Էրտողան Նիւ Եորքեան հիասթափութիւնը սփոփեց Սոչիի հանդիպումով

29Սեպտեմ­բեր չո­րաք­շաբթի օր, Սո­չիի մէջ կա­յացաւ Էր­տո­ղան Փու­թին հան­դի­պու­մը։ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի ձա­խողաց Նիւ Եոր­քան այ­ցե­լու­թե­նէն ետք Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան Նա­խագա­հի հետ մէկ­տե­ղու­մը դրա­կան նե­րուժ մը եղաւ։ Կող­մե­րը զրու­ցե­ցին տա­րած­քաշրջա­նի զա­նազան խնդիր­նե­րու շուրջ։ Թուրքիոյ Նա­խագա­հը վեր­ջերս կը նա­խընտրէ մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թի խնդիր­նե­րը լու­ծել գա­գաթ­նա­յին հան­դի­պումնե­րով, այնպէս որ Սո­չիի մէջ ալ գլուխ գլխի հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Փու­թի­նի հետ։ Եր­կու նա­խագահ­ներն ալ իրենց կող­քին ու­նէին թարգմա­նիչ­ներ։ Ինչպէս նա­խապէս ալ հա­ղոր­դո­ւած էր հան­դի­պու­մէն ետք մամ­լոյ ժո­ղով մը տե­ղի չ՚ու­նե­ցաւ։ Նա­խագահ­նե­րը բա­ւարա­րուե­ցան այս հան­դիպման մա­սին դրա­կան պատ­գամներ փո­խանա­կելով։ Փու­թին յայտնեց թէ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ Թուրքիոյ հետ յա­ջող հա­մագոր­ծակցու­թիւն մը կը տա­նին։ Նոյնպէս Էր­տո­ղան ըսաւ թէ պաշ­տօ­նակ­ցին Փու­թի­նի հետ ար­դիւնա­ւէտ տե­սակ­ցութիւն մը ու­նե­նալէ ետք կը բաժ­նո­ւի Սո­չիէն։

Ան­շուշտ այս դրա­կան ար­տա­յայ­տութիւննե­րու ետին, չէ յստա­կացած կարգ մը կա­րեւոր խնդիր­ներ, որոնք առ­կայ են Թուրքիա-Ռու­սաստան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ։ Անա­նոցէմ գլխա­ւորը ըլ­լալ կը թո­ւի Թուրքիոյ զի­նեալ ու­ժե­րու Սու­րիոյ հիւ­սի­սային հա­տուա­ծին մէջ գո­յու­թիւն պա­հելը։ Աւե­լին՝ Ռու­սիոյ Դաշ­նութիւ­նը եւ Թուրքիա ան­ցեալին հա­մաձայ­նած էին Իտ­լիպ տե­ղադ­րո­ւած իս­լամ ահա­բեկիչ­նե­րու զի­նաթափ­ման մա­սին։ Այս հա­մաձայ­նութեան հա­կառակ կեր­պով Թուրքիա ալ աւե­լի զի­նած էր իս­լամ ահա­բեկիչ­նե­րը եւ անոնք որ­պէս զի­նեալ ուժ օգ­տա­գոր­ծած էր Լի­պիոյ եւ Ար­ցա­խի մէջ։ Փո­խանակ այս իրո­ղու­թիւննե­րուն «Սփութնիկ» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւնը կը փո­խան­ցէ հան­դիպման մա­կազին ման­րա­մաս­նութիւննե­րը։ Այսպէս Փու­թին հան­դի­պու­մէն ետք իր պաշ­տօ­նակի­ցը ճա­նապար­հած պա­հուն ոտ­քի վրայ կար­ճա­տեւ զրոյց ու­նե­ցած են։ Էր­տո­ղան Փու­թի­նին հար­ցուցած է պա­տուաս­տումի մա­սին։ Ան ալ պա­տաս­խա­նած է ինք պա­տուաս­տո­ւած է եւ խոր­հուրդ կու տայ որ ամ­րա­ցու­ցիչ վեր­ջին պա­տուաս­տի հա­մար նա­խընտրէ «Սփու­թիկ5» պա­տուաս­տա­նիւ­թը։ «Ես այդ վեր­ջինն ալ ստա­ցած եմ» պա­տաս­խա­նած է Էր­տո­ղան։ 2 ժամ 45 վայրկեան տե­ւող հան­դի­պու­մէն ետք Էր­տո­ղան վե­րադար­ձած է Թուրքիա։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ