Եշիլգիւղի Վարժարանի յաջողութիւնները

Համավարա­կի բեր­մամբ դպրո­ցական աշ­խա­տու­­թիւննե­­րը որ­­քան ալ հե­­ռակայ եւ առ­­ցանց շա­­րու­­նա­­­կուին, այս տա­­րի ալ կա­­յացած են միջ­­վարժա­­րանա­­յին զա­­նազան մրցումներ։ Այդ մրցումնե­­րէն մէկն էր «Ռութ 2021 Ռո­­պոթիկ Նշա­­նակ­­ման Մրցում»ը, որուն երկրի տա­­րած­­քին մաս­­նակցող 2500 խմբակ­­նե­­­րու մի­­ջեւ Եշիւլգիւ­­ղի Վար­­ժա­­­րանի սա­­ներէն Մի­­լա Տէ­­վէճեան եւ Տէ­­րուն Տու­­վարճը իրենց ու­­սուցիչ Աղաւ­­նի Տու­­րասլա­­նի հսկո­­ղու­­թեան տակ միայն 6 երկվայրկեանի ու­­շա­­­ցու­­մով նո­­ւաճած են երկրոր­­դութեան մրցա­­նակը։ Բա­­ցի այդ «Ռո­­պոթէքս Թուրքիա» մրցու­­մին ալ դար­­ձեալ Աղաւ­­նի Տու­­րասլա­­նի կող­­մէ պատ­­րաստած եւ Մի­­լա Տէ­­վէճեան ու Քրիս Էօզ­­հա­­­լաճեանէ բաղ­­կա­­­ցող խումբն ալ «Առող­­ջութեան Դրու­­թիւններ եւ Թեխ­­նոլոկեաներ» բաժ­­նին մէջ Թուրքիոյ առաջ­­նութիւ­­նը նո­­ւաճե­­ցին։

Ու­­սուցչու­­հի Այ­­լին Ճը­­րըլի պատ­­րաստած, Նի­­կոլ Թաշ­­ճեան, Սե­­ւակ Իւչքար­­տէշ եւ Այ­­քուն Ներ­­սէ­­­սեանէ բաղ­­կա­­­ցող խումբը «Բնա­­գիտու­­թեան Գոր­­ծադրա­­կան Նա­­խագիծ­­ներ» բաժ­­նին մէջ եր­­րորդ հան­­դի­­­սանա­­լով իրա­­ւունք ու­­նե­­­ցաւ Նո­­յեմ­­բեր ամ­­սուն Էս­­թո­­­նիայի մէջ կա­­յանա­­լիք մրցման ըն­­թացքին Թուրքիան ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու։

Այս յա­­ջողու­­թիւննե­­րու հա­­մար սրտանց կը շնոր­­հա­­­ւորենք մրցումնե­­րուն մաս­­նա­­­կից աշա­­կեր­­տութիւ­­նը եւ զի­­րենք պատ­­րաստող ու­­սուցիչ­նե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ