Աջակցութեան կոչ Պիպէռեանի գործը բեմադրելու համար

Պոլ­սոյ թա­տերա­կան բե­մը եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր ի աշ­խա­տու­թիւննե­րը կեդ­րո­նացու­ցած էր սա­նուց միու­թիւննե­րու մէջ։ Վեր­ջին տաս­նա­մեակի ըն­թացքին միու­թիւննե­րը զգա­լիօրէն կորսնցու­ցին իրենց առա­քելու­թիւնը, որուն զո­հը դար­ձաւ նաեւ այդ կազ­մե­րու մէջ գոր­ծող թա­տերա­կան միաւո­րումնե­րը։ Այս բա­ցասա­կան պայ­մաննե­րոն մէջ իսկ յոյս ներշչող նա­խաձեռ­նութիւննե­րէն մէկն էր«Յան­կարծ» թա­տերա­խումբը, որ հիմ­նո­ւած էր 2018-ին։

Աւան­դա­կան թատ­րո­նի հաս­կա­ցողու­թե­նէն բա­ւակա­նին տար­բեր ոճեր որո­նող «Յան­կարծ» անցնող տա­րինե­րու ըն­թացքին յա­ջողե­ցաւ աւան­կարտ բե­մադ­րութիւններ ներ­կա­յաց­նել։ Այս երե­ւոյ­թի բեր­մամբ թա­տերա­սէր­ներ նոր յոյ­սեր կ՚ակնկա­լէին «Յան­կարծ»էն։ Եւ ահա ար­դա­րացած է այդ ակնկա­լու­թիւնը, քա­նի որ «Յան­կարծ»ի աշ­խա­տակազ­մը պատ­րաստած է նոր բե­մադ­րութիւ­նը մը՝ Զա­ւէն Պի­պէռեանի «Գանձ»ը։

Իր կարճ ան­ցեալին մէջ «Յան­կարծ» բա­ցի Իս­թանպու­լի զա­նազան բե­մերէն ելոյթ ու­նե­ցած էր նաեւ Սեր­պիոյ Նո­վի Սատ քա­ղաքին մէջ կա­յացած մի­ջազ­գա­յին թա­տերա­կան փա­ռատօ­նին։ Խումբը այ­սօր այս նոր ծրա­գիրը բե­մադ­րե­լու հա­մար կը կա­րօտի նիւ­թա­կան աջակ­ցութեան։ Բե­մադ­րութիւ­նը մին­չեւ հան­դի­սատե­սին ներ­կա­յանայ կը կա­րօտի որոշ գու­մա­րի մը, որուն ապա­հով­ման հա­մար ալ որո­շուած է դի­մել հան­դի­սատե­սի աջակ­ցութեան։

ԿԵան­քի նոր պայ­մաննե­րը մեր դի­մաց կը բե­րեն նոր դժո­ւարու­թիւններ եւ անոնք յաղ­թա­հարե­լու հա­մար ալ նոր մի­ջոց­ներ։ «Յան­կարծ»ի գոր­ծունէու­թիւնը ներ­կա­յիս հա­յերէն թատ­րո­նի բե­մադ­րութեան առու­մով ալ մշա­կու­թա­յին կա­րեւոր ծա­ռայու­թիւն մըն է։ Չէ՛ որ վե­րեւ ակ­նարկած միու­թե­նական թա­տերա­խումբե­րը եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր դադ­րած էին հա­յերէն գոր­ծեր բե­մադ­րե­լէ եւ կը նա­խընտրէին թրքե­րէն թատ­րերգու­թիւններ։

Իր սե­փական մի­ջոց­նե­րը զա­նազան առիթ­նե­րով լայն բա­ցած պոլ­սա­հայ հա­մայնքը ար­դեօք որ­քա­նով պի­տի յա­ջողի սե­փական ու­ժե­րով հա­յերէն բե­մադ­րութիւններ ընել ու­զող խումբի մը սա­տարե­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ