Թէեւ բնաւ չեմ տեսած, բայց իմ տունը Աֆղանստան է

ՊԵՐԻԼ ԹՈՓԷՐ

Նախքան «Պապէմոս»ի աշ­խա­տանոց այ­ցե­­­լել այդ հաս­­տա­­­տու­­թեան բաժ­­նա­­­տէրե­­րէն մէ­­կը հան­­դի­­­սացող Իզա­­պել­­լա բա­­ցատ­­րութիւններ կու տայ իմ ծա­­նօթա­­նալիք կա­­նանց մա­­սին։ Իր­­մէ կ՚իմա­­նամ որ իմ բո­­լոր զրու­­ցա­­­կից­­նե­­­րը արա­­բախօս են, հե­­տեւա­­բար միայն մէկ թարգմա­­նիչ բա­­ւարար պի­­տի ըլ­­լայ։ Բայց նա­­խապէս լսած էի որ անոնցմէ մէ­­կը աֆ­­ղան էր։ Այդ պա­­հուն կը մտա­­ծէի թէ ար­­դեօք ան ինչպէ՞ս արա­­բախօս դար­­ձած է։ Իզա­­պել­­լան կար­­ծես թէ գու­­շա­­­կած ըլ­­լար միտ­­քէս ան­­ցածնե­­րը, վրայ բե­­րաւ ըսե­­լով թէ եր­­կար տա­­րիներ ապ­­րած է Սու­­րիա։ Նար­­ճէս շատ լաւ կը տի­­րապե­­տէր նաեւ թրքե­­րէնի։ Նա­­խապէս ծա­­նօթա­­ցած էի աշ­­խա­­­տանո­ցի կի­­ներէն շա­­տերուն հետ։ Հե­­տեւա­­բար անոնց մէջ դիւ­­րաւ զա­­նազա­­նեցի Նար­­ճէս Ամի­­րին։ Իզա­­պել­­լան մեզ ծա­­նօթա­­ցուց եւ իս­­կոյն սկսանք զրոյ­­ցի։ Երբ քիչ մը աւե­­լի մտեր­­մա­­­ցանք հա­­մար­­ձա­­­կեցայ հարցնե­­լու թէ ար­­դեօք ինք «Հա­­զարա» մըն է։ Քիչ մը վա­­րանու­­մով կը հաս­­տա­­­տէ հար­­ցումս եւ վրայ կը բե­­րէ. «Հա­­պա դուն ուրկէ՞ գի­­տես հա­­զարա­­ներու մա­­սին»։ Այդ պա­­հուն դէմ­­քին կը ցո­­լանայ սե­­րունդնե­­րու տե­­ւողու­­թեամբ դրոշ­­մո­­­ւած մտա­­վախու­­թիւնը։

Հա­­զարա­­ները իրենց դա­­ւանան­­քին պատ­­ճա­­­ռաւ Աֆ­­ղանստա­­նի մէջ ընդմիշտ խտրա­­կանու­­թեան են­­թարկո­­ւած խմբակ մը կը կազ­­մեն։ Ներ­­կա­­­յիս Թա­­լիպ­­նե­­­րու բռնու­­թեան ալ ուղղա­­կիօրէն թի­­րախը կը հա­­մարո­­ւին։ Հա­­զարա­­ներու դէմ բռնու­­թեան մեկ­­նա­­­կէտը կը հա­­մարո­­ւի 128 տա­­րիներ առաջ Ապ­­տուլրահ­­ման Խա­­նի օրով այդ ժո­­ղովուրդի զան­­գո­­­ւածա­­յին կո­­տորա­­ծը, որու հե­­տեւան­­քով բնակ­­չութեան 60 տո­­կոսը սպա­­նուած կամ երկրէն աք­­սո­­­րուած է։ Ցե­­ղաս­­պան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը այ­­սօր ալ կը շա­­րու­­նա­­­կուի թա­­լիպ­­նե­­­րուն ձեռ­­քով։ Յա­­րատեւ այս հա­­լածան­­քի հե­­տեւան­­քով հա­­զարա­­ները բո­­լորո­­վին ինքնամ­­փո­­­փուած կեանք մը կը շա­­րու­­նա­­­կեն եւ անոնցմէ շա­­տեր ալ տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին հար­­կադրո­­ւած են լքել իրենց հայ­­րե­­­նի եր­­կի­­­րը։ Նար­­ճէ­­­սի ծնող­­նե­­­րուն ալ ար­­տա­­­գաղ­­թե­­­լու պատ­­մութիւ­­նը այս ըն­­թացքի վառ օրի­­նակ­­նե­­­րէն մէ­­կը կը կազ­­մէ։ Ծնող­­նե­­­րը զատ զատ թո­­ւական­­նե­­­րուն գաղ­­թած են Իրան եւ հոն ծա­­նօթա­­նալով ամուսնա­­ցած։ Սա­­կայն Իրան եւս ապա­­հով վայր մը չէ եղած իրենց հա­­մար եւ Նար­­ճէ­­­սի ծնող­­նե­­­րը շա­­րու­­նա­­­կած են աւե­­լի խա­­ղաղ երկրի մը մէջ բնա­­կելու մի­­ջոց­­նե­­­րը որո­­նել։ Հայ­­րը որ­­պէս զբօ­­սաշրջու­­թեան ու­­ղե­­­ցոյց, կը տի­­րապե­­տէր զա­­նազան լե­­զու­­նե­­­րու եւ առի­­թը ու­­նէր տար­­բեր եր­­կիրներ ճամ­­բորդե­­լու։ Այդպէս ան ծա­­նօթա­­ցաւ Սու­­րիա երկրին հետ եւ հա­­մոզո­­ւեցաւ թէ հոն աւե­­լի լաւ ապա­­գայ մը կրնայ ապա­­հովել իր ըն­­տա­­­նիքին հա­­մար։ Այսպէ­­սով գաղ­­թե­­­ցին Սու­­րիա եւ հա­­մեմա­­տաբար աւե­­լի բա­­րեկե­­ցիկ­­ կեանք մը ու­­նե­­­ցան մին­­չեւ որ ծա­­գեցաւ Սու­­րիոյ կոր­­ծա­­­նարար պա­­տերազ­­մը։ Նախ բա­­ւական պայ­­քա­­­րեցան Սու­­րիա մնա­­լու հա­­մար, բայց երբ բռնու­­թեան ալի­­քը ալ աւե­­լի ծա­­ւալ ստա­­ցաւ ակա­­մայ լքե­­ցին իրենց ապաս­­տա­­­նած եր­­կի­­­րը եւ վե­­րադար­­ձան Իրան։ «Իրան վե­­րադառ­­նա­­­լու որո­­շու­­մը բա­­ւակա­­նին դժուար էր մե­­զի հա­­մար։ Առա­­ջին ան­­գամն է, որ յու­­սադրո­­ւած էինք թէ Սու­­րիոյ մէջ ար­­մատներ պի­­տի թո­­ղենք»։ Այդ շրջա­­նին Նար­­ճէս կի­­սատ թո­­ղած է ու­­սումը։ «Իրան մե­­զի հա­­մար իս­­կա­­­պէս շատ դժո­­ւար էր, մա­­նաւանդ հա­­զարա մը ըլ­­լա­­­լով։ Հա­­զարա ըլ­­լալնուս հա­­մար շատ ծանր աշ­­խա­­­տանքներ յանձն առինք։ Այդ օրե­­րը յի­­շել ան­­գամ չեմ ու­­զեր»։

Իրան առա­­ջին եր­­թալնուն հայ­­րերնին ալ իրենց քո­­վը չէ եղած։ Ազ­­գա­­­կանի մը օգ­­նութեամբ հինգ կա­­նայք ստի­­պուած են ծանր աշ­­խա­­­տանքներ յաղ­­թա­­­հարե­­լու։ Իսկ 2018-ին գաղ­­թի նոր ճամ­­բորդու­­թիւնով մը, նոր յոյ­­սե­­­րով եւ ապօ­­րէն ճամ­­բա­­­ներով եկած են Թուրքիա։ Նոր լե­­զու, նոր մի­­ջավայր եւ գո­­յու­­թիւնը պա­­հելու նոր պայ­­քար մը։

Հե­­տաքրքրա­­կան է սահ­­մա­­­նը անցնե­­լու ոդի­­սակա­­նը։ Թուրք սահ­­մա­­­նապահ­­նե­­­րը աւե­­լի բարեկա­­մական մեր­­ձե­­­ցու­­մով մօ­­տեցած են իրենց։ «Թե­­րեւս խումբի մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը կա­­նայք էին եւ այդ պատ­­ճա­­­ռաւ մե­­զի հան­­դէպ վար­­մունքնինք խիստ չէր եղած։ Մէկ գի­­շեր մնա­­ցինք սահ­­մա­­­նի ոս­­տի­­­կանա­­տան մէջ եւ ապա մեզ տե­­ղադ­­րե­­­ցին ճամ­­բար։ Այդ ժա­­մանակ ան­­շուշտ որ թրքե­­րէն չէինք գի­­տեր եւ այդ ալ ու­­նէր իր դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը։ Մեր պար­­սիկ բա­­րեկամ­­նե­­­րու շիոր­­հիւ աշ­­խա­­­տանք ճա­­րեցինք, բայց ձա­­խողու­­թիւններն ալ միշտ մե­­զի հետ մնա­­ցին։ Հայրս եր­­րորդ յար­­կէն վար ին­­կաւ եւ ստա­­ցած ծանր վի­­րաւո­­րան­­քին պատ­­ճա­­­ռաւ ան­­գամ մըն ալ չի կրցաւ աշ­­խա­­­տիլ։ Տան ապ­­րուստի բե­­ռը մնա­­ցած էր մեր ու­­սե­­­րուն»։

Վեց հո­­գինոց ըն­­տա­­­նիքի բո­­լոր հո­գերը ստանձնած եր­­կու քրոջ պա­­տաս­­խա­­­նատո­ւու­­թիւնը ալ աւե­­լի կը ծան­­րա­­­նայ Քո­­վիտ19-ի հա­­մավա­­րակի հե­­տեւան­­քով։ Այդ հանգրո­­ւանին է որ կը ծա­­նօթա­­նայ Իզա­­պել­­լա­­­յի եւ անոր նա­­խաձեռ­­նութեան հետ։ Իզա­­պել­­լա եւ ըն­­կերնե­­րը գաղ­­թա­­­կան կա­­նանց իրենց տու­­նե­­­րուն մէջ ձեռ­­քի աշ­­խա­­­տանք ապա­­հովե­­լու մտադ­­րութեամբ հիմ­­նած են «Պա­­պէ­­­մոս» ըն­­կե­­­րու­­թիւնը, որ քուրջէ խա­­ղալիք­­ներ կ՚ար­­տադրէ։ Նար­­ճէս ու­­րախ է աշ­­խա­­­տանի մի­­ջավայ­­րէն։ Տար­­բեր ազ­­գութիւննե­­րէ կա­­նանց հետ հա­­մատեղ ար­­տադրու­­թիւնը հա­­ճելի կը թո­­ւի։

Պահ մը նա­­խան­­ձով կը դի­­տեմ Նար­­ճէ­­­սը, որ տար­­բեր չորս լե­­զու­­նե­­­րու կը տի­­րապե­­տէ։ Բայց շու­­տով կը սթա­­փիմ, երբ ան ափ­­սո­­­սանք կը յայտնէ այդ լե­­զու­­նե­­­րու տի­­րապե­­տելու առիթ տո­­ւող զար­­գա­­­ցումնե­­րուն։ «Գաղ­­թե­­­լով սոր­­վե­­­ցայ։ Ան­­շուշտ որ լե­­զուի մը տի­­րապե­­տելը լաւ բան է, բայց գաղ­­թա­­­կանու­­թիւնը շատ դժո­­ւար։ Կեանքս շա­­րու­­նա­­­կելու հա­­մար սոր­­վե­­­ցայ այդ լե­­զու­­նե­­­րը։ Գո­­յու­­թիւնս պա­­հելու հա­­մար։ Հե­­տեւա­­բար այդ լե­­զու­­նե­­­րը գիտ­­նա­­­լը ան­­գամ ցաւ է ին­­ծի հա­­մար»։

Իբ­­րեւ վեր­­ջին հար­­ցում կը դի­­մեմ «Տունդ ո՞ւր է» ըսե­­լով։ Ար­­դէն այս գրու­­թիւնն ալ այդ հար­­ցումին մէ­­ջէն ծա­­գեցաւ։ «Ման­­կութեան տա­­րինե­­րուս բնաւ չէի մտա­­ծեր Աֆղանստա­­նի մա­­սին։ Չէի մտա­­ծեր, քա­­նի որ տե­­սած չէի։ Բայց քա­­նի մեծ­­ցայ գաղ­­թա­­­կանու­­թեան պայ­­մաննե­­րու մէջ տե­­սայ որ ապ­­րած եր­­կիրնե­­րէս ոչ մէ­­կը չ՚ու­­նե­­­ցաւ տան հա­­րազա­­տու­­թիւն։ Երկրի մը ար­­ժէ­­­քը շատ կա­­րեւոր նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի։ Մարդ վեր­­ջա­­­պէս պահ մը կու գայ եւ ձանձրա­­նայ ընդմիշտ գաղ­­թե­­­լէ։ Մարդ գո­­նէ պէտք է մէկ տեղ սկիզբ մը ու­­նե­­­նայ, բայց ոչ տա­­սը տեղ։ Մօրս ըն­­տա­­­նիքը 40 տա­­րի առաջ հա­­զարա­­ներու են­­թարկո­ւած բռնու­­թե­­­նէն ազա­­տուե­­լու յոյ­­սով Իրան ան­­ցաւ։ Մենք Սու­­րիա եկանք, այդտե­­ղէն դար­­ձեալ Իրան։ Հի­­մա Թուրքիա ենք, այս ալ մեր ու­­զած կեան­­քը չէ։ Ար­­դեօք հոս­­կէ դէ­­պի ո՞ւր պի­­տի եր­­թանքի վա­­խը ընդմիշտ մէջս է։

Նար­­ճէ­­­սը կեան­­քի կա­­պող կա­­րեւորագոյն ազ­­դա­­­կը քոյ­­րերն են։ Քոյ­­րե­­­րուն հան­­դէպ ու­­նե­­­ցած հո­­գատա­­րու­­թիւնը։ 2011-ին Սու­­րիայէն ան­­ցած էին Իրան եւ Նար­­ճէս այդ թո­­ւակա­­նէն այս կողմ դպրոց չէ գա­­ցած։ Մննչդեռ յա­­ջող աշա­­կերտ մը եղած էր։ Ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րուն մէջ դպրոց վե­­րադառ­­նա­­­լը երազ մը ան­­գամ չի կրնար ըլ­­լալ։ Նար­­ճէս Ամի­­րի իբ­­րեւ կին կ՚ուզէ երա­­զել եւ դրա­­կան կեան­­քի մը տի­­րանալ։ Ար­­դեօք ե՞րբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ