Երբ նիւթը Հայաստանն է (Բ)

Իսկ Ալիեւի վերջին ելոյթը Թուրքիոյ քաղաքականութեան եւ մետիայի մէջ արժանի արձագանգը գտա՞ւ։ Անշուշտ որ ոչ։ Ատրպէյճանի յաղթանակէն ետք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար պատերազմը որուն սկսելը կարեւորութիւն չունեցող մանրամասնութիւն մըն էր։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Այս նոյն խորագիրը գործածած էի նախորդ տարուայ Սեպտեմբեր ամսուն սկսած Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմի մասին յօդուածիս վրայ։ Ըսած էի հետեւեալը. «Ատրպէյճան որքան ալ պնդէ յարձակումը սկսած է Հայաստանի կողմէ, թէ Թուրքիոյ լրատուամիջոցներուն սահմանին վրայ պատրաստ սպասումը եւ թէ Ատրպէյճանի ամբողջ շփման գծի տարածքին շատ արագ յարձակումի մը սկսիլը կ՚ապացուցէ թէ խնդիրը այդպէս չէ» («Ակօս» 27 Սեպտեմբեր 2020)։

Շարունակած էի հետեւեալ կերպով. «Սակայն «ԹՌԹ, «Անատոլու Լրատու Գործակալութեան» եւ Թուրքիոյ մետիայի –Հայաստան յարձակեցաւ Ատրպէյճանին- կաղապարով տարածած լուրերը նոյնութեամբ ընդունուեցաւ կարգ մը անկախ մամուլի կողմէ ալ։ Բազմաթիւ կայքէջեր զարգացումները այդ տեսանկիւնէն փոխանցեցին»։

Ապա ակնարկած էի Նախագահ Էրտողանի յայտարարութեան։ «Նախագահ Էրտողան «Թուիթըրեան» գրառումի մէջ –Ատրպէյճանի ուղղեալ յարձակումներուն նոր օղակ մը աւելցնող Հայաստան կ՚ապացուցէ թէ տարածաշրջանի խաղաղութեան դէմ մեծագոյն սպառնալիքն է- կ՚ըսէ»։

Ինչո՞ւ կը յիշեմ այս բոլորը։ Որովհետեւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ նախորդ շաբաթ CNN TURK հեռուստակայանի հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Եթէ բանակցութիւնները 30 տարի ապարդիւն մնան կը նշանակէ թէ խնդրի սառեցման գործընթացը կը շարունակուի։ Անշուշ նպատակ չունէինք այս վիճակին հանդուրժելու…։ Խօսկերս իրականացան եւ Ատրպէյճան մեկնարկեց ազատութեան պատերազմը»։

Այս խօսքերով փաստուած եղաւ պատերազի Ատրպէյճանի կողմէ մեկնարկումը։ Շատ կարեւոր է այս, որովհետեւ Թուրքիոյ մետիան եւ քաղաքական գործիչները պատերազմին Հայաստանի յարձակումով սկսիլը պնդելով երկրի մէջ տիրող Հայաստանի եւ հայու դէմ թշմանութիւնը հրահրեցին։ Յատկապէս ընկերային ցանցերու մէջ, երբ ատելութեան պատգամները չափազանցութեան հասան պաշտօնական բերաններէ «Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներու հետ խնդիր չունինք» ըսին, միաժամանակ շարունակելով Հայաստանի յարձակողականութիւնը յանկերգը կրկնել եւ Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքը այդ ուղղութիւնով ձեւաւորել։ Այս նիւթին վերապահութեամբ մօտեցող լրատուամիջոցներու թիւը ափսոս որ շատ քիչ էին։

Իսկ Ալիեւի վերջին ելոյթը Թուրքիոյ քաղաքականութեան եւ մետիայի մէջ արժանի արձագանգը գտա՞ւ։ Անշուշտ որ ոչ։ Ատրպէյճանի յաղթանակէն ետք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար պատերազմը որուն սկսելը կարեւորութիւն չունեցող մանրամասնութիւն մըն էր։ Արդէն եթէ յաղթանակ տարած չըլլար Ալիեւ նման ելոյթ չէր ունենար եւ հայկական յարձակողութեան մասին խօսքերը նոյնութեամբ կը շարունակուէին։

Ահա այսպէս կը ձեեւաւորու հանրային կարծիքը։ Նաեւ կ՚ուզեմ յիշեցնել թէ պատերազմի հետ առնչուած անարդարութիւնները ոսումնասիրելու համար Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդու Իրաւուքներու Հետազօտման Յանձնախումբի կազմին մէջ յատուկ ենթայանձնախումբ մը կազմուած էր, որ իր հաստատումները հրապարակեց 15 Ապրիլ 2021-ին մամլոյ ժողովով մը։ Տեղեկագրի խորագիրը հետեւեալն էր՝ «Հայաստանի Ատրպէյճան յարձակումով սկսած լարուածութեան եւ բախումներու գործընթացին մէջ կատարուած իրաւունքի ոտնակոխումներու եւ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներու վիճակին մասին ենթայանձնախումբի տեղեկագիր»։ Տեղեկագիրը մամլոյ ժողովի ընթացքին ծանօթացնող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան Պրուսայի պատգամաւոր Հաքան Չաւուշօղլու իր ելոյթին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Յանձնախումբի դիտարկումներով հաստատած գլխաւոր երեւոյթը Հայստանին-Ատրպէյճանին յարձակելով սկսող լարուածութիւն ու բախումի միջավայրը մասամբ ալ ըլլայ Թուրքիոյ հայ համայնքը հոգեբանօրէն մտահոգութեան պահճառ դարձած է։ Բոլոր տեսակի մետիայի միջոցներուն հայ հասարակութեան ուղղեալ ատելութեան ոճը եւ բռնութիւնը լուրջ անհանգստութիւն պատճառած է» (Անատոլու Լրատու Գործակալութիւն, 15 Ապրիլ 2021)։

Արդեօք ինչո՞ւ։ Ամբողջ քաղաքականութիւնը եւ մետիան Հայաստանի յարձակողութեան վերագրուած լուրերով ու մեկնաբանութիւնով լեցուած պահուն, երբ խնդիրը ոչ թէ պատերազմի մը կողմերուն, այլ միայն Ատրպէյճանի լուրերուն յենելով ներկայացնելը շատ բնական է, որ Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնն ալ լարուածութեան ու մտահոգութեան պիտի մատնէր։

Չեմ գտեր, արդեօք Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդու Իրաւունքներու Հետազօտման Յանձնախումբը իր տեղեկագիրը ճշդելու կարիք կը զգա՞յ։ Հաւանաբար պէտք է զգայ, որովհետեւ տեղեկագրի խորագիրը սխալ հաստատումով մը կը սկսի եւ անպատեհ է պատմութեան ալ այդպէս անցնիլը։

Նախքան աւարտելը պէտք է յաւելեմ։ Պատերազմը աւարտեցաւ,բայց սահմանային լարուածութիւնը ոչ։ Հայաստան կ՚ըսէ թէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը սահմանի շփման գծի վրայ սրուածութիւնը կը շարունակեն յաճախ կը կրակեն Հայաստանի ուղղութեամբ։ Սոյն յայտարարութեան համաձայն Հայաստանի բանակը զոհեր կ՚ունենայ այս կրակոցներէն փոխադարձելու պարագային Ատրէյճանի բանակը դարձեալ զոհեր կ՚ունենայ։ Սակայն Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ մետիան Ատրպէյճանի կորուստներ հաղորդելով հանդերձ կ՚անտեսեն Հայաստանի կորուստները։

Կորուստներու միջեւ խտրականութիւն անշուշտ որ պիտի չընենք սակայն պարզ է թէ նման միակողմանի լրատուութիւնը ինչպիսի հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ 




                 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ