Մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում Պատրիարքարանի մէջ

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ. քա­ղաքիս հայ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ 28 Հոկ­տեմբեր հինգշաբ­թի օր, հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Պատ­րիար­քա­րանի մէջ։ Պատ­րիարք Սրբա­զանը ժո­ղովի ըն­թացքին իր կող­քին ու­նե­նալով Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ՝ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեանը եւ Յո­վակիմ Աբղ. Սե­րով­բեանը բա­ցատ­րութիւններ փո­խան­ցեց եր­կու օր առաջ դէ­պի Տի­յապե­քիր կա­տարած այ­ցե­լու­թեան մա­սին։

Պատ­րիար­քը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտնեց որ աւարտման շե­մին հա­սած է Ս. Կի­րակոս եկե­ղեց­ւոյ վե­րանո­րոգու­թիւնը եւ հա­ւանա­կան է թէ եկե­ղեց­ւոյ օծու­մը ու բա­ցու­մը կա­տարո­ւի Մա­յիս ամ­սո­ւայ ըն­թացքին։ «Սա­կայն ցա­ւով նշեմ թէ տխուր վի­ճակի մէջ է Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեցին, որուն նո­րոգու­թեան հա­մար կ՚են­թադրո­ւի շուրջ 25 մի­լիոն ԹԼ. ծախս» ըսաւ Պատ­րիարք Հայ­րը։ Սրբա­զան Մա­շալեան ապա տե­ղեկու­թիւն փո­խան­ցեց նաեւ 22 Հոկ­տեմբե­րին Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէն Պուրհան Էր­սո­յի եւ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րի տե­ղակալ Մուհթե­րեմ Ին­ճէի Պատ­րիար­քա­րան տո­ւած այ­ցե­լու­թեան մա­սին։ Այդ այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին Պատ­րիարք Սրբա­զանը օրա­կար­գի բե­րած է հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րու առ­կա­խուած ընտրու­թեան խնդի­րը։ Պատ­րիար­քը նշած է որ ընտրու­թիւննե­րը պէտք է կա­յանան Իս­թանպու­լի երեք շրջան­նե­րու ձեւաչափով։

Հան­դիպման ըն­թացքին մամ­լոյ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը օրա­կար­գի բե­րին զի­րենք բա­ւակա­նին դժո­ւար կա­ցու­թեան մատ­նող խնդիր­նե­րը։ Այդ խնդիր­նե­րէն վեր­ջի­նը հան­դի­սացաւ փոս­թա­յի փո­խանա­կումնե­րու սա­կերուն հնգա­պատիկ սուղնա­լու խնդի­րը։ «Ժա­մանակ» եւ «Մար­մա­րա» թեր­թե­րու անու­նով Արա Գո­չու­նեան եւ Արի Հատ­տէ­լէր մտա­հոգու­թիւն յայտնե­ցին տնտե­սական ճգնա­ժամի դի­մաց իրենց առա­քելու­թիւնը յա­ռաջի­կայ տա­րինե­րուն ալ շա­րու­նա­կելու ուղղու­թիւնով։ «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թեան տնօ­րէն Եդո­ւարդ Տան­ձի­կեան նշեց որ հա­մացան­ցի վրայ լրա­տուու­թիւն կա­տարող «Թե­թԱժան­տա» ըն­կե­րու­թեան մա­հազդնե­րը ձրիօրէն հրա­տարա­կելը ծանր հա­րուած կ՚իջեց­նէ տպա­գիր մա­մու­լին։

«Լոյս Մե­տիա» ըն­կե­րու­թեան սե­փակա­նատէր Արամ Քու­րան առա­ջար­կեց հայ մա­մու­լի միու­թեան մը հիմ­նադրու­թիւնը։ Մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը նաեւ նշե­ցին թէ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րը պէտք է աւե­լի զգա­յուն ըլ­լան մա­մու­լին զօ­րակ­ցե­լու խնդրին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ