Կը գրաւուին փախստականներու կալուածները

Հրանդ Տին­քի ոճի­րի դա­տավա­րու­թիւնը թէեւ աւար­տած է, բայց այդ նիւ­թի հետ առնչո­ւած զար­գա­ցումնե­րը կը շա­րու­նա­կեն օրա­կարգ զբա­ղեց­նել։ Վեր­ջերս «Տո­ղան» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւնը կը տե­ղեկաց­նէ թէ պատ­րաստու­թիւններ կը տա­րուին այդ ոճի­րի հետ մե­ղադ­րո­ւած, բայց փախստա­կան դիր­քի մէջ գտնո­ւող ամ­բաստա­նեալ­նե­րուն կա­լուած­նե­րուն գրաւ­ման հա­մար։ Առա­ջին հեր­թին կը յի­շուին եր­բեմնի դա­տախազ Զե­քերիա Էօզի եւ Ֆե­թուլլա­հական աղան­դի առաջ­նա­տար դէմ­քե­րէն Էք­րեմ Տու­մանլըի անուննե­րը։ Ապա կը յի­շուի նաեւ նոյն հար­ցաքննու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ նշո­ւարծ Ֆե­թուլլահ Կիւ­լեն, Ատեմ Եաւուզ Աս­լան, Ճոշ­քուն Չա­քար, Հա­լիլ Իպ­րա­հիմ Քո­ճա, Աքիֆ Եըլ­մազ, Ֆա­րուք Մեր­ճան, Մե­թին Ճան­պայ, Էօմեր Ֆա­րուք Քար­թուն, Սեր­քան Շա­հան, Եըլ­մազ Ան­կըն եւ Եու­նուս Եազար անուննե­րը։

Այս բո­լորը փախստա­կանի դիր­քին մէջ են եւ դա­տարա­նը որո­շած է անոնց բո­լոր կա­լուած­նե­րը եւ հարստու­թիւննե­րը փո­խան­ցել պե­տական գան­ձին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ