Ճաղերու ետին չորս տարի

Համաշխար­հա­յին գետ­նի վրայ հետզհե­տէ անար­դա­րու­թեան զո­հի մը խորհրդան­շա­նը դար­ձած Օս­ման Քա­ւալա չոր­րորդ տա­րին բո­լորեց ճա­ղերու ետին։ Այս առ­թիւ յայ­տա­րարու­թիւն մը կա­տարող Օս­ման Քա­ւալա «Կեան­քիս չորս տա­րին կորսնցնե­լէ եւ ազ­գա­յին խնդիր մը դառ­նա­լէ ետք կը մխի­թարո­ւիմ հա­մոզո­ւելով թէ իմ մատ­նո­ւած անար­դա­րու­թիւնը ար­դա­րադա­տու­թեան խնդիր­նե­րուն հետ առե­րեսո­ւելու առիթ պի­տի ծա­ռայէ»։

Քա­ւալա­յի յայ­տա­րարու­թեան ամ­բողջա­կան պատ­ճէ­նը հե­տեւեալն է. «Եր­կուշաբ­թի օր լրա­ցու­ցած եղայ Սի­լիվ­րիի ար­գե­լանո­ցի մէջ չոր­րորդ տա­րին։ Այս չորս տա­րինե­րու ըն­թացքին բա­ցի ինձմէ խլա­ցուած ազա­տու­թե­նէն, հա­սարա­կու­թեան դի­մաց ներ­կա­յացո­ւեցայ իբ­րեւ մութ ու վատ անձնա­ւորու­թիւն։ Կը յու­սամ թէ այս անար­դա­րու­թեան հետ առե­րեսո­ւելէ ետք դա­տարան ներ­կա­յացող­նե­րը աւե­լի ար­դար վե­րաբե­րում պի­տի տես­նեն»։

ԵՄԻԱ վճռած էր թէ բռնա­բարուած են Քա­ւալա­յի իրա­ւունքնե­րը եւ ան իս­կոյն պէտք է ազատ ար­ձա­կուի։ Ար­դա­րեւ «Կե­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ ֆի­նան­սա­ւորե­լու ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րը ան­հիմն ելած էին եւ դա­տարա­նը ան­պարտ հռչա­կած էր Օս­ման Քա­ւալան։ Սա­կայն Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թեան մի­ջամ­տութեամբ ան­մի­ջապէս շին­ծու լրտե­սու­թեան մե­ղադ­րանքով նոր դատ մը բա­ցուե­լով ար­գելք եղած էին Քա­ւալա­յի բան­տէն դուրս գա­լուն։ Նա­խորդ շաբ­թո­ւան մէջ ԱՄՆ, Գեր­մա­նիա, Ֆրան­սիա, Գա­նատա, Նոր Զել­լանտիա, Պել­կիա, Շո­ւէտ, Հոլ­լանտիա, Տա­նիմարք եւ Ֆիլ­լանտիոյ Թուրքիոյ աւագ դես­պաննե­րը միաս­նա­կան կոչ մը հրա­պարա­կելով պա­հան­ջե­ցին որ Թուրքիա վե­րահաս­տա­տէ օրէն­քի գե­րակա­յու­թիւնը եւ հնա­զան­դի ԵՄԻԱ-ի վճիռ­նե­րուն։

Դես­պաննե­րու այս յայ­տա­րարու­թիւնը շատ բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ստեղ­ծեց նա­խագահ Էր­տո­ղանի եւ իր նա­խարար­նե­րու մօտ։ Գո­յացած ճգնա­ժամը խա­ղաղե­ցաւ ԱՄՆ Արտ. Գործ. Նա­խարա­րու­թեան «թո­ւիթըր»եան գրա­ռու­մով։

Երկրի ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւններն ալ խիս­տօ­րէն կը քննա­դատեն քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու կամ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու պա­տան­դի մը վե­րաբե­րու­մով բան­տարկո­ւելուն դէմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ