Թուրքիա հրոճարակ դարձաւ

28Յու­լիս թո­ւակա­նէն այս կողմ Թուրքիոյ օրա­կար­գի գլխա­ւոր նիւ­թը դար­ձած է ան­տա­ռային տա­րածքնե­րու հրդեհ­նե­րը, որոնք կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ շա­բաթո­ւայ մը ըն­թացքին ընդմիշտ նոր բռնկումնե­րով։ Հրդե­հի առա­ջին դէպ­քը պա­տահած էր Ան­թա­լիոյ Մա­նաւ­կաթ գա­ւառը եւ այդ աղէ­տը փճա­ցուցած էր ան­տա­ռային տա­րածքնե­րը, որոնք վե­րածո­ւեցան մո­խիրի կոյ­տե­րու։ Թերթիս հրա­տարա­կու­թեան պատ­րաստո­ւած ժա­մերու տո­ւեալ­նե­րով անցնող մէկ շա­բաթո­ւայ ըն­թացքին 34 տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մեր­ձա­կայ 174 ան­ջատ հրդեհ­ներ տե­ղի ու­նե­ցան, որոնցմէ 161-ը կա­րելի եղաւ հսկել։ Իսկ 9 ան­ձեր իրենց կեան­քը կորսնցու­ցին փո­ցերու մէջ, որոնց մէկ մա­սը հրշէջ­ներ էին, իսկ մէկ մասն ալ խա­ղաղ բնա­կիչ­ներ։ Այ­րուած ան­տառնե­րուն մէջ զո­հուած բազ­մա­թիւ անա­սուննե­րու կող­քին, կա­րելի չե­ղաւ նաեւ գո­մերու մէջ մնա­ցած անա­սուննե­րը փրկել։ Այս պա­հուն բո­ցերու դէմ պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի Մուղլա, Ան­թա­լիա, Սփար­թա, Այ­տըն եւ Տե­նիզլի քա­ղաք­նե­րու շրջա­կայ­քը։

Հրդեհ­նե­րու կա­րեւոր դրդա­պատ­ճա­ռը կը հա­մարո­ւի եղա­նակի բարձր ջեր­մութիւ­նը, տե­ղումնե­րու բա­ցակա­յու­մը եւ ուժգին հիւ­սի­սային քա­մին։

Հրդեհ­նե­րը զա­նազան վայ­րե­րու մէջ կը սպառ­նան նաեւ բնա­կավայ­րե­րուն, որու հե­տեւան­քով բազ­մա­թիւ գիւ­ղեր եւ հիւ­րա­նոց­ներ պար­պո­ւեցան։

Այս բո­լորին մէջ կա­ռավա­րու­թեան ուղղեալ ծանր քննա­դատու­թիւններ ու մե­ղադ­րանքներ կը հնչեն հրդեհ­նե­րուն օդա­յին ճամ­բով մի­ջամ­տե­լու նիւ­թին շուրջ ան­ճա­րակու­թեան պատ­ճա­ռաւ։

Թուրքիա ան­ցեալին նման աղէտ­նե­րուն կը մի­ջամ­տէր հրշէջ ինքնա­թիռ­նե­րով։ Իսկ այս վեր­ջին հրդե­հի օրի­նակով յայտնի եղաւ թէ պե­տու­թիւնը հրա­ժարած է այդ օդա­նաւ­նե­րէն օգ­տո­ւելու գա­ղափա­րէն եւ նոյ­նիսկ օդա­չու­ներն ալ աշ­խա­տան­քէ հե­ռացու­ցած։

Այս բո­լորը կը կա­տարո­ւին քա­ղաքա­կան նա­խասի­րու­թիւննե­րով, քա­նի որ իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան գոր­ծիչնե­րը, գլխա­ւորու­թամբ նա­խագահ Էր­տո­ղանի, դիրք բռնած են «Թուրք Օդա­յին Հաս­տա­տու­թիւն» ոչ պե­տական կազ­մա­կեր­պութեան դէմ։ Նոյ­նիսկ կա­ռավա­րու­թիւնը պաշ­տօ­նանկ ըրած էր այդ միու­թեան վար­չա­կազ­մը եւ տե­ղապահ նշա­նակած։

Ան­տա­ռային հրդեհ­նե­րը իր հետ բե­րին նաեւ ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան նոր ճգնա­ժամ մը։ Բազ­մա­թիւ ըն­կե­րային ցան­ցե­րէ ներս տա­րածո­ւեցաւ «Ան­տառնե­րը ՀՏՓ-ական­նե­րը կը հրկի­զեն» սուտ լրա­տաուու­թիւնը։ Այդ սու­տի տա­րած­ման իրենց ելոյթնե­րով նպաս­տե­ցին նաեւ կարգ մը քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ եւ պե­տական այ­րեր։ Մա­նաւ­կա­թի մէջ իրենց առո­գանու­թե­նէն շփո­թելով եր­կու եղ­բայրնե­րու դէմ լինչ գոր­ծադրո­ւեցաւ, պնդե­լով թէ քիւրտեր են եւ եկած են ան­տա­ռը հրկի­զելու։ Մինչդեռ աւե­լի ետք պար­զո­ւեցաւ թէ այդ եր­կուքը հրդե­հի վայր փու­թա­ցած էին կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թիւննե­րու օժան­դա­կելու հա­մար։ Եր­կու եղ­բայրներ մա­զապուրծ փրկո­ւեցան դա­ժան սպա­նու­թե­նէ։ Այդ նոյն մթնո­լոր­տի մէջ է որ Քո­նիայի Մե­րամ գա­ւառի մէջ ալ 7 հո­գինոց ըն­տա­նիք մը զոհ դար­ձաւ ատե­լու­թեան ոճի­րի։

Ինչպէս որ բնա­պահ­պաններ ահա­զանգ կը հնչեց­նեն էգո­լոկիական աղէ­տի մը դի­մաց ըն­կե­րաբան­ներն ալ նոյն եղա­նակով կը զգու­շացնեն ըն­կե­րային ճգնա­ժամի մը դի­մաց։ Ճգնա­ժամ մը, որ դիւ­րաւ կրնայ վե­րածո­ւիլ քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի։ Գաղտնիք չէ որ Թուրքիոյ մէջ նման գրգռու­թիւննե­րը շու­տով կը հաս­նին իրենց նպա­տակին եւ ժա­մերու ըն­թացքին կրնայ պա­տահիլ այն ինչ, որու հե­տեւանքնե­րը կա­րելի չէ վե­րաց­նել նոյ­նիսկ եր­կար տա­րինե­րու ջան­քե­րով։

Հրդե­հը ինքնին կը սպառ­նայ նաեւ կարգ մը ջեր­մաելեկտրա­կան կա­յան­նե­րու, քա­նի որ բո­ցերը ար­դէն հա­սած են անոնց տա­րածքնե­րուն։

Եթէ ցարդ կը խօ­սինք ան­տա­ռային հրդեհ­նե­րու մա­սին, ան­դին զա­նազան քա­ղաք­նե­րու մէջ կը պա­տահի թու­փե­րու կամ ար­տե­րու հրդեհ­ներ, որոնք ընդհան­րա­պէս չեն ար­ժա­նանար յա­տուկ ու­շադրու­թեան։ Այս տե­սակի հրդեհ­նե­րը աւե­լի յա­ճախ կը տես­նո­ւին Թրա­քիոյ դաշ­տա­յին վայ­րե­րը, որոնք հա­մեմա­տաբար աւե­լի դիւ­րաւ հսկո­ղու­թեան տակ կ՚առ­նո­ւին։ Կայ ան­տա­ռային հրդեհ­նե­րու մի այլ երե­սակ եւս, որ դար­ձեալ իր կար­գին կա­րեւոր հար­ցա­կան­ներ կը պա­րու­նա­կէ։ Այ­լեւս գաղտնիք չէ որ թրքա­կան բա­նակը քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու դաշ­տա­յին տա­րածքնե­րու վրայ ինք կը հրահ­րէ հրդեհ­ներ, անվտան­գութեան պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնով։ Զի­նուոր­նե­րը կը պնդեն թէ այդ քա­ղաք­նե­րու ան­տա­ռային տա­րածքնե­րու մէջ ահա­բեկիչ­ներ թաք­նո­ւած են եւ անոնք յայտնա­բերե­լու հա­մար դի­տումնա­ւոր կեր­պով կը հրկի­զեն ան­տառնե­րը։ Նոյ­նիսկ այստեղ զի­նուոր­նե­րը ար­գելք կ՚ըլ­լան հրշէջ­նե­րու աշ­խա­տու­թեան։

Այսպէս օրի­նակ մը ապ­րո­ւեցաւ նախ Մու­շի եւ ապա Տէր­սի­մի լեռ­նա­յին տա­րածքնե­րու մէջ։ Զի­նուոր­նե­րը նոյ­նիսկ ար­գի­լեցին Տէր­սի­մի քա­ղաքա­պետ Մեհ­մետ Ֆա­դիհ Մա­չօղ­լո­ւի հրդե­հի վայր փու­թա­լը։

Ան­շուշտ որ յա­ռաջի­կայ օրե­րուն հրդե­հը իբ­րեւ աղէտ պի­տի հան­գի, բայց պատ­ճառ դար­ձած քա­ղաքա­կան փո­թորի­կը տա­կաւին եր­կար ժա­մանակ օրա­կարգ պի­տի զբա­ղեց­նէ երկրի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ