Ուսեալ ոճրագործի վայրագութիւնը

Թուրքիոյ մէջ կի­ներու ուղղեալ ոճիր­նե­րը Յու­լիս ամ­սո­ւայ ըն­թացքին ալ շա­րու­նա­կած է շատ բարձր հա­մեմա­տու­թիւն մը կազ­մել։ Ամ­սո­ւայ ըն­թացքին 20 կի­ներ սպան­նո­ւած են իրենց աժ­մու կամ նախ­կին ամու­սիննե­րու ու նաեւ ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներու ձե­րամբ։ Իսկ 14 կի­ներու անձնաս­պա­նու­թիւնն ալ բա­ւակա­նին կաս­կա­ծելի է։ Վեր­ջին շշմե­ցու­ցիչ լու­րը եկաւ Ան­թա­լիայէն, ուր 48 ամեայ Մուսթա­ֆա Մու­րատ Այ­հան, որ ծա­նօթ գոր­ծա­տէր մըն է իր մի­ջավայ­րի մէջ եւ դա­ժանօ­րէն սպան­նած է 21 ամեայ հա­մալ­սա­րանա­կան ու­սա­նող Ազ­րա Կիւ­լէնտամ Հայ­թաօղ­լուն։ Ոս­տի­կան­նե­րը ստու­գե­լով երի­տասարդ կնոջ վեր­ջին ան­գամ Այ­հա­նի հետ տե­սակ­ցած ըլ­լա­լը, հար­ցաքննե­ցին զայն եւ ապա ստա­ցած պա­տաս­խաննե­րէն գո­հացած ազատ ար­ձա­կեցին։ Ապա տե­սախ­ցիկնե­րու ու­սումնա­սիրու­թիւնով կաս­կածնե­րը ան­գամ մը եւս ու­ղո­ւած են իր վրայ եւ ան երկրորդ հար­ցաքննու­թեան խոս­տո­վանած է իր արար­քը։ Ոճ­րա­գոր­ծը նաեւ ցոյց տո­ւած է զո­հուած երի­տասարդ կնոջ հինգ մասի բաժանուած դիակը թաղած վայրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ