Քալըն եւս տրամադրութիւն պարզեց

Թուրքիոյ նա­խագա­հի բան­բեր Իպ­րա­հիմ Քա­լըն եւս աւել­ցած է Թուրքիա-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մա­սին բա­ներ մը ըսե­լով հան­դերձ փաս­տա­ցի ոչ մէկ բան ըսող քա­ղաքա­կան դէմ­քե­րու շար­քին։

Իպրահիմ Քա­լըն «Հա­պեր Կլո­պալ» հե­ռուստա­կայա­նի «Քիչ առաջ խօ­սեցայ» անուն հա­ղոր­դումի ըն­թացքին ըսաւ հե­տեւեալը. «Ատրպէյ­ճա­նի հո­ղային ամ­բողջու­թիւնը պահ­պա­նելու առու­մով Ղա­րաբա­ղի ազա­տագ­րումը յաղ­թա­նակ մըն է։ Ատրպէյ­ճան այս գոր­ծընթա­ցի մի­ջոցին միշտ պա­հեց իր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։ Յար­ձա­կողա­կան դիր­քի չմատ­նո­ւեցաւ։ Հնա­զան­դե­ցաւ իրա­ւագի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին կա­նոն­նե­րուն։ Ար­դար յաղ­թա­նակ մը տա­րաւ։ Այդ յաղ­թա­նակին մէջ Թուրքիոյ բա­ժինը կա­րելի է բա­ցատ­րել «Մէկ ազգ եր­կու պե­տու­թիւն» բնա­բանով։ Մենք իբ­րեւ սկզբունք դրա­կան կը մեր­ձե­նանք Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նաց­ման։ 1992-ին Հա­յաս­տա­նի հետ դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կա­սեցու­մը եւ սահ­մա­նին փա­կուի­լը Ղա­րաբա­ղի գրաւ­ման հե­տեւան­քով տե­ղի ու­նե­ցան։ Երբ հի­մա այդ խնդի­րը լու­ծո­ւած է Հա­յաս­տա­նի հետ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն առ­ջեւ ար­գելք մը չէ մնա­ցած։ Բայց տա­կաւին Ղա­րաբա­ղի խնդրին մէջ լու­ծումի կա­րօտող կէ­տեր կան»։

Թուրքիոյ նա­խագա­հին այս բնոյ­թի յայ­տա­րարու­թիւննե­րով մեկ­նարկող գոր­ծընթա­ցի մէջ ՀՀ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան ալ «Դրա­կան պատ­գամնե­րու դրա­կան կը փո­խան­ցենք» ըսած էր։

Փո­խադարձ այս յա­յատա­րարու­թիւննե­րով եր­կու պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը բնա­կանո­նաց­նե­լու ուղղու­թեամբ սպա­սում մը գո­յացած էր։ Բայց նա­խագահ Էր­տո­ղան իր վեր­ջին յայ­տա­րարու­թեան մէջ այդ ուղղու­թեամբ իբ­րեւ նա­խապայ­ման պա­հան­ջեց Նա­խիջե­ւանէն Ատրպէյ­ճան հաս­նող մի­ջանցք մը։ Կաս­կած չկայ որ այդ նա­խապայ­մա­նը կը սպառ­նայ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջու­թեան։ Ըստ երե­ւոյ­թի Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դէմ­քե­րու Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը բնա­կանո­նաց­նե­լու մա­սին ու­ղերձնե­րը պաշ­տօ­նական հիմ­քէ հե­ռու են, քա­նի որ չեն հե­տեւիր որ­դեգրուած ծրագ­րի մը, այլ կը պար­զեն դրա­կան տրա­մադ­րութիւն մը միայն։ Նաեւ պէտք չէ մոռ­նալ թէ Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խարար Մեւ­լութ Չա­ւու­շօղլու տա­կաւին քա­նի մը օր առաջ յայ­տա­րարած էր թէ օրա­կար­գի վրայ չու­նին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րի հետ հան­դի­պելու նիւ­թը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ