Հրդեհի պատճառաւ ճակատում իշխանութեան եւ ժողովուրդի միջեւ

Երկու շաբաթէ աւելի է, որ անտառներու հրդեհ­նե­րը Թուրքիոյ գլխա­ւոր օրա­կար­գը կը կազ­մեն։ Թէեւ հրդեհ­նե­րու ծագ­ման գլխա­ւոր պատ­ճառն էր եղա­նակա­յին պայ­մաննե­րը, բայց խնդի­րը շու­տով ստա­ցաւ քա­ղաքա­կան բազ­մե­րանգ բնոյթ։ Կա­ռավա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ հա­ւանա­կան աղէ­տի դի­մաց ան­պատրաստ գտնուելու մեղ­քը ու­րիշնե­րուն բեռցնել։ Այսպէս իշ­խա­նամէտ մա­մու­լը առա­ջին օրե­րէն իսկ առաջ բե­րաւ ահա­բեկ­չութեան վար­կած մը։ Պնդում մը՝ որ շու­տով ար­ժա­նի ար­ձա­գան­գը գտաւ ար­դէն իսկ բե­ւեռա­ցած հա­սարա­կու­թեան մօտ։

Միւս կող­մէ ընդդի­մադիր շրջա­նակ­ներ ալ կա­ռավա­րու­թիւնը կը մե­ղադ­րէին այս տե­սակի հրդեհ­նե­րու հանգման հա­մար կա­րեւո­րագոյն մի­ջոց հա­մարո­ւող հրշէջ ինքնա­թիռ­նե­րու բա­ցակա­յու­թե­նէն։ Այդ ինքնա­թիռ­նե­րը կը պատ­կա­նին «Թուրք Օդա­յին Հաս­տա­տու­թիւն» անուն հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան, որուն դէմ նա­խագահ Էր­տո­ղան վեր­ջին տա­րինե­րուն բա­ցայայտ պայ­քար հռչա­կած է։ Այժմ այդ հաս­տա­տու­թիւնը կը ղե­կավա­րէ կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ նշա­նակո­ւած տե­ղապահ մը, որ իր կար­գին գոր­ծէն հե­ռացու­ցած է կազ­մի բո­լոր օդա­չու­նե­րը։

Այս բո­լորին մէջ բնա­պահ­պաններ ալ հեր­թա­պահու­թիւն կը պա­հեն հրդե­հէն փրկո­ւած ծա­ռերու հատ­ման ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար։

Կա­ռավա­րու­թիւնը բնա­պահ­նե­րուն կը մի­ջամ­տէ Ոս­տի­կան Զօ­րաց բռնու­թիւնով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ