Նոպելի բժշկական դափնեկիրներ Արտեմ Փաթափութեան եւ Տէյվիտ Ճիւլըս

Նոպելի մրցա­նակ­նե­րու կազ­մա­կեր­պիչ յանձնա­խումբը 4 Հոկ­տեմբե­րին յայ­տա­րարեց այս տա­րուայ բժշկա­գիտա­կան բնա­գաւա­ռի եր­կու դափ­նե­կիր­նե­րը։ Գիտ­նա­կան­նե­րը այս մրցա­նակին ար­ժա­նացան մարմնի ջեր­մութեան, հպու­մի հա­կազ­դող բջիջ­նե­րու յայտնա­բեր­ման հա­մար։ Իրենց այս գիւ­տին շնոր­հիւ կա­րելի պի­տի ըլ­լայ որոշ հի­ւան­դութիւննե­րու բուժման եղա­նակ­նե­րը գտնել եւ ցա­ւազրկիչ մի­ջոց­ներ զար­գացնել։ Ման­րէաբան եւ կեն­սա­բան Ար­տեմ Փա­թափու­թեան ծնած է Պէյ­րութ 1967 թո­ւին։ 1986-ին եկած է Միացեալ նա­հանգներ, ուր ստա­ցած է իր բարձրա­գոյն ու­սումը։ Գա­լիֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րանի Լոս Ան­ճե­լըսի բաժ­նէն ստա­ցած է բջիջ­նե­րու զար­գացման մաս­նա­գէտ կեն­սա­բանի կո­չում։ 1996-ին նոյն հա­մալ­սա­րանի Ար­հեստա­գիտու­թեան հիմ­նարկէն (California Institute of Technology) ստա­ցած է տոք­թո­րի կո­չու­մը։ Ան­դամ է Ամե­րիկա­յի Գի­տու­թիւննե­րու ակա­դեմիոյ եւ այժմ կ՚աշ­խա­տի «Scripps Research» (Սքրիփփց) հիմ­նարկին մէջ։

Ար­տեմ Փա­թափու­թեանի յա­ջողու­թիւնը ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ թրքե­րէն սոց­ցանցե­րու մէջ, ուր բազ­մա­թիւ օգ­տա­տէրեր ափ­սո­սանք կը յայտնեն Էօզ­լեմ Թիւ­րե­ճի եւ Ու­ղուր Շա­հինի ան­տե­սու­մով հայ գիտ­նա­կանին Նո­պել ստա­նալուն հա­մար։ Անոնք հա­մոզո­ւած էին որ թուրք գիտ­նա­կան­նե­րը Քո­վիտ19-ի պա­տուաս­տա­նիւ­թը զար­գացնե­լու առու­մով ար­ժա­նի էին այս տա­րուայ Նո­պելեան մրցա­նակին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ