Պրիտանիոյ Համայնքներու Տունը առաջին ընթերցումով ընդունեց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը. Երկրորդ Ընթերցումը՝ 18 Մարտին

Պրի­տանիոյ խորհրդա­րանի Հա­մայնքնե­րու տու­նը առա­ջին ըն­թերցու­մով ըն­դունած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչցող բա­նաձե­ւը. Այս մա­սին իր դի­մատետ­րեան էջին վրայ յայտնեց Պրի­տանիոյ Հայ դա­տի յանձնա­խումբը։

«Այ­սօր պատ­մա­կան օր է Հայ դա­տի հա­մար. Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին օրի­նագի­ծի առա­ջին ըն­թերցու­մը ան­ցած է առանց առար­կութիւննե­րու։

Յա­ջորդ ըն­թերցու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 18 Մար­տի 2022-ին. Շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնենք Թիմ Լաֆ­թը­նին եւ բո­լոր հո­վանա­ւոր­նե­րուն. այս յա­ջողու­թեան հա­մար», յայտնեց ՀՅԴ Պրի­տանիոյ Հայ դա­տի յանձնա­խումբը.

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ