Կը վերանորոգուի Կիւփինկենի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին

Պատմական փոր­ձով գի­տենք թէ հայ ժո­ղովուրդի սփիւռքի պայ­մաննե­րու մէջ կազ­մա­կերպման առանցքը եկե­ղեցին եղած է։ Հե­ռաւոր Ասիայէն մին­չեւ նոր աշ­խարհի արեւմտեան հա­տուա­ծը կամ Աւստրա­լիա հայ­կա­կան բո­լոր գաղ­թօ­ճախ­նե­րու առա­ջին նա­խաձեռ­նութիւ­նը եղած է եկե­ղեցա­շինու­թիւնը։ երե­ւոյ­թը տար­բեր չէ նաեւ մեր օրե­րուն։ Ար­դա­րեւ այս շա­բաթ նա­մակ մը ստա­ցանք Կիւ­փինկե­նի հայ հա­մայնքի հո­գեւոր հո­վիւ Տի­րատուր Քա­հանայ Սար­տա­րեանէ։ Տէր Հայ­րը իր նամա­կին մէջ կը տե­ղեկաց­նէ Գեր­մա­նիոյ Պա­տեն- Վիւրթեն­պերկի հայ հա­մայնքի մեկ­նարկած «Հայ­րե­նի Տուն։ Սուրբ Խաչ Եկե­ղեցի- Աղօթ­քի, Շփման ու Մշա­կոյ­թի Վայր» նա­խաձեռ­նութիւ­նը։ Այս նա­խաձեռ­նութեան շնոր­հիւ պի­տի վե­րանո­րոգո­ւի Գեր­մա­նահա­յոց Թե­մի առա­ջին եկե­ղեցին։

Կիւփին­կեն քա­ղաքի Սուրբ Խաչ Եկե­ղեցին ու­նի դա­րերու ան­ցեալով էկու­մե­նիկ պատ­մութիւն մը։ Տա­ճարը ան­ցեալին իբ­րեւ աղօ­թատե­ղի ծա­ռայած է բո­ղոքա­կան­նե­րու, կա­թողի­կէնե­րու, ռու­մի­նացի­ներու եւ հայ քրիս­տո­նեանե­րու։ Այս պատ­մա­կան ան­ցեալով ներ­կա­յիս կը կա­րօտի շտապ վե­րանո­րոգ­ման։ Սոյն վե­րանո­րոգ­ման հա­մար նա­խատե­սուած 320.000 եւ­րո­յի մէկ եր­րորդը ար­դէն ապա­հովո­ւած է պե­տական աջակ­ցութիւ­նով եւ սե­փական խնա­յողու­թիւննե­րով։ Մնա­ցեալ ծախ­սը ապա­հովե­լու Պա­դեն-Վիւրթեմ­պերկի հայ հա­մայնքի վար­չութիւ­նը եւ հո­գեւոր հո­վիւը կը դի­մեն հա­մայնքի ան­դամնե­րուն ու բա­րեկամ­նե­րուն օժան­դա­կու­թեան խնդրան­քով։

1960-ական թո­ւական­նե­րու սկիզ­բին Դաշ­նակցա­յին Գեր­մա­նիոյ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան հետ կնքած աշ­խա­տու­ժի փո­խանակ­ման հա­մաձայ­նութե­նէն ետք Կիւ­փինկեն եկած բա­նուոր­նե­րու մէջ էր նաեւ մի քա­նի տաս­նեակ հայ ըն­տա­նիք։ Անոնք նա­խաձեռ­նե­ցին «Քրիս­տո­նեայ Հայ Միու­թիւն»ի մը հիմ­նադրու­թեան։ Ապա ան կո­չուե­ցաւ «Հայ Առա­քելա­կան Սուրբ Խաչ Եկե­ղեց­ւոյ ծխա­կան հա­մայնք»։ Վար­ձա­կալելէց քա­ղաքի Պար­տենպախ թա­ղամա­սի լքո­ւած հին եկե­ղեցին։ Օր ցե­րեկով գոր­ծա­րան­նե­րու մէջ աշ­խա­տող հայ բա­նուոր­ներ երե­կոյան ալ հա­մատեղ ջան­քե­րով կը վե­րանո­րոգէին եկե­ղեց­ւոյ ներ­քին հա­տուա­ծը, որ­պէսզի այն յար­մա­րուի հայ առա­քելա­կան ծի­սական աւան­դութեան։ Այսպէ­սով գո­յացաւ Դաշ­նակցա­յին Գեր­մա­նիոյ առա­ջին հայ եկե­ղեցին, որուն օծու­մը կա­տարո­ւեցաւ Գիւտ Խա­չի տօ­նին ու վե­րանո­ւանո­ւեցաւ «Սուրբ Խաչ Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեցի»։

1991-ին Հայ­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան Կոն­­­դա­­­­­­­կով հիմ­­­նադրո­­­ւեցաւ Գեր­­­մա­­­­­­­նահա­­­յոց Թե­­­մը, որու առա­­­ջին Առաջ­­­նորդը ընտրո­­­ւեցաւ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ Գա­­­րեգին Ար­­­քեպ. Պէք­­­ճեանը։ Պէք­­­ճեան սրբա­­­զանը մե­­­ծագոյն ջանք ներդրաւ Թե­­­մի կազ­­­մա­­­­­­­կերպման ու կա­յաց­­­ման հա­­­մար։

1996-ի 20 Ապ­­­րի­­­­­­­լին Շտուտկար­­­տի եւ շրջա­­­կայ­­­քի հայ հա­­­մայնքը եւ Կիւ­­­փինկե­­­նի Սուրբ Խաչ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ ծխա­­­կան խոր­­­հուրդը որո­­­շած են միանալ եւ վե­­­րանո­­­ւանո­­­ւել «Պա­­­տեն-Վիւրթեմ­­­պերկի Հայ Հա­­­մայնք» ըլ­­­լա­­­­­­­լով, որուն նստա­­­վայրն է Կիւ­­­փինկե­­­նի Սուրբ Խաչ եկե­­­ղեցին։

Մինչ այդ վար­­­ձա­­­­­­­կալո­­­ւած եկե­­­ղեցին 2018-ին գնո­­­ւած է Պար­­­տենպա­­­խի բո­­­ղոքա­­­կան հա­­­մայնքէն եւ դար­­­ձած է հայ ժո­­­ղովուրդի սե­­­փակա­­­նու­­­թիւն։ Հայր Տի­­­րատուր Քա­­­հանայ Սար­­­դա­­­­­­­րեան կը նշէ թէ այս սրբա­­­զան առա­­­քելու­­­թեան աջակ­­­ցիլ ու­­­զողնե­­­րը կրնան կապ հաս­­­տա­­­­­­­տել հա­­­մայնքի վար­­­չութեան կամ հո­գեւոր հո­­­վիւին հետ https://agbw.org/heimat-schaffen/ կայ­­­քէ­­­­­­­ջի մի­­­ջոցով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ