Հրանդ Տինք Դպրոցը կ՚արդարացնէ իր առաքելութիւնը

Արդէն մէկ տա­րիէ աւե­լի է որ Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի մէջ ալ, ինչպէս գրե­թէ աշ­խարհի բո­լոր եր­կիրնե­րը դա­սապա­հերը ընդհան­րա­պէս առ­ցանց, հե­ռաւոր ձե­ւաչա­փով կ՚անցկա­ցուին։ Չնա­յած բո­րոլ դժո­ւարու­թիւննե­րուն՝ 2020-2021 ու­սումնա­կան տա­րուայ մեր դպրո­ցի 14 շրջա­նաւարտնե­րը մեկ­նե­ցան Հա­յաս­տան՝ ու­սումը այնտեղ շա­րու­նա­կելու։ Այս գոր­ծընթա­ցը մեր առա­քելու­թեան գա­գաթ­նա­կէտն ենք միշտ հա­մարած։ Մեր շրջա­նաւարտնե­րը աւան­դա­բար շատ յա­ջող կը մաս­նակցին աւար­տա­կան քննու­թիւննե­րուն, ին­չը մեզ հա­մես­տօ­րէն հպար­տա­նալու առիթ կ՚ըն­ձեռնէ։ Հե­տաքրքիր է, որ առա­ջին տա­րինե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ կը զար­մա­նային, որ օտար ափե­րուն կրթու­թիւն ստա­ցած աշա­կերտնե­րը նման բարձր ցու­ցա­նիշ­ներ կը գրան­ցեն թէ՛ դա­սերու, թէ՛ աւար­տա­կան քննու­թիւննե­րու ըն­թացքին։ Հի­մա շա­տերուն հա­մար այս հան­գա­ման­քը սո­վորա­կան բնոյթ ստա­ցած է. Իս­թանպու­լի Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի սա­ներէն պէտք է լաւ առա­ջադի­մու­թիւն ակնկա­լել։ Այս ամէ­նը նաեւ պոլ­սա­հայ հա­մայնքի ձեռքբե­րումն է, անոնց շնոր­հիւ իրա­կանու­թիւն կը դառ­նայ, քան­զի առանց իրենց սրտցաւ վե­րաբեր­մունքի միայ­նակ կը մնա­յինք եւ չէինք յա­ջողէր։

Հա­յաս­տան մեկ­նած մեր 14 շրջա­նաւարտնե­րէն 12-ը (Ալ­վարդ Աւա­գեանը, Էմ­մա­նուե­լա Բաղ­դա­սարեանը, Ժաք­լին Բաղ­րա­մեանը, Սի­րու­շօ Գէոր­գեանը, Էդիկ Դա­նիելեանը, Մա­րիամ Խա­չատ­րեանը, Ալի­սա Յով­հաննի­սեանը, Սվետ­լա­նա Ղու­կա­սեանը, Սե­նիկ Մկրտչեանը, Սա­մուէլ Պետ­րո­սեանը, Սա­շիկ Պետ­րո­սեանը, Գա­յանէ Ստե­փանեանը) հիմ­նա­կան դպրո­ցի աւար­տա­կան վկա­յական­ներ ստա­ցան եւ ներ­կա­յիս աւագ դպրոց­ներ եւ հա­մար­ժէք այլ ու­սումնա­կան հաս­տա­տու­թիւններ ըն­դունուելու գոր­ծընթա­ցի մէջ են։ Իսկ եր­կուքը՝ Արէն Սարգսեանը եւ Անի Սարգսեանը, նոյն ու­սումնա­կան հաս­տա­տու­թեան աւագ դպրոց պի­տի շա­րու­նա­կեն իրենց ու­սումը՝ հե­տեւա­բար աւար­տա­կան վկա­յական չեն ստա­ցած։ Ալ­վարդ Աւա­գեանը հիմ­նա­կան դպրոցը աւար­տեց գե­րազանց առաջ­դի­մու­թիւնով ստա­նալով յա­տուկ՝ «կար­միր» վկա­յական։

Բա­րի եւ յա­ջողու­թիւննե­րով լի երթ կը մաղ­թենք մեր աշա­կերտնե­րուն։ Ան­չափ շնոր­հա­կալ ենք բո­լոր այն ան­հատնե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն, որոնք մեզ զօ­րավիգ կ՚ըլ­լան եւ մեր առա­քելու­թեան կ՚աջակ­ցին։ Անոնց օգ­նութիւ­նով մեր վար­ժա­րանի պատ­մութեան եւս մէկ գե­ղեցիկ եւ մնա­յուն էջ հնա­րաւոր եղաւ կերտել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ