Գրաբանական՝ եթովպական այբուբենի ծագման մասին

«Ակօս»ի նախորդ թիւերուն մէջ Թարգմանչաց Տօնի առթիւ արտատպած էինք հայերէնի անուանի լեզուաբան Արմենակ Եղիայեանի հայոց գիրերու գիւտի վերաբերեալ շահեկան յօդուածը։ Այս շաբաթ նոյն հետաքրքրութեամբ կը հրատարակենք իր Եդովպական այբուբենի ծագման վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնը։

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

Բա­րեմիտ ըն­­թերցող մը կը գրէ, որ «ինք կը կար­­­ծէր, թէ եթով­­­պա­­­­­­­կան տա­­­ռերը հայ­­­կա­­­­­­­կանէն առ­­­նո­­­­­­­ւած են, նոյ­­­նիսկ լսած է, որ Մես­­­րոպ Մաշ­­­տոց մին­­­չեւ Եթով­­­պիա գա­­­ցած է եւ այնտեղ այ­­­բուբեն հնա­­­րած է Եթով­­­պիոյ հա­­­մար»։

Այս «ազ­­­նիւ» են­­­թադրու­­­թիւննե­­­րը բո­­­լորը ի չիք կը դառ­­­նան, եթէ ի մտի ու­­­նե­­­­­­­նանք, որ եթով­­­պա­­­­­­­ցինե­­­րը մեզ­­­մէ գո­­­նէ 50 տա­­­րի առաջ ար­­­դէն ու­­­նէին իրենց այ­­­բուբե­­­նը,– երբ տա­­­կաւին Մես­­­րոպ ծնած չէր,– որ Գէեզն էր, եւ ոչ միայն այս, այ­­­լեւ կայ աւե­­­լին, որուն մա­­­սին կը պատ­­­մեմ ստո­­­րեւ։

Հե­­­քիաթի մը չափ հե­­­տաքրքրա­­­կան են այս բո­­­լորը, ու­­­րեմն հե­­­տեւինք։

***

320-ական թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն եր­­­կու ասո­­­րի աբե­­­ղաներ՝ Եդե­­­սիոս եւ Փրու­­­մենտիոս, Փիւ­­­նի­­­­­­­կէի ծո­­­վեզե­­­րեայ Բիբ­­­լոս (այժմու Ժի­­­պեյլ) քա­­­ղաքէն նաւ կը նստին ու կ՚ուղղղուին դէ­­­պի հա­­­րաւ։ Աղ­­­բիւրներս չեն լու­­­սա­­­­­­­բաներ, թէ ի՚նչ նպա­­­տակով եւ դէ­­­պի ո՚ւր կ՚ուղղո­­­ւէին անոնք։ Հաս­­­նե­­­­­­­լով Աղեք­­­սանդրիոյ բա­­­ցերը, անոնք կ՚են­­­թարկո­­­ւին նա­­­ւաբե­­­կու­­­մի։ Այ­­­նուհե­­­տեւ շնչա­­­հեղձ եւ ու­­­շագնաց կը փռո­­­ւին ծո­­­վափին։

Ազ­­­նիւ մար­­­դիկ կ՚օգ­­­նեն, եւ ի վեր­­­ջոյ անոնք ապաս­­­տան կը գտնեն օրո­­­ւան յոյն պատ­­­րիար­­­քին՝ մե­­­ծահռչակ Աթա­­­նասին քով։ Այս եպիս­­­կո­­­­­­­պոսը ատեն մը կը պատսպա­­­րէ զա­­­նոնք, ապա քա­­­րոզե­­­լու կը գոր­­­ծուղէ դէ­­­պի Եթով­­­պիա։ Են­­­թադրե­­­լի է, որ անոնք ար­­­դէն ինչ-որ քա­­­րոզ­­­չա­­­­­­­կան նպա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րով ալ ճամ­­­բայ ելեր էին, որով­­­հե­­­­­­­տեւ այդ դա­­­րերուն ասո­­­րինե­­­րը բռնո­­­ւեր էին քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թիւնը քա­­­րոզե­­­լու տեն­­­դէն, եւ այս մտա­­­սեւե­­­ռու­­­մը ասո­­­րի քա­­­րոզիչ­­­նե­­­­­­­րը հաս­­­ցուցած էր մին­­­չեւ Չի­­­նաս­­­տաննե­­­րը, Իս­­­լանտա­­­ներն ու Ափ­­­րի­­­­­­­կէնե­­­րը շատ ու շատ աւե­­­լի առաջ, քան կա­­­թողի­­­կէ ու աւե­­­տարա­­­նական մի­­­սիոնար­­­նե­­­­­­­րը։

Եդե­­­սիոս եւ Փրու­­­մենտիոս կը հաս­­­նին Եթով­­­պիա եւ կը յա­­­ջողին թա­­­փան­­­ցել մին­­­չեւ ար­­­քունի­­­քը, ուր քա­­­նի մը տա­­­րի անց՝ կը յա­­­ջողին դար­­­ձի բե­­­րել օրո­­­ւան կայսրը՝ Էզա­­­նան։

Այ­­­նուհե­­­­սեւ Էզա­­­­նայ իր բո­­­­լոր մի­­­­ջոց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ի սպաս կը դնէ, որ այդ եր­­­­կու աբե­­­­ղանե­­­­րը նոր հա­­­­ւատ­­­­քը խա­­­­ղաղօ­­­­րէն քա­­­­րոզեն իր երկրի տա­­­­րած­­­­քին՝ առանց բռնու­­­­թեան։

Ճիշդ չենք գի­­­­տեր, թէ Եդե­­­­սիոս եւ Փրու­­­­մենդիոս մին­­­­չեւ երբ մնա­­­­ցին ու քա­­­­րոզե­­­­ցին այնտեղ, սա­­­­կայն վկա­­­­յուած է, որ ասո­­­­րի քա­­­­րոզիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը այ­­­­նուհե­­­­տեւ ամ­­­բողջ դար մը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցին իրենց եր­­­թե­­­­­­­ւեկը Եթով­­­պիոյ տա­­­րած­­­քին ու քա­­­րոզե­­­ցին, որով­­­հե­­­­­­­տեւ Եթով­­­պիա շատ ըն­­­դարձակ եր­­­կիր է, եւ հա­­­ւատա­­­փոխու­­­թիւնը ճի­­­գի կը կա­­­րօտի։

Եւ ինչպէս աւե­­­լի ուշ պա­­­տահե­­­ցաւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ, Եթով­­­պիոյ մէջ եւս շու­­­տով պա­­­հանջ կը ներ­­­կա­­­­­­­յանայ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչն ու այլ հո­­­գեւոր գիր­­­քեր դնել քա­­­րոզիչ­­­նե­­­­­­­րուն ու ժո­­­ղովուրդին տրա­­­մադ­­­րութեան տակ։

Ահա այս կա­­­րիքէն մղո­­­ւած՝ եթով­­­պա­­­­­­­ցի բա­­­րենո­­­րոգիչ­­­ներ, Փրու­­­մենտիոսի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ, ձեռ­­­նարկե­­­ցին նախ այ­­­բուբեն մը հնա­­­րելու եւ ապա Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչը թարգմա­­­նելու աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին։ Այ­­­բուբե­­­նը Գէեզն էր, որուն ձե­­­ւաւո­­­րումն ու Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի թարգմա­­­նու­­­թիւնը ի կա­­­տար ածո­­­ւեցան հա­­­ւանա­­­բար մին­­­չեւ 350 թո­­­ւակա­­­նը։

Արդ, ճիշդ ի՞նչ էր այդ «Գէեզ» ըսուած այ­­­բուբե­­­նը, որուն աս­­­կէ առաջ ալ ծա­­­նօթա­­­ցած են ըն­­­թերցող­­­ներս 2 հոկ­­­տեմբե­­­րի առա­­­քու­­­մովս եւ որուն նկա­­­րը կը գտնէք ստո­­­րեւ եւս։

***

Այս հար­­­ցին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նելու հա­­­մար մենք պի­­­տի ստի­­­պուինք ակ­­­նարկել Եթով­­­պա­­­­­­­ցինե­­­րու ծա­­­գու­­­մին։

Արա­­­բական թե­­­րակղզիի ծայ­­­րա­­­­­­­գոյն հա­­­րաւը ան­­­յի­­­­­­­շելի ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րէ ի վեր գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցած է թա­­­գաւո­­­րու­­­թիւն մը, որ կը կո­­­չուէր Սա­­­բա եւ կը գրա­­­ւէր մօ­­­տաւորապէս ար­­­դի Եմե­­­նի տա­­­րած­­­քը։ Այս թա­­­գաւո­­­րու­­­թեան ակ­­­նարկո­­­ւած է Աս­­­տուածա­­­շունչին մէջ եւս՝ անոր մէկ թա­­­գու­­­հիին առ­­­թիւ, որ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան կու գայ Սո­­­ղոմոն Իմաս­­­տունին քով, եր­­­կար կը հիւ­­­րա­­­­­­­սիրուի ան­­­կէ եւ վե­­­րադար­­­ձէն ինը ամիս ետք ծնունդ կու տայ Մե­­­նելի­­­քին, որ հե­­­տագա­­­յին պի­­­տի ճանչցո­­­ւէր իբ­­­րեւ սա­­­բացի­­­ներու նա­­­հապե­­­տը։

Այս թա­­­գաւո­­­րու­­­թեան մէջ կը կի­­­րար­­­կո­­­ւէր այ­­­բուբեն մը, որ գրա­­­բանու­­­թեան պատ­­­մութեան մէջ ծա­­­նօթ է Հա­­­րաւ-արա­­­բական (South-arabian) անու­­­նով։ Ան ու­­­նե­­­­­­­ցած է 29 բա­­­ղաձայն եւ անոր հնու­­­թիւնը կը հաս­­­նի մին­­­չեւ 1700-ական­­­նե­­­­­­­րը ՔԱ.։ Գրա­­­բանու­­­թեան այ­­­սօր ծա­­­նօթ են այս այ­­­բուբե­­­նով քան­­­դա­­­­­­­կուած ան­­­հա­­­­­­­մար ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րութիւններ՝ թէ՚ նախ­­­կին Սա­­­բայի մէջ, թէ՚ Եթով­­­պիոյ մէջ։

ՔԱ. 500 թո­­­ւակա­­­նէն սկսեալ եւ հա­­­ւանա­­­բար երաշ­­­տի պատ­­­ճա­­­­­­­ռով՝ տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ գաղ­­­թա­­­­­­­կանա­­­կան տեն­­­դա­­­­­­­գին շար­­­ժում մը Սա­­­բայէն դէ­­­պի Ափ­­­րի­­­­­­­կէ. այս եր­­­կուքը իրար­­­մէ բաժ­­­նո­­­­­­­ւած են Բաբ էլ Մեն­­­դե­­­­­­­բի շատ նեղ ջրանցքով։ Գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը կը հաս­­­տա­­­­­­­տուին Եթով­­­պիոյ կա­­­նաչա­­­զարդ ու ջրար­­­բի դաշ­­­տա­­­­­­­գետին­­­նե­­­­­­­րուն ու հո­­­վասուն լեռ­­­նե­­­­­­­րու կո­­­ղերուն վրայ, այնտեղ կը հիմ­­­նեն Աք­­­սում կո­­­չուած քա­­­ղաքը, եւ հետզհե­­­տէ բազ­­­մա­­­­­­­նալով ու զօ­­­րանա­­­լով՝ կը յա­­­ջողին տի­­­րանալ ամ­­­բողջ երկրին, այ­­­լեւ ան­­­կէ ան­­­դին ալ՝ հիմ­­­նել կո­­­կիկ կայսրու­­­թիւն մը։

Ու­­­րեմն սա­­­բացիք ան­­­շուշտ իրենց հետ տա­­­րին նաեւ իրենց այ­­­բուբե­­­նը ու զայն ի կիր ար­­­կա­­­­­­­նեցին իրենց կա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար մին­­­չեւ քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թեան յա­­­րու­­­մը, երբ հարկ ներ­­­կա­­­­­­­յացաւ նոր այ­­­բուբեն մը հնա­­­րելու։ Ին­­­չո՞ւ։

Որով­­­հե­­­­­­­տեւ իրենց ու­­­նե­­­­­­­ցած հա­­­րաւ-արա­­­բակա­­­նը չէր յար­­­մա­­­­­­­րեր ձե­­­ռագիր կի­­­րար­­­կութեան, անոր տա­­­ռերը շատ ան­­­կիւնա­­­ւոր էին եւ յղա­­­ցուած էին մաս­­­նա­­­­­­­ւորա­­­բար վի­­­մագիր ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րութեան հա­­­մար։ Եւ անոնք լծո­­­ւեցան այս այ­­­բուբե­­­նի բա­­­րեշրջու­­­թեան։

Նախ ան­­­կէ դուրս ձգե­­­ցին հինգ տա­­­ռեր, որոնց նշած հնչիւննե­­­րը այ­­­լեւս գո­­­յու­­­թիւն չու­­­նէին այն օրե­­­րու եթով­­­պե­­­­­­­րէնի մէջ, մնա­­­ցածին վրայ աւել­­­ցուցին եր­­­կու ու­­­րիշներ, որոնք կը նշէին նոր հնչիւններ, եւ ստա­­­ցուե­­­ցան Գէեզի 24+2=26 տա­­­ռերը՝ բո­­­լորը բա­­­ղաձայն։

Եթէ բաղ­­­դա­­­­­­­տէք եր­­­կու այ­­­բուբեն­­­նե­­­­­­­րը, դիւ­­­րաւ պի­­­տի նկա­­­տէք վեր­­­ջի­­­­­­­նին ոլորքնե­­­րը, որոնք կը ձե­­­ւաց­­­նեն իս­­­կա­­­­­­­կան բո­­­լոր­­­գի­­­­­­­րեր, բո­­­լորո­­­վին յար եւ նման մես­­­րո­­­­­­­պեան հե­­­տագայ տա­­­ռերուն եւ շատ յար­­­մար են ձե­­­ռագիր կի­­­րար­­­կութեան։

Ահա այսպէս է, որ ծնունդ առաւ եթով­­­պա­­­­­­­կան այն այ­­­բուբե­­­նը, որուն մեր Մես­­­րո­­­­­­­պը հան­­­դի­­­­­­­պած պէտք է ըլ­­­լայ Եդե­­­սիոյ մա­­­տենա­­­դարա­­­նին մէջ, ուր կը վխտա­­­յին անոր օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը շնոր­­­հիւ Եթով­­­պիա եր­­­թե­­­­­­­ւեկող քա­­­րոզիչ­­­նե­­­­­­­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ