիու­­թիւննե­­րը սպաս դրած էին։ Հե­­տեւա­­բար, Կա­­յանը դար­­ձած էր Գնա­­լը Կղզիի ժո­­ղովուրդին աչ­­քին բի­­բը։

Հա­­մավա­­րակի սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րը, դժբախ­­տա­­­բար ար­­գելք եղած էին, որ մա­­նուկներ Կա­­յանին հո­­վանիին ներ­­քեւ հա­­մախմբո­­ւին։ Մա­­նուկնե­­րու ձայ­­նե­­­րը դժբախ­­տա­­­բար եր­­կու տա­­րիէ ի վեր ակա­­մայ անլսե­­լի դար­­ձած է հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռաւ։ Այս շրջա­­գիծով, յոյս յայտնեց որ յա­­ջորդ տա­­րի հա­­մավարա­­կի ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը նո­­ւազի եւ Կա­­յանը վերստին իր հիմ­­նադրու­­թեան առա­­քելու­­թեան գծով ծա­­ռայէ մեր հա­­մայնքի զա­­ւակ­­նե­­­րուն։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը այս առի­­թով, գնա­­հատեց Արի Չօ­­լաքի գլխա­­ւորած վար­­չութեան ան­­դամնե­­րը, որոնք իրենց երի­­տասար­­դա­­­կան կո­­րովով կը ջա­­նան ծա­­ռայել կա­­յանի ամ­­րացման։ Բաց աս­­տի, անդրա­­դար­­ձաւ նաեւ, թէ Կա­­յանը Գա­­րակէօզեան Վար­­ժա­­­րանի Խնա­­մակա­­լու­­թեան հո­­գածու­­թեան ներ­­քեւ կը գոր­­ծէ եւ այս առու­­մով Տիգ­­րան Կիւլմէզ­­կի­­­լի գլխա­­ւորած վար­­չութեան ան­­դամնե­­րուն թե­­լադ­­րեց, որ միշտ նիւ­­թա­­­պէս ու բա­­րոյա­­պէս տէր կանգնին կա­­յանի հա­­մայնքա­­նուէր առա­­քելու­­թեան։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, քա­­րոզին մէջ անդրա­­դար­­ձաւ նաեւ ըն­­տա­­­նիքի կա­­րեւո­­րու­­թեան եւ հա­­մայնքա­­յին կեան­­քէ ներս ըն­­տա­­­նիքի կա­­րեւո­­րու­­թիւնը շեշ­­տեց ու ըսաւ. «Ըն­­տա­­­նիքն է ամե­­նէն փոքր եկե­­ղեցին, ըն­­տա­­­նիքն է ամե­­նէն փոքր վար­­ժա­­­րանը, ըն­­տա­­­նիքն է ամե­­նէն փոքր հի­­ւան­­դա­­­նոցը եւ հե­­տեւա­­բար զօ­­րաւոր հա­­ստա­­տու­­թիւննե­­րու հա­­մար կա­­րիքն ու­­նին ամուր ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու»։ Այս առի­­թով յայտնեց, թէ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը պէտք է նպաս­­տեն ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու եւ ըն­­տա­­­նիք­­ներ ալ իրենց կար­­գին պէտք է տէր կանգնին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու։ Իր խօս­­քե­­­րու աւար­­տին, Պատ­­րիարք Հայ­­րը, անդրա­­դար­­ձաւ Օր­­թա­­­գիւ­­ղի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին Եկե­­ղեց­­ւոյ վեր­­ջերս ձեռ­­նարկած ծրագ­­րին, որով այն ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը որոնք զա­­ւակ ու­­նե­­­նալու հա­­մար բժշկա­­կան մի­­ջամ­­տութեան կը կա­­րօտէին, անոնց պի­­տի սա­­տարէին ։

Քա­­րոզի աւար­­տին, Պատ­­րիարք Հօր նա­­խագա­­հու­­թեամբ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ հո­­գեհանգստեան աղօթք, որով յի­­շատա­­կուե­­ցան Գա­­րեգին Ա., Շնորհք, Գա­­րեգին Բ. եւ Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիարքնե­­րը, ինչպէս նաեւ Կազ­­դուրման Կա­­յանի հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րը, սա­­տարող­­նե­­­րը, սպա­­սաւոր­­ներն ու սա­­ները։ Հո­­գեհանգստեան աղօ­­թքի աւար­­տին, Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը եկե­­ղեցա­­կանաց թա­­փորով եւ «Սիոնի» շա­­րակա­­նի եր­­գե­­­ցողու­­թեամբ առաջ­­նորդո­­ւեցաւ եկե­­ղեց­­ւոյ խորհրդա­­րանը, ուր վեր­­ջին օրհնու­­թեամբ արա­­րողու­­թիւնը իր աւար­­տին հա­­սաւ։

Եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թե­­­նէ յե­­տոյ, Կազ­­դուրման Կա­­յանի մէջ սար­­քո­­­ւեցաւ բա­­ցօթեայ սի­­րոյ սե­­ղան, որ պատ­­րաստուած էր հա­­մավա­­րակի սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րուն հնա­­զանդ մնա­լով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ