«Նեմեսիս» գործողութեան յուշարձան՝ Երեւանի մէջ

Երեւա­նի օղա­կաձեւ զբօ­սայ­գիին մէջ պի­տի տե­ղադ­րո­ւի ՀՅԴ Ընդհա­նուր ժո­ղովով որո­շուած «Նե­մեսիս»-ի գոր­ծո­ղու­թեան հե­րոս­նե­րու յի­շատա­կը յա­ւեր­ժացնող յու­շարձան մը։

Յու­շարձա­նի ծրա­գիրի նա­խաձեռ­նողներն ու աջա­կից­ներն են՝ Ար­տեոմ Եր­կա­նեան, Ար­մէն Գէոր­գեան, Տիգ­րան Բար­սե­ղեան, Կա­մօ Արէեան, Ար­թուր Մես­չեան, Դա­ւիթ Ճգնա­ւորեան, Ար­մէն Գալ­ջեան, Սու­րէն Էյ­րամջեան, Աշոտ Մել­քո­նեան, Ար­սէն Աւա­գեան, Արա­րատ Գոմ­ցեան, Լուդվիգ Սարգսեան եւ Իզա­պելա Աբ­գա­րեան։

Վրի­ժառու­թեան որո­շու­մը կա­յացաւ 1919 թո­ւին Երե­ւանի մէջ գու­մա­րուած ՀՅԴ-ի IX ընդհա­նուր ժո­ղովի ըն­թացքին։ Ճշդո­ւած էր ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գործնե­րու 650 անուն, որոնցմէ առանձնա­ցուե­ցան 41 գլխա­ւոր յան­ցա­գործնե­րը։ Յու­նա­կան դի­ցաբա­նու­թեան վրի­ժառու­թեան չաս­տո­ւածու­հիի անու­նէն ներշնչո­ւած «Նե­մեսիս» գոր­ծո­ղու­թեան ան­մի­ջական ղե­կավար նշա­նակո­ւեցաւ նշա­նաւոր գրող Շա­հան Նա­թալին, օգ­նա­կան՝ Գրի­գոր Մեր­ճա­նովը։ Հրաչ Փա­փազ­յա­նի հա­ւաքած տե­ղեկու­թիւննե­րու ու­սումնա­սիրու­թիւնով 1919-22թթ. սպա­նուե­ցան թուրք եւ ազե­րի ոճ­րա­գործներ՝ Թա­լեաթը, Էն­վե­րը, Ճե­մալը, Պե­հաէդ­դին Շա­քիրը, Ճե­մալ Ազ­մին, Սա­յիդ Հա­լիմը, Խան Խոյսկին, Սա­րաֆո­վը, Ճի­վան­շի­րը հայ վրի­ժառու­ներ՝ Սո­ղոմոն Թեհ­լե­րեանի, Արամ Եր­կա­նեանի, Ար­շա­ւիր Շի­րակեանի, Արամ Գէոր­գեանի, Մի­սակ Թոռ­լա­քեանի կող­մէ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ