Տեղի ունեցաւ «Սէրը, ճշմարտութիւնը եւ մենք» գրքի շնորհանդէսը

Սեպտեմ­­բե­­­րի 30-ին Վա­­նաձո­­րի Սուրբ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ ձե­­ռամբ Գու­­գա­­­րաց թե­­մի առաջ­­նորդ գե­­րաշ­­նորհ Տէր Յով­­նան Եպիս­­կո­­­պոս Յա­­կոբեանի, կա­­տարո­­ւեցաւ հո­­գեհանգստի կարգ՝ նո­­ւիրո­­ւած եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ Տէր Սե­­պուհ Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Չուլճեանի յի­­շատա­­կին։

Այ­­նուհե­­տեւ Սուրբ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցի եկե­­ղեց­­ւոյ հան­­դի­­­սու­­թիւննե­­րու սրա­­հին տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ ար­­ձա­­­կագիր Սար­­գիս Գո­­քորեանի հե­­ղինա­­կած՝ Սե­­պուհ Արք. Չուլճեանին նո­­ւիրո­­ւած «Սէ­­րը, ճշմար­­տութիւ­­նը եւ մենք» գրքի շնոր­­հանդէ­­սը։

Արա­­րողու­­թիւննե­­րուն ներ­­կայ էին Շի­­րակի թե­­մի առաջ­­նորդ գե­­րաշ­­նորհ Տէր Մի­­քայէլ Արք. Աջա­­պահեանը, Գու­­գա­­­րաց թե­­մի հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րը, Լո­­ռու մարզպե­­տի տե­­ղակալ Գոռ Աս­­րեանը, Վա­­նաձո­­րի փոխ­­քա­­­ղաքա­­պետ Ար­­ման Բեր­­նե­­­ցեանը, Սե­­պուհ Սրբա­­զանի ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րը, հա­­րազատ­­նե­­­րը, մտե­­րիմ­­նե­­­րը, մտա­­ւորա­­կան­­ներ, դա­­սախօս­­ներ եւ բազ­­մա­­­թիւ հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ։

Օրհնու­­թեան խօս­­քով հան­­դէս եկաւ թե­­մակալ առաջ­­նորդ գե­­րաշ­­նորհ Տէր Յով­­նան Եպս. Յա­­կոբեանը, այ­­նուհե­­տեւ իրենց խօս­­քը ուղղե­­ցին ներ­­կա­­­ներուն Գոռ Աս­­րեանը եւ բա­­նասի­­րական գի­­տու­­թիւննե­­րի դոկ­­տոր, փրո­­ֆէօսոր Գուրգեն Խա­­չատ­­րեանը։ Հան­­դէ­­­սի վեր­­ջա­­­ւորու­­թեան Սար­­գիս Գո­­քորեանը ներ­­կա­­­յացուց գրքի ստեղծման ու­­ղին, բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնը. «Սա մի գիրք է՝ հայ մար­­դու, մտա­­ւորա­­կանի, հո­­գեւո­­րակա­­նի մա­­սին, որը որ հայ հա­­սարա­­կու­­թեանն ու­­նի շատ ասե­­լիք­­ներ, որոնք ամ­­փո­­­փուած են այս գրքում»ըսե­­լով։

Գիր­­քը լոյս տե­­սած է «Տա­­շիր» հիմ­­նադրա­­մի աջակ­­ցութեամբ։

Գիր­­քը վա­­ճառ­­քի են­­թա­­­կայ չէ, այն բաժ­­նո­­­ւեցաւ շնոր­­հանդէ­­սին ներ­­կայ ան­­ձե­­­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ