Լի ու լի 100 տարի

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

Իսթանպու­լի Քա­­ղաքա­­պետա­­րանը բա­­րի որո­­շում մը յղա­­­ցած էր եւ ու­­­զած էր ամ­­­բողջ դար մը ապ­­­րած հա­­­մաքա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րը հա­­­տորի մը մէջ մէկ­­­տե­­­­­­­ղել։ Այդ ցան­­­կին մէջ կար նաեւ օրիորդ Սի­­­րար­­­փի Թոր­­­քա­­­­­­­նի անու­­­նը։

«Ակօս»ի հա­­­յերէն էջե­­­րու խմբա­­­գիր Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեանի մի­­­ջոցաւ կապ հաս­­­տա­­­­­­­տեցի օրի­­­րորդ Սի­­­րար­­­փիի հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րուն հետ եւ 100-րդ տա­­­րեդար­­­ձին նա­­­խոր­­­դող օր զինք այ­­­ցե­­­­­­­լեցի Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի բնա­­­կարա­­­նին մէջ։ Հոն էր նաեւ քրոջ դուստրը Սե­­­դա Սե­­­մեր­­­ճիեան։ Հիանա­­­լի հա­­­յերէ­­­նով մը ան­­­ցաւ մեր զրոյ­­­ցը։ Առոյգ էր եւ յի­­­շողու­­­թիւնը շատ պայ­­­ծառ։ Երբ ու­­­զե­­­­­­­ցի լսել իր կեն­­­սագրու­­­թիւնը, նախ նշեց ծննդեան օրը՝ 25 Սեպ­­­տեմբեր 1921։ Ապա յա­­­ւելեց ծննդա­­­վայ­­­րը՝ Սկիւ­­­տա­­­­­­­րի Ֆըս­­­թը­­­­­­­քաղա­­­ճը թա­­­ղամաս։ Մկրտո­­­ւած էր Քուզկունճու­­­քի Սուրբ Գրի­­­գոր Լու­­­սա­­­­­­­ւորիչ Եկե­­­ղեցին։ Մին­­­չեւ մօտ ան­­­ցեալ ան­­­պայման ներ­­­կայ կ՚ըլ­­­լար իր մկրտուած եկե­­­ղեց­­­ւոյ Արե­­­ւագա­­­լի արա­­­րողու­­­թիւննե­­­րուն։ Հայ­­­րը Յա­­­րու­­­թիւն Թոր­­­քան Արմտան­­­ցի էր։ Մեր մեծ գիւ­­­ղա­­­­­­­գիր Յա­­­կոբ Մնձու­­­րիի հա­­­մագիւ­­­ղա­­­­­­­ցի։ Իսկ մայ­­­րը Մաք­­­րուհին Նի­­­կոմի­­­տիոյ Կէյ­­­վէ գա­­­ւառի Քուրթպե­­­լեն հա­­­յաբ­­­նակ գիւ­­­ղէն։ Հայ­­­րը Յա­­­րու­­­թիւն 12 տա­­­րեկա­­­նին Պո­­­լիս եկած է, իսկ մեծ մայ­­­րը Մաք­­­րուհի 1915-ի ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ըն­­­թացքին Տէր Զօ­­­րի ճա­­­նապար­­­հին արաբ­­­նե­­­­­­­րու ձեռ­­­քով փրկուած եւ անոնց տան մէջ աղա­­­խին դար­­­ձած է։ Օրիորդ Սի­­­րար­­­փին նախ­­­նա­­­­­­­կան ու­­­սումը ստա­­­ցած է Կե­­­տիկ­­­փա­­­­­­­շա թա­­­ղի Ին­­­ճիրտի­­­պիի Հայ Բո­­­ղոքա­­­կանաց վար­­­ժա­­­­­­­րանը։ Սա­­­կայն աւե­­­լի յա­­­ճախ գտնո­­­ւած է Պէզ­­­ճեան Մայր վար­­­ժա­­­­­­­րանի շրջա­­­փակը, այդքան որ այդ դպրո­­­ցի ու­­­սա­­­­­­­նող չ՚ըլ­­­լա­­­­­­­լով հան­­­դերձ Պէզ­­­ճեանի սա­­­նորուն հիմ­­­նած միու­­­թեան հիմ­­­նա­­­­­­­դիր­­­նե­­­­­­­րէն եղած է։ Ինչպէս Քուզկունճու­­­քի Արե­­­ւագալ­­­նե­­­­­­­րը, մին­­­չեւ վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն կը մաս­­­նակցէր միու­­­թեան տա­­­րեկան տօ­­­նակա­­­տարու­­­թեան։ Մաս­­­նակցած է միու­­­թե­­­­­­­նէական աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րուն եւ մաս կազ­­­մած է թա­­­տերա­­­խումբին։

Ման­­­կութեան տա­­­րինե­­­րը կ՚անցնին հին Պոլ­­­սոյ պատ­­­մա­­­­­­­կան Սա­­­մաթիա, Թոփ­­­գա­­­­­­­բու եւ Գումգա­­­բու թա­­­ղերուն մէջ։

Նախ­­­նա­­­­­­­կան ու­­­սում ստա­­­նալէ ետք կը յա­­­ճախէ Հե­­­րանուշ Չո­­­րեանի Կա­­­րի դպրո­­­ցը։ Իբ­­­րեւ դեր­­­ձա­­­­­­­կու­­­հի իր վաս­­­տա­­­­­­­կով կը թե­­­թեւաց­­­նէ հօ­­­րը ստանձնած ապ­­­րուստի ծանր բե­­­ռը։ Հայ­­­րը ատաղ­­­ձա­­­­­­­գործ էր եւ օրիորդ Սի­­­րար­­­փի հպար­­­տութեամբ ցոյց կու տայ իր նստած բազ­­­կա­­­­­­­թոռը ըսե­­­լով թէ հօ­­­րը ձեյ­­ռքի գործն է։

Մեր զրոյ­­­ցի ըն­­­թացքին պա­­­հեր եղան, երկ օրիորդ Սի­­­րար­­­փի տա­­­տամ­­­սե­­­­­­­ցաւ անձնա­­­նում մը կամ տե­­­ղանուն մը յի­­­շելու մէջ։ Այդ պա­­­հուն տի­­­կին Սե­­­դան էր որ կը մի­­­ջամ­­­տէր յու­­­շե­­­­­­­լով մօ­­­րաք­­­րո­­­­­­­ջը մոռ­­­ցա­­­­­­­ծը։ Իսկ երբ կը պա­­­տահէր որ տի­­­կին Սե­­­դա եւս կը տա­­­տամ­­­սէր որե­­­ւէ բան յի­­­շելու, մօ­­­րաքոյ­­­րը յաղ­­­թա­­­­­­­նակ մը տա­­­րածի նման «Տե՛ս դուն ալ մոռ­­­ցար» կ՚ըսէր։

Այս զրոյցնե­­­րու ըն­­­թացքին պար­­­զուեցաւ թէ ան ճամ­­­բորդած է զա­­­նազան եր­­­կիրներ։ «Ճամ­­­բորդե­­­լը շատ կը սի­­­րէի եւ թե­­­րեւս ալ այդ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ մեր­­­ժե­­­­­­­ցի ամուսնա­­­նալ։ Մա­­­նաւանդ կը յի­­­շեմ մեր սի­­­րելի Շնորհք եւ Մես­­­րոպ Պատ­­­րիարքնե­­­րուն հետ կա­­­տարած ոխ­­­տագնա­­­ցու­­­թիւննե­­­րը։ Շատ աշ­­­խա­­­­­­­տեցայ, դրամ շա­­­հեցայ եւ այդ ալ ծախ­­­սե­­­­­­­ցի ճամ­­­բորդու­­­թիւննե­­­րով։ Կրնամ ըսել որ եր­­­ջա­­­­­­­նիկ կեանք մը ապ­­­րե­­­­­­­ցայ»։

Ան մին­­­չեւ այ­­­սօր չէ կրցած հաշ­­­տո­­­­­­­ւիլ քրո­­­ջը Լու­­­սարփիի այ­­­սինքն տի­­­կին Սե­­­դայի, մօր մա­­­հուան իրո­­­ղու­­­թեան հետ։ «Մե­­­ռաւ» կամ «մա­­­հացաւ» ըսե­­­լու փո­­­խարէն կը նա­­­խընտրէ «գնաց» բա­­­յով բա­­­ցատ­­­րել քրոջ մա­­­հը։

Ին­­­ծի հա­­­մար տպա­­­ւորիչ եւ հա­­­ճելի էր այս ծա­­­նօթա­­­ցու­­­մը, որուն հա­­­մար շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն կը պար­­­տիմ Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեանին, տի­­­կին Սե­­­դա Սե­­­մեր­­­ճեանին եւ ամուսնոյն պա­­­րոն Ար­­­թո­­­­­­­յին։

Ինչ լաւ է որ ծնած էք օրիորդ Սի­­­րար­­­փի։ Առողջ ու եր­­­կար տա­­­րիներ կը մաղ­­­թեմ ձեզ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ