Հայ մամուլի մեծ կորուստը

Մա­հացաւ հան­րա­ծանօթ լրագ­րող եւ հա­սարա­կական գոր­ծիչ Ռաֆ­ֆի Հեր­մոն Արաքս։ Ան կար­ճա­տեւ հի­ւան­դութե­նէ մը ետք իր մահ­կա­նացուն կնքեց Երե­ւանի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ուր են­թարկո­ւած էր աղիք­նե­րու խցա­նու­մի պատ­ճա­ռով գոր­ծո­ղու­թեան, որուն յա­ջոր­դած էին այլ խո­չըն­դոտներ։

Ռաֆ­ֆի Հեր­մոն Արաքս ծնած էր Իս­թանպուլ 1958 թո­ւին։ Նախ­նա­կան ու­սումը ստա­ցած էր տեղ­ւոյն Նոր Դպրոց եւ Էսա­յեան Վար­ժա­րան­նե­րը։ Ապա յա­ճախեց Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րան, ուրկէ աւար­տա­կան դա­սարա­նին փո­խադ­րո­ւեցաւ Շիշ­լի Լի­սէսի։ Ռաֆ­ֆի Հեր­մոն Արաք­սի մա­մու­լի աշ­խա­տու­թեան առա­ջին օրի­նակ­նե­րը յայտնո­ւեցան «Մար­մա­րա» օրա­թեր­թի էջե­րուն վրայ։ Ան ըն­կե­րակ­ցութեամբ իր խումբ մը ըն­կերնե­րու որոշ ժա­մանակ «Մար­մա­րա»ի էջե­րուն վրայ պատ­րաստեց «Մենք՝ Նոր Սե­րունդ» խո­րագ­րեալ յա­տուկ էջ մը։ Արաք­սի լրագ­րութեան աշ­խա­տան­քի մէջ ար­տա­կար­գօ­րէն յա­տուկ երե­ւոյթ մըն էր «Ակօս»ի երկլե­զու հրա­տարա­կու­թիւնը։ Մեծ ոգե­ւորու­թեամբ ող­ջունած էր այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը եւ իս­կոյն մաս կազ­մած «Ակօս»ի անձնա­կազ­մին։ Այդ տա­րինե­րուն ան իր ու­սումը կը շա­րու­նա­կէր Փա­րիզ եւ նոյն ոգե­ւորու­թեամբ կը մաս­նակցէր, այս ան­գամ Ֆրան­սա­կան երկնա­կամա­րին տակ հնչող հայ­կա­կան նոր ար­ձա­գան­գի մը, որն էր «Ռա­տիօ Ազգ» նա­խաձեռ­նութիւ­նը։ Հայ կեան­քէ ներս իւ­րա­քան­չիւր ոս­տում, իւ­րա­քան­չիւր նոր նա­խաձեռ­նութիւն հրճո­ւան­քի, յու­զումի եւ ոգե­ւորու­թեան պատ­ճառ մըն էր իրեն հա­մար եւ չէր կրնար ան­տարբեր մնալ։ Մեծ եռան­դով կը մխրճո­ւէր այդ նոր ձեռ­նարկին եւ կը բե­րէր իր շի­նիչ մաս­նակցու­թիւնը։

Ռաֆ­ֆի Արաքս Հա­յաս­տա­նի մէջ աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ «Հայ Ֆիլմ» սթիւ­տիոյի մէջ, իբ­րեւ օգ­նա­կան անո­ւանի կի­նօբե­մադ­րիչ Հեն­րիկ Մա­լեանին։

Փա­րիզի բնա­կու­թեան տա­րինե­րուն, իբ­րեւ պաշ­տօ­նական գրան­ցում ու­նե­ցող լրագ­րող բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ գրան­ցեց Եւոր­խորհրդա­րանի նիս­տե­րէն։ Ռաֆ­ֆի Հեր­մոն Արաքս բա­ցի լրագ­րո­ղու­թեան իր մաս­նա­գիտու­թե­նէ զա­նազան պաշ­տօններ վա­րեց բազ­մա­թիւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու մէջ։

Իր վեր­ջին աշ­խա­տու­թիւնն էր «Ար­մէնպրէս»ի թրքե­րէն բաժ­նի խմբագ­րութիւ­նը։

Ռաֆ­ֆիի մա­հը կո­րուստ մըն է, թէ հայ եւ թէ թուրք մա­մու­լի աշ­խարհին համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ