Հայաստանի Ազգային Գրադարանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մատենադարանը յուշագիր կնքած են

Հայաստանի Ազ­գա­յին Գրա­դարա­նը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թեան «Կի­լիկիա» մա­տենա­դարա­նը յու­շա­գիր կնքած են։ Այս մա­սին «Ար­մենպրես»-ին տե­ղեկա­ցու­ցած են Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ կա­թողի­կոսու­թե­նէն։

«Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Գրա­դարա­նին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թեան «Կի­լիկիա» Մա­տենա­դարա­նին մի­ջեւ կնքո­ւեցաւ փո­խըմբռնման եւ գոր­ծակցու­թեան յու­շա­գիր՝ հայ գիր­քի ու մա­մու­լի սպա­սարկման եւ հա­մագոր­ծակցու­թեան լայն շրջա­նակի ապա­հովու­մին հա­մար, հա­մատեղ ցու­ցադրու­թիւննե­րու եւ հա­մաժողով­նե­րու կազ­մա­կեր­պումին, հայ մա­մու­լի թո­ւային պատ­ճէննե­րու փո­խանա­կու­մին, մաս­նա­գէտ­նե­րու փո­խայ­ցե­լու­թիւննե­րու, թո­ւայ­նացման եւ հա­մացան­ցա­յին հա­մատեղ ծրա­գիր­նե­րու իրա­կանա­ցու­մին, «Հասկ» պաշ­տօ­նաթեր­թի թո­ւայ­նա­ցուած տար­բե­րակի տրա­մադրման եւ հա­սանե­լիու­թեան ապա­հով­ման, «Հայ Գիրք» եւ «Հայ­կա­կան Շա­րու­նա­կական Հրա­տարա­կու­թիւններ» շտե­մարա­նի ձե­ւաւոր­ման աշ­խա­տանքնե­րուն մաս­նակցու­թեան տես­լա­կան­նե­րով։

Այս առի­թով Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Գրա­դարա­նի տնօ­րէն Ան­նա Չու­լեանը նշեց, որ Ազ­գա­յին Գրա­դարա­նը «Կի­լիկիա» Մա­տենա­դարա­նին հետ հա­մագոր­ծակցու­թիւնը սկսած է տա­րիներ առաջ, իսկ յու­շագրի ստո­րագրման նպա­տակն է՝ հա­մագոր­ծակցու­թեան տալ պաշ­տօ­նական բնոյթ, նոր եռանդ եւ հայ գիր­քի ու մա­մու­լի մա­տենա­գիտա­կան տե­ղեկա­տուու­թեան հա­մալ­րումին ու նո­րովի հարստաց­ման աշ­խա­տանքնե­րու ծա­ւալու­մին հա­մար։

«Կի­լիկիա» Մա­տենա­դարա­նի մա­տենա­դարա­նապետ Գերշ. Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան, յա­նուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վե­հափառ Հայ­րա­պետին ու անձնա­պէս իր գնա­հատան­քը եւ ու­րա­խու­թիւնը յայտնեց հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կա­րեւո­րագոյն կեդ­րոննե­րէն եւ գրա­պալատ­նե­րէն Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Գրա­դարա­նին հետ պաշ­տօ­նական գոր­ծակցու­թեան Յու­շա­գիրի կնքու­մին առի­թով եւ հայ գիր­քի եր­կա­րակե­ցու­թիւնն ու տա­րածու­մը ապա­հովող լա­ւագոյն ծրա­գիր­նե­րու իրա­կանաց­ման ի խնդիր տա­րուե­լիք աշ­խա­տանքնե­րուն ամ­բողջա­կան մաս­նակցու­թեան պատ­րաստա­կամու­թիւն»,- կ՚ըսո­ւի հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։

Յու­շա­գիրի ստո­րագ­րումով կող­մե­րը յանձնա­ռու եղան ըն­դարձա­կելու գոր­ծակցու­թիւնը եւ բարձրաց­նե­լու իրա­գոր­ծե­լի ծրա­գիր­նե­րու որա­կը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ