Պատրիարք Հայրը Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքին Արագ Ապաքինում Մաղթեց

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, 25 Հոկ­տեմբեր 2021, Եր­կուշաբ­թի, Ա.Մ.Ն.ու Յու­նաց Ար­քե­պիս­կո­պոս Փրօֆ. Տքթ. Էլ­փի­տոֆո­րոս Սրբա­զանի հետ գրա­ւոր կապ հաս­տա­տեց եւ Ն.Ս.Տ.Տ. Յու­նաց Պար­թո­լոմէոս Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քին արագ ապա­քինում մաղ­թեց։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը մաղ­թեց, որ ան շու­տա­փոյթ առող­ջութեան ար­ժա­նանայ եւ շա­րու­նա­կէ իր պաշ­տօ­նը։ Այս առ­թիւ, մեր Հո­գեւոր Պե­տը յայտնեց, թէ աղօ­թող է իր հո­գեւոր եղ­բօ­րը՝ Պար­թո­լոմէոս Պատ­րիար­քին առող­ջութեան եւ արեւ­շա­տու­թեան հա­մար։

Յի­շեց­նենք, թէ Պար­թո­լոմէոս Պատ­րիարք Ա.Մ.Ն.ու իր կե­ցու­թեան օրե­րուն ան­հանգստա­նալով Ուա­շինկթը­նի մէջ հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րո­ւած էր։ Սրբազան Պատրիարքը կիրակի առաւօտուայ ժամերուն վերադարձաւ իր աթոռը եւ իսկոյն ձեռնարկեց աշխատանքային օրուայ գործունէութիւններուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ