Չորս հաստատութիւններ կը յամառին ընտրութեան համար

Ինչպէս ծա­նօթ է հա­մայնքա­յին չորս հաս­տա­տու­թիւննե­րու՝ Գա­րակէօզեան Որ­բա­նոցի, Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի, Կեդ­րո­նական Ազ­գա­յին Վար­ժա­րանի եւ Գալ­ֆա­յեան Տան խնա­մակա­լու­թիւննե­րը ընտրու­թիւն կա­տարե­լու մա­սին իրենց որո­շու­մը ան­ջատ գրու­թիւննե­րով փո­խան­ցած էին Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան։

Կը տե­ղեկա­նանք թէ Տնօ­րէնու­թիւնն ալ իր կար­գին պա­տաս­խա­նած է այդ դի­մումնե­րուն, ընտրու­թիւննե­րու մա­սին առանց դրա­կան կամ բա­ցասա­կան ար­տա­յայ­տութիւն մը ու­նե­նալու։ Գրու­թիւննե­րու մէջ կ՚ակ­նարկո­ւի տնօ­րէնու­թեան 2019 թո­ւակիր շրջա­բերա­կանին, որ առիթ կ՚ըն­ձե­ռէր վար­չութիւննե­րու նո­ւազած կազ­մե­րը լրաց­նել նշա­նակու­մի դրու­թեամբ։

Հա­մայնքա­յին չորս հաս­տա­տու­թիւններ դա­տարան դի­մած էին եւ փաս­տա­բան­ներ Սեդ­րակ Տա­ւութհան ու Սե­պուհ Աս­լանկի­լի այս մա­սին բո­ղոքը տե­ղին գտնո­ւած էր Ան­գա­րայի եօթ­նե­րորդ Վար­չա­կան Ատեանի կող­մէ։

Դա­տարա­նը չեղեալ հա­մարած էր Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան ընտրու­թիւննե­րը առ­կա­խեալ հա­մարող որո­շու­մը։Ան նաեւ մեր­ժած էր նշա­նակ­ման եղա­նակը, յայտնե­լով թէ այդ մէ­կը կը հա­կասէ այս հաս­տա­տու­թիւննե­րու աւան­դա­կան վար­չա­ձեւին։ Տնօ­րէնու­թեան այս վճի­ռի դէմ առար­կութիւնն ալ մեր­ժո­ւած էր վե­րին դա­տարա­նի կող­մէ, բայց այդ նոյն ատեանը օրա­կար­գի բե­րած էր իրա­ւասու­թեան խնդիր մը, ըստ որու եօթ­նե­րորդ Վար­չա­կան Ատեանը իրա­ւասու չէր նման վճիռ մը ար­ձա­կելու եւ պա­հան­ջած էր, որ խնդիրը քննար­կո­ւի Գե­րագոյն Ատեանի կող­մէ։

Այժմ ազ­գա­յին հինգ հաս­տա­տու­թիւննե­րէն չոր­սը կը պատ­րաստո­ւին նոր նա­մակ մը գրե­լու, ուր ան­գամ մը եւս պի­տի ակ­նարկո­ւի նշա­նակ­ման փո­խարէն օրի­նական ընտրու­թիւն կա­տարե­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ