Սետաթ Փեքերի պնդումները հասան Պետրոս Շիրինօղլուին

Յանցա­գործ աշ­խարհի կա­րեւո­րագոյն դէմ­քե­րէն Սե­տաթ Փե­քեր իր ապաս­տա­նած Միացեալ Արա­բական Էմի­րու­թիւննե­րէն հրա­տարա­կած վի­տէօ ժա­պաւէն­նե­րով շատ ցնցիչ յայ­տա­րարու­թիւններ կը հրա­պարա­կէ։ Մի­ջոցէ մը ի վեր ապաս­տա­նած երկրի իշ­խա­նու­թիւննե­րը իր անվտան­գութեան հա­մար ար­գի­լեցին անոր ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մի­ջոցաւ կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւննե­րը։ Իսկ Փե­քեր այս սահ­մա­նափա­կու­մը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար սկսած է օգ­տո­ւիլ լրագ­րող Էրք Աճա­րէրի «թո­ւիթըր»եան հա­շիւէն։ Փե­քեր ան­ցեալին շատ ծանր մե­ղադ­րանքներ բե­րած էր Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լո­ւի, Նախ­կին Վար­չա­պետ Պի­նալի Եըլ­տը­րըմի, անոր որդւոյն Էր­քամ Եըլ­տը­րըմի եւ դեռ շա­տերու հաս­ցէին։

Այդ ծանր մե­ղադ­րանքնե­րով հան­դերձ Թուրքիոյ դա­տարան­նե­րը ոչ մէկ հար­ցաքննու­թիւն կա­տարած են պնդումնե­րու հե­տեւան­քով։

Փե­քերի վեր­ջին յայ­տա­րարու­թեան մէջ նիւթ դար­ձած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան Ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լո­ւի անու­նը։ Նիւ­թը նա­խապէս ալ տեղ գտած էր «Ակօս»ի էջե­րուն մէջ, երբ կարգ մը ոս­տի­կանա­պետէր կա­շառք պա­հան­ջած էին Շի­րինօղ­լո­ւէն, անոր ինքնա­շար­ժին ապօ­րէն կեր­պով ան­ձեռնմխե­լու­թիւն տրա­մադ­րե­լուն հա­մար։

Շի­րինօղ­լու այս պա­հան­ջէն տե­ղեակ պա­հած էր Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րը, բայց այս վեր­ջի­նը փո­խանակ պատ­շա­ճը կա­տարե­լու փոր­ձած էր խնդի­րը քօ­ղար­կել։ Այս մա­սին Շի­րինօղ­լու Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րին ուղղեալ նա­մակին մէջ ինքզինք ներ­կա­յացու­ցած էր իբ­րեւ թրքա­հայ հա­մայնքի աշ­խարհա­կան պե­տը ըլ­լա­լով։ Յա­ւելած էր նաեւ թէ որ­դեգրած է Թուրքիոյ Պե­տու­թեան ծա­ռայե­լու առա­քելու­թիւնը։ Նոյ­նիսկ ի գին ամ­բողջ սփիւռքի հա­լածան­քին ժխտած է հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը։ Այս մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րը կը հաս­նին Ալին Օզի­նեանի ստորագ­րած յօ­դուա­ծէն։ Այստեղ պար­տինք նշել որ Շի­րինօղ­լու բա­ւական լա­ւատես եղած է իր դէմ հա­լածան­քը միայն ու միայն սփիւռքա­հայու­թիւնով սահ­մա­նելու խնդրին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ