Մալաթիա տիրացաւ իր եկեղեցւոյն

Ինչպէս թեր­­թիս նա­­խորդ թի­­ւով ալ յայ­­տա­­­րարած էինք Մա­­լաթիոյ եր­­բեմնի Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեցին իր ամ­­բողջո­­վին նո­­րոգո­­ւած տես­­քով դռնե­­րը բա­­ցաւ ուխտա­­ւոր հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ Մա­­լաթիոյ Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեցին կամ ժո­­ղովուրդի սի­­րած կո­­չու­­մով «Թաշ­­խո­­­րան»ը եր­­կար տա­­րիներ ան­­տէր մնա­­լէ ետք վե­­րանորոգուած էր պե­­տական եւ շրջա­­նային վար­­չութիւննե­­րու մի­­ջոց­­նե­­­րով։ Եկե­­ղեց­­ւոյ պաշ­­տօ­­­նական անո­­ւանումն է «Թաշ­­խո­­­րան Մշա­­կոյ­­թի Կեդ­­րոն»։ Ար­­դա­­­րեւ տա­­ճարի մէջ բա­­ցի տա­­ղաւա­­րի պա­­տարագ­­նե­­­րէ տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նան նաեւ մշա­­կու­­թա­­­յին մի­­ջոցա­­ռումներ։ Տա­­ճար ի պաշ­­տօ­­­նական բա­­ցու­­մը եւ ապա օծու­­մը կա­­տարո­­ւած էին շա­­բաթ օր։ Իսկ 29 Օգոս­­տոս կի­­րակի կա­­տարո­­ւեցաւ նո­­րօծ եկե­­ղեց­­ւոյ անդրա­­նիկ պա­­տարա­­գը։ Աւե­­լի քան հա­­րիւր տա­­րի յե­­տոյ մա­­տու­­ցո­­­ւած Ս. Պա­­տարա­­գի մա­­սին ման­­րա­­­մասն տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը կը փո­­խան­­ցենք Պատ­­րիար­­քարնի պաշ­­տօ­­­նական տե­­ղեկա­­տուու­­թեամբ։

«Ժա­­մը 11.00-ին կազ­­մո­­­ւած հան­­դի­­­սաւոր թա­­փորը շար­­ժե­­­ցաւ Տա­­ճարի մկրտա­­րան-մա­­տու­­ռէն, գլխա­­ւորու­­թեամբ պա­­տարա­­գիչ Ամե­­նապա­­տիւ Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հօր։

Կը սպա­­սար­­կէին Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեան, Արժ. Տ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ու­­զունեան, Արժ. Տ. Տ. Շիր­­վան Միւրզեան, Շա­­հէն Օհա­­նեան քա­­հանա­­ները, Բրշ. Ար­­մե­­­նակ Սրկ. Գա­­զան­­ճեան, Բրկ. Ղա­­զար Սա­­պունճեան, Գրի­­գոր Էր­­քան Կա­­րապե­­տեան, Ար­­տա Փնար­­ճեան կի­­սասար­­կա­­­ւագ­­ներն ու Ճան Էվեափան, Եու­­սուֆ Թա­­պաշեան ու­­րա­­­րակիր դպիր­­նե­­­րը։

Եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը կա­­տարո­­ւեցան Լու­­սա­­­ւորիչ Դպրաց Դաս Երգչա­­խումբին կող­­մէ, առաջ­­նորդու­­թեամբ Յա­­կոբ Մա­­միկո­­նեանի եւ եր­­գե­­­հոնա­­հարու­­թեամբ՝ Մե­­լինէ Թէ­­մէլ­­ճիի։

Ս. Պա­­տարա­­գին ներ­­կայ եղան Ատըեամա­­նի Ասոր­­ւոց Մոր Կրի­­կորիոս Մետ­­րո­­­պոլի­­տը։

Ս. Պա­­տարա­­գի ըն­­թացքին կա­­տարուեցաւ յի­­շատա­­կու­­թիւն Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ եւ ի մաս­­նա­­­ւորի եր­­բեմնի Մա­­լաթիոյ թե­­մի հան­­գուցեալ սպա­­սաւոր­­նե­­­րուն։Տէ­­րու­­նա­­­կան Աղօթ­­քէն առաջ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը քա­­րոզեց, բնա­­բան ու­­նե­­­նալով «Կոր­­սո­­­ւած էր՝ գտնո­­ւեցաւ, մե­­ռած էր՝ ողջնցաւ» (Ղկ 15.32) Սուրբգրա­­կան նա­­խադա­­սու­­թիւնը։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը եկե­­ղեցի­­ներու եւ տա­­ճար­­նե­­­րու նշա­­նակու­­թիւնը ներ­­կա­­­յացուց, յի­­շելով Հին Կտա­­կարա­­նի եւ Նոր Կտա­­կարա­­նի օրի­­նակ­­նե­­­րը։ Այս առի­­թով շեշ­­տեց, թէ՝ կա­­ռոյցնե­­րը իրենց Աս­­տուածա­­յին նշա­­նակու­­թեամբ սրբու­­թիւններ են, կեր­­տո­­­ւած են պաշ­­տա­­­մունքի հա­­մար։ Ս. Եր­­րորդու­­թիւն Եկե­­ղեց­­ւոյ պատ­­մա­­­կան ճամ­­բորդու­­թիւնը եւս մեկ­­նեց այս երե­­սակով ու ըսաւ, թէ՝ այս տա­­ճարը ան­­ցեալին հիմ­­նո­­­ւած էր որ­­պէսզի Մա­­լաթիոյ շրջա­­նի հա­­յերը իրենց պաշ­­տա­­­մունքը կա­­տարեն։ Տա­­րինե­­րու ընդհա­­տու­­մէ յե­­տոյ, երբ նոյն կա­­ռոյ­­ցին մէջ նոյն նպա­­տակով հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ կը հա­­ւաքո­­ւին ու Ս. Պա­­տարագ կը մա­­տու­­ցո­­­ւի, սա իրա­­կանու­­թիւնը մեզ կ՚առաջ­­նորդէ տօ­­նական ու­­րա­­­խու­­թեան։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը, եկե­­ղեց­­ւոյ կար­­գա­­­վիճա­­կին մա­­սին յստակ տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցեց եւ ըսաւ, թէ՝ եկե­­ղեցին ու­­նի մշա­­կոյ­­թի կեդ­­րո­­­նի կար­­գա­­­վիճակ, սա­­կայն այստեղ կա­­րելի պի­­տի ըլ­­լայ նաեւ Մա­­լաթիոյ ժո­­ղովուրդին հո­­գեւոր կա­­րիք­­նե­­­րուն հա­­մաձայն արա­­րողու­­թիւն կա­­տարել, ինչպէս են Մկրտու­­թիւն, Ս. Պսակ եւ Ս. Պա­­տարագ։ Այս առ­­թիւ ան­­գամ մը եւս երախ­­տի­­­քով անդրա­­դար­­ձաւ տեղ­­ւոյն պատ­­կան մար­­միննե­­րուն բա­­րեացա­­կամու­­թեան ու յա­­տուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց Մա­­լաթիոյ Կու­­սա­­­կալին եւ Մայր Քա­­ղաքա­­պապե­­տին։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը այս կար­­գա­­­վիճա­­կը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով յի­­շեցուց նաեւ, թէ՝ պէտք է կեդ­­րո­­­նանալ լքեալ սուրբ կա­­ռոյ­­ցին բար­­ւոքման իրա­­կանու­­թեան վրայ։ Ան յայտնեց, թէ՝ ան­­ցեալ օրե­­րուն գոր­­ծողու­­թեան են­­թարկո­­ւած ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ, յատ­­կա­­­պէս փա­­փաքած էր ներ­­կայ գտնուիլ այս պատ­­մա­­­կան արա­­րողու­­թեան եւ Ս. Պա­­տարա­­գին, որ­­պէսզի որ­­պէս Պատ­­րիարք Հա­­յոց եւ հո­­գեւո­­րական, եզա­­կի ապ­­րումնե­­րով մաս եւ բա­­ժինը ստա­­նայ այս մեծ տօ­­նէն։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը, Ատըեամա­­նի Ասոր­­ւոց Մետ­­րո­­­պոլի­­տին յա­­տուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց, Մա­­լաթիոյ եւ շրջա­­կայից հայ ժո­­ղովուրդի ան­­դամնե­­րուն հան­­դէպ ցու­­ցա­­­բերած հայ­­րա­­­կան հո­­գածու­­թեան հա­­մար։ Այս առ­­թիւ, իրենց մաղ­­թեց արեւ­­շա­­­տու­­թիւն եւ յա­­ջողու­­թիւն։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը քա­­րոզի աւար­­տին գնա­­հատե­­լով Հա­­թայ նա­­հան­­գի հո­­գեւոր հո­­վիւ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեանի աշ­­խա­­­տանքն ու ծա­­ռայու­­թիւնը, զինք նշա­­նակեց գա­­ւառի մեր ժո­­ղովուրդի տե­­սուչ։

Ս. Հա­­ղոր­­դութե­­նէն առաջ, հա­­ւաքա­­կան խոս­­տո­­­վանանք կա­­տարեց Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան։ Ապա Պա­­տարա­­գիչ Սրբա­­զան Հայ­­րը եւ քա­­հանայ հայ­­րեր հա­­ղոր­­դութիւն մա­­տակա­­րարե­­ցին Տա­­ճարին մէջ գտնո­­ւող հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն։

Յա­­ւարտ Ս. Պա­­տարա­­գի կա­­տարուեցաւ հո­­գեհանգստեան կարգ, որու ըն­­թացքին յի­­շատա­­կուե­­ցան եր­­բեմնի Մա­­լաթիոյ թե­­մի հան­­գուցեալ եկե­­ղեցա­­կան սպա­­սաւոր­­նե­­­րը։ Մի առ մի յի­­շատա­­կուե­­ցան պատ­­մութեան ծա­­նօթ թե­­մակալ առաջ­­նորդնե­­րը, յի­­շուե­­ցան նաեւ ի Քրիս­­տոս հան­­գուցեալ հա­­մայն հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րը։

Ապա հան­­դի­­­սադիր Սրբա­­զան Հօր տո­­ւած օրհնու­­թեամբ իր աւար­­տին հա­­սաւ հան­­դի­­­սաւոր ու պատ­­մա­­­կան արա­­րողու­­թիւննե­­րը, ուխտա­­ւոր­­նե­­­րուն պատ­­ճա­­­ռելով ոգե­­ւոր պա­­հեր ու հո­­գեկան գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն։

Եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թեան աւար­­տին, Գերպ. Տ. Թա­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­շեան, ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեանի, Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեանի եւ երգչա­­խումբի ան­­դամնե­­րուն, ուղղո­­ւեցաւ Մա­­լաթիոյ Հա­­յոց գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը։ Այս այ­­ցե­­­լու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան նաեւ հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ։

Գե­­րեզ­­մա­­­նատան կեդ­­րո­­­նը կա­­տարուեցաւ ընդհա­­նուր հո­­գեհան­­գիստ եւ յի­­շատա­­կուե­­ցան ի Տէր ննջած եւ գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ ամ­­փո­­­փուած հա­­մայն հա­­յոր­­դի­­­ները։

Յա­­ւարտ հան­­դի­­­սու­­թեանց, իր աւար­­տին հա­­սաւ ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը եւ նոյն երե­­կոյ սկսաւ վե­­րադար­­ձի ճամ­­բորդու­­թիւնը։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնն ու ըն­­կե­­­րակից­­նե­­­րը 30 Օգոս­­տոս մի­­ջօրէի թռիչ­­քով վե­­րադարձան Իս­­թանպուլ»։

Այս հանգրո­­ւանին խակ երազ մը չէ ակնկա­­լել թէ ինչպէս նշո­­ւած է քա­­րոզին մէջ եկե­­ղեցին իր հետ բե­­րէ նաեւ կոր­­սո­­­ւած որ­­դի­­­ները։ Այս ակնկա­­լու­­թիւնը կ՚ու­­նե­­­նանք նկա­­տի ու­­նե­­­նալով Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի Սուրբ Կի­­րակոս եկե­­ղեց­­ւոյ օրի­­նակը, ուր վե­­րանո­­րոգու­­թե­­­նէ ետք մագ­­նի­­­սական ազ­­դե­­­ցու­­թիւն մը ու­­նե­­­ցած էր տեղ­­ւոյն ու­­ծա­­­ցած հա­­յու­­թեան հա­­մար։ Ան­­շուշտ Սուրբ Կի­­րակոս իբ­­րեւ հա­­մայնքա­­պատ­­կան եկե­­ղեցի ու­­նէր նաեւ իր թա­­ղական խոր­­հուրդը։ Ներ­­կայ դրու­­թեան մէջ այդ խոր­­հուրդի պար­­տա­­­կանու­­թիւնը պի­­տի վի­­ճակի նախ Պատ­­րիար­­քա­­­րանին, ապա գա­­ւառի եկե­­ղեցի­­ներու հո­­գեւոր հո­­վիւ նշա­­նակուած Տէր Աւե­­տիս Քա­­հանայ Թա­­պաշեանի ու վեր­­ջա­­­պէս Պոլ­­սոյ մէջ գոր­­ծող մա­­լաթիացի հա­­յերու հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ