Ռոսսինիի Խոհանոցը

ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԵՆ

Իտալա­ցի անո­ւանի եր­գա­հան Ճիաչի­նօ Ռոս­սի­նիի (1792-1868) գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցեալ «Ռոս­սի­նիի Խո­հանո­ցը» 21 Սեպ­տեմբեր երեք­շաբթի ներ­կա­յացո­ւեցաւ Գա­տըգիւղ Սիւ­րէյյա Օփե­րայի բե­մին վրայ։ Սոփ­րա­նօ Նազ­լը Տե­նիզ Սիւ­րեն, Մեց­ցօ Սոփ­րա­նօ Այ­չին Սիւ­րիւճի­ւէր, Թե­նոր ՈՒ­ֆուք Թո­քէր, պա­րիթոն Մու­րատ Կիւ­նէյ եւ պաս Ու­ղուր Թին­կիւրի եր­գե­ցողու­թիւննե­րուն ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ դաշ­նա­կահար Ֆիւ­կեն Եիղիթ­կիլ։ Այ­չին Սիւ­րիւճի­ւէր այս ներ­կա­յացու­մով առա­ջին ան­գամ բեմ կ՚ել­լէր օփե­րայի մէջ։

Ռոս­սինի իր կեան­քի առա­ջին կէ­սին զար­մա­նալօ­րէն առատ ար­տադրող եր­գա­հան մը եղած է։ Յօ­րինած է մօտ քա­ռասուն օփե­րաներ։ Անոնցմէ շա­տեր բե­մադ­րո­ւած են աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րու օփե­րայի թատ­րոննե­րու բե­մերէն։ Հե­ղինա­կած է նաեւ հո­գեւոր երաժշտու­թեան, սե­նեկա­յին նո­ւագա­խումբի եւ դաշ­նա­մու­րի հա­մար գոր­ծեր։

38 տա­րեկան էր երբ ճա­շելը իր կիր­քը դար­ձաւ։ Կար­ծես թէ քիմ­քի ճա­շակով նոր ուղղու­թիւն մը գտած էր։ Հա­մեր­գի ըն­թացքին հնչե­ցին եր­գա­հանի «Իտա­լիոյ Մէջ Թուրք Մը», «Կիոմ Թել», «Սե­վիլեայի Սափ­րի­չը», «Մեհ­մետ Բ.», «Ճամ­բորդու­թիւն Դէ­պի Ռեյմս» օփե­րանե­րէն արիաներ։

Հա­մեր­գի աւար­տին Իս­թանպու­լի Պե­տական Օփե­րայի եւ Պա­լէի Տնօ­րէն Սո­ւաթ Արը­քան բեմ հրա­ւիրո­ւեցաւ։ Արը­քան նա­խապէս ալ դեր ստանձնած էր Ռոս­սի­նիի օփե­րանե­րուն մէջ, հե­տեւա­բար դիւ­րաւ հա­մակեր­պե­ցաւ բե­մին, նոյ­նիսկ կօ­շիկ­նե­րը հա­նելով։

Ռոս­սի­նիի կեան­քի նպա­տակը երկճիւ­ղո­ւած էր ճա­շելու ու եր­գե­լու մի­ջեւ։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ բա­ցի հե­ղինա­կած երաժշտա­կան գոր­ծե­րէն զա­նազան ճա­շատե­սակ­ներ ալ կը յի­շուին իր անու­նով։ Անոր օփե­րանե­րու մուտքի նո­ւագախմբա­յին բա­ժին­նե­րուն աչ­քա­ռու են խիստ ու սուր ելե­ւէջ­նե­րը։ Ու­նի հա­ղոր­դա­կան մե­ղեդիակա­նու­թիւն եւ զո­ւար­ճա­լի եղա­նակ­ներ։ Այդ բո­լորը իրեն պար­գե­ւած են գեր­ժա­մանա­կային յատ­կութիւն մը։

Կեան­քի վեր­ջին տա­րինե­րուն յօ­րինած դաշ­նա­մու­րա­յին կար­ճա­տեւ գոր­ծե­րը նկա­րագ­րած էր «Ծե­րու­թեան Մեղ­քեր» ըլ­լա­լով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ