Հրաժեշտ Ճիվան Գասպարեանին

Տուտուկի աշխարհահռչակ մենակատար Ճիվան Գասպարեանի յուղարկաւորութիւնը եւ թաղումը տերի ունեցաւ 24 Յուլիս շաբաթ օր։ Յուղարկաւորութեան յատուկ հանդէս կազմակերպուած էր Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգային դահլիճին մէջ։ Ներկայ էին վարչապետի պաշտօնակաիար Նիկոլ Փաշինեան, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, երաժիշտներ, արուեստագէտի հարազատները, մշակոյթի եւ արուեստի աշխարհէն ծանօթ դէմքեր եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ։

Ճիվան Գասպարեան մահացած էր 6 Յուլիս թուականին 93 տարեկանին։ Սգահանդէսի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ անուանի տուտուկահար Գէորգ Տապաղեան, որ փառաբանեց մեծ վարպետի արուեստը հետեւեալ տողերով. «Նման մարդիկ անմահ են։ Մահը ի զօրու է արդիւնք չտուողներուն։ Ճիվան Գասպարեան մեծ ժառանգ մը թողած է իր ետին։ Ան յաջողեցաւ ծիրանափողը ծանօթացնել համայն աշխարհին։ Այսպէսով սատարեց նաեւ իր երկրի ծանօթացման։ Մարդիկ օտար ափերու վրայ Գասպարեանի տուտուկով զգացին հայ մշակոյթի խորութիւնը։ Իր մահը մեր կորուստ մըն է մեծ կեանքէ ներս։ Որովհետեւ անոնց գոյութիւնը միշտ պիտանի է։ Իրմէ ետք հիմա ունինք շատ արժէքաւոր դպրոց մը, որ պիտի յիշուի իր անունով»։

Ելոյթ ունեցաւ նաեւԿրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարի պաշտօնակատար Վահրամ Տումանեան, որ իր կարգին վեր առաւ Ճիվան Գասպարեանի հայ երաժշտութեան եւ մշակոյթին բերած նպաստը։

Աւելի վերջ Ճիվան Գասպարեանի աճիւնը հողին յանձնուեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ